կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-03-28 10:30
Քաղաքական

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի յայտարարութիւնը

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի յայտարարութիւնը

Մարտ 24-ին Ազրպէյճանի բանակը խախտելով զինադադարի պայմանաւորութիւնը, ներխուժած է Արցախի Հանրապետութեան Ասկերան շրջանի Փառուխ գիւղը։ Ազերիները նաեւ յարձակած են Խրամորթ բնակավայրի ուղղութեամբ։

Ներխուժած ազրպէյճանական ստորաբաժանումները կրակ բանալով Պաշտպանութեան բանակի յենակետերու ուղղութեամբ, ծայրաստիճան վտանգաւոր իրավիճակ ստեղծած են։ Պայման է, որ ազերպէյճանական ստորաբաժանումները անյապաղ դուրս բերել վերոյիշեալ շրջանէն, եւ ՌԴ խաղապահ զօրքերը խաղաղութիւնը անահովեն շրջանին մէջ։

Ազէրիներուն սադրանքները շարունակութինն են վերջին շրջանին Ազրպյէճանի իշխանություններու նախաձեռնած ահաբեկչական արշաւին, որը կարտայտուի խաղաղ բնակչութեան վրայ հոգեբանական ճնշումներու գործադրութամբ, կրակի դադարեցման ռեժիմի պարբերական խախտումներով և Արցախը սնուցող միակ գազատարի խափանմամբ, ստեղծելով մարդասիրական ծանր իրավիճակ, վերջնական նպատակ ունենալով Արցախի հայաթափումը։

Ազրպէյճանի լկտի պահուածքը եւ սանձազերցած դաժան քաղաքականութիւնը պէտք է արժանանայ միջազգային հանրութեան ամենախիստ գնահատականին։ Անտարբերութիւնը կարող է աւելի սարսափելի հետեւանքներ ունենալ, եւ քաջալերէ, որ թշնամին նոր սպառնալիքներ հնչեցնէ։

Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ ամուր կանգնիլ իր հողին վրայ։ Արցախը հայկական աշխարհի անբաժանելի մասն է, որու հետ կապուած ենք արեամբ, հոգիով ու սրտով, մշակոյթով ու պատմութեամբ։

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը, դատապարտելով Ազրպէյճանի սադրանքները Արցախի Հանրապետութեան ուղղութեամբ, յառաջիկայ օրերուն պիտի դիմէ օտար պետութիւններու դեսպաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, մատնացոյց ընելու Ազրպէյճանի ոտնձգութիւնները, պահանջելով, որ միջամտեն կասեցնելու թշնամիին անընդմեջ սադրանքները։

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբ
27.03.2022