կարևոր
3220 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-27 17:52
Քաղաքական

Խենթերն Են Գտնում Հնար…

Խենթերն Են Գտնում Հնար…

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

28 Մայիս 1918-ին, վեց դարու ստրկութենէ ետք, երբ ելք ու ճար չէր մնացած, խենթերը գտան հնար:

Հայաստանը, իր ժողովուրդով ու խիզախ ղեկավարութեամբ, Սարդարապատով կերտեց անկախութիւն, եւ Հայաստանը դարձաւ անկախ:

Այդ թուականներուն մեր ժողովուրդը շրջապատող պայմանները` Ցեղասպանութենէն երեք տարի չանցած, միայն մահուան, աւերի, առանձնութեան ու պարտութեան պայմաններն էին:

Բայց չէր կոտրուած կամքը:

Չէր քանդուած ազգային արժանապատուութիւնը:

Չէր աղաւաղուած հայ մարդուն մարտունակութիւնը:

Արամ, Դրօ, Նազարբէկեան` հայրենիք փրկելու, ժողովուրդ փրկելու, արեամբ շաղախուած հողը հայկական պահելու, հազարաւոր նահատակներու կտակը իրականացնելու սրբազան գիտակցութեամբ, նետուեցան կռիւի դաշտ ու յաղթեցին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ` փոխելով մեզի պարտադրուած աշխարհաքաղաքական պայմանները, եւ յարութիւն տուին ոչնչացման տարուող Հայաստանին ու հայութեան:

Անհատ ու ես չկային հոն:

Հոն էին բոլո՛րը` գիւղացին, մտաւորականը, զինուորն ու ֆետային, հոգեւորականն ու գիտնականը, տարեցն ու երիտասարդը, այր ու կինը:

Զիրենք միացնողը քաղաքական հայեացքները չէին, գաղափարական ուղղուածութիւնները չէին, օտարին տուրք տալու ամլութիւնը չէր, իշխանատենչութիւնը չէր, ժողովրդահաճոյ կեցուածքները չէին եւ ոչ ալ` տնտեսական բարեյուսութիւնը:

28 Մայիս 1918-ին անկախութիւն կերտուեցաւ, որովհետեւ հայ մարդը իր գոյութեան դէմ վտանգը տեսաւ, զէնք բարձրացուց, կռուեցաւ, որոշեց պարտութեան մատնել թուրքը, որոշեց յաղթել եւ ՅԱՂԹԵՑ:

Ռուբէն, Քեռի, Անդրանիկ, Նժդեհ եւ իրենց նման հայ ժողովուրդի իրաւունքի ուժին հաւատացող ազատամարտիկներ սին խոստումներով չառաջնորդուեցան, այլ Հայաստանը հայացուցին, հայրենիքին անկախութիւն տուին եւ հաստատեցին Հայաստանի առաջին անկախութիւնը, անկախ պետութիւնը իր բոլոր նախադրեալներով:

Այդ անկախ պետութիւնը հիմը եղաւ 28 Մայիս 1918-էն ետք Հայաստան կոչուած պետութեան ու իրերայաջորդ վարչակարգերուն:

28 Մայիս 2023, 105 տարի ետք, պատմութեան դասերը չեն իւրացուած`

Յանձնուած է Արցախը,

Պարտութեան առաջնորդուած են

Հայաստանն ու հայութիւնը:

Պարտուած իշխանութիւն մը խաղաղութիւն եւ տնտեսական բարգաւաճում կը խոստանայ իր ժողովուրդին` հողային զիջումներ եւ քաղաքական լարախաղացութիւն կատարելով:

Արցախը Ազրպէյճանին վաճառող, Մասիսը հայու հեռանկարէն դուրս տեսնող, բազմահազար նահատակներու արիւնը ծաղկեպսակով մը միայն արժեւորող, մեզ շահագործող պետութիւններուն դիմաց խաղալիք դարձող, ժողովրդավարութիւնը, խորհրդարանն ու պետական կառոյցները թատրոնի վերածող անուղղայ, ձախող դերասաններով իշխանութիւններու դէմ յանդիման ենք այսօր:

Անցնող տարիներու անընդունելի փտածութեան դէմ պայքարելու կարգախօսով իշխանութեան հասած իշխանաւորներ կը խաբեն ժողովուրդը (եւ կը խաբուի ժողովուրդը երեխայի նման…)` յանձնելով Արցախը, քանդելով Հայաստանի ամբողջականութիւնը, վտանգելով Հայաստանն ու հայութիւնը:

Աճպարարութիւնը, սակայն, երկար չի կրնար տեւել:

Պատմութիւնն ու ժողովուրդին բնազդը չեն արտօներ յաջորդական պարտութիւններ:

28 Մայիս 1918-ին անկարելին դարձաւ կարելի:

Դարձեալ անկարելին պիտի դառնայ կարելի:

Պէ՛տք է դառնայ կարելի:

Այլ ելք չկա՛յ:

Պարտաւո՛ր ենք Հայաստանին ու Արցախին, համայն հայութեան վերադարձնել արժանապատուութիւնը:

Եւ անկարելիին դիմաց`

«Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար…»

Ու խենթերը պիտի գան անպայմա՛ն:

aztagdaily.com