կարևոր
2257 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-03-31 17:39
Քաղաքական

Կոյր բթացումը սահման ունի՞…

Կոյր բթացումը սահման ունի՞…

Կար ժամանակ, երբ Հայաստան-Արցախի դէմ ազերիական թշնամանքներն ու յարձակողական քայլերը, թափանցում-գրաւումները պարբերական կշռոյթ ունէին. հիմա, արդէն կը տեսնենք, որ անոնք ստացած են «օրը նոր՝ թշնամանքՆԵՐը նոր» յաճախակիութիւն: Այս ընթացքին դիմաց, հայրենի մեր ժողովուրդԻՆ «իշխանապաշտպան» զանգուածը ինկած է ահաւոր կուրութեան մէջ, որ բթացումի տարած է ուղեղները: Դէպքերը կը դիտուին այնպիսի դիրքերէ, որ կարծէք թէ անոնք տեղի կ’ունենան մեզի հետ կապ չունեցող երկրամասերու մէջ, Ափրիկէի, Հարաւային Ամերիկայի կամ բեւեռներէն մէկուն մէջ (այլ հարց, թէ աշխարհի որեւէ մէկ շրջանի իրադարձութիւնը անպայման որ պէտք է գրաւէ մեր ուշադրութիւնը, օրինակի համար… իսրայէլեան ոճրագործ իշխանութիւններուն կողմէ պաղեստինցիներու ջարդը, Ուքրանիոյ կործանումը եւ այլ ահաւոր զարգացումներ):

Նորագոյն «աւետիս»ը հասաւ Հինգշաբթի, 30 Մարտին, երբ հաղորդուեցաւ, որ ազերիական ուժերը նոր յառաջխաղացք արձանագրեր են Գորիս-Ստեփանակերտ առանցքային ճամբուն վրայ, հասեր են Տեղ, նոր դիրքեր գրաւեր են (եւ Ալիեւ շատո՜նց յանկերգի վերածած է թէ գրաւած դիրքերէն ետդարձ պիտի չկատարէ, այլ պիտի ամրանայ հոն): Հետեւանքը այն է, որ Գորիսէն դէպի Ստեփանակերտ երկարող ճամբան, որ արդէն իսկ փակ է մօտաւորապէս 110 օրէ ի վեր, վերաբացուելու հնարաւորութիւնը վերջնականապէս եւ պաշտօնապէս կորսնցուցած է, ուրեմն, Հայաստանէն Ստեփանակերտ գացողը պէտք է շատ աւելի երկար ոլորաններէ անցնի:

Հայաստանի վարչապետը այս իրադարձութիւնը ներկայացուց իբրեւ բնական, սպասելի՜ քայլ, բացատրելով, որ այս դասաւորումին մասին Ազրպէյճանի եւ Արցախի իշխանութիւնները ամիսներ առաջ համաձայնութիւն գոյացուցած էին, ուրեմն, «պէտք չկայ աղմուկ բարձրացնելու»…

Կը ծագին անխուսափելի հարցումներ: Այդ ե՞րբ, ո՞ւր եւ ճիշդ որո՞ւն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է այս նոր ճամբու ծրագիրին մասին եւ արդեօք ինչո՞ւ մինչեւ վերջին վայրկեանը ոչինչ ըսուած էր այդ գծով: Սա չի՞ նշանակեր, որ «Ազրպէյճանը Արցախի դէմ նոր ցեղասպանութիւն կը պատրաստէ» յայտարարողները՝ Փաշինեան, արցախցի Արայիկ եւ գործակիցներ, խորքին մէջ, վարագոյին ետին յամառօրէն կը շարունակեն Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութեան հասցնող դաւադիր վարքագիծը: Ազերիական այս նոր յառաջխաղացքը յաւելեալ որքա՞ն հողի զիջում կը նշանակէ:

Բնականաբար նաեւ՝ ո՞վ պիտի երաշխաւորէ, որ ազերիական ուժերը վաղը այլ յառաջխաղացքներ պիտի չկատարեն եւ հանրութիւնն ալ պիտի իմանայ, որ ատիկա կ’ըլլայ (գաղտագողի) համաձայնութիւններու ճամբով:

Եթէ պահիկ մը հետեւինք այս իշխանաւորներու տրամաբանութեան եւ Արցախը տեսնենք մեր մայր հայրենիքէն անջատ տարածք, ի՞նչ պիտի ըլլան բացատրութիւնները, երբ յաջորդ փուլին՝ ազերիական ուժեր յառաջխաղացքներ արձանագրեն մէկ կողմէ՝ Նախիջեւանէն, միւս կողմէ՝ Արցախէն ու նոյնինքն Հայաստանէն խլուած տարածքներէ (Սեւ լիճ, Ջերմուկի բարձունքներ, Սոթք…):

Մեր ժողովուրդին կուրութիւնը, ուղեղներու բթացումը սահման ունի՞: Որքա՞ն, մինչեւ ո՞ւր կարելի է հանդուրժել, որ «ժողովուրդին կողմէ ընտրեալ» իշխանութիւնը ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ եւ առանց զինեալ ու քաղաքական-դիւանագիտական հակադարձութեան՝ պատառ-պատառ կորուստի մատնէ մեր հայրենիքը, շարունակէ յանցանքի բաշխում կատարել՝ նշաւակ դարձնելով մէյ մը «նախկիններ»ը, ուրիշ օր մը՝ ռուս խաղապահները, վաղը նաեւ… եւրոպացի դէտերն ու (շղթան դո՛ւն շարունակէ, ընթերցողս):

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

30 Մարտ 2023