Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երեւան-Անգարա եւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու գործընթացները կ’ընթանան զուգահեռ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախ նախարարի տեղակալով, ապա պաշտօնական յայտարարութեամբ հաստատեց, որ Մոսկուայի մէջ սկսած երկխօսութիւնը պիտի ընթանայ առանց նախապայմաններու: Հանդիպումէն ետք պաշտօնական լրահոսը ընդգծեց, որ կողմերը համաձայնած են առանց նախապայմաններու շարունակել երկխօսութիւնը:
Նախաբանակցային այս փուլի նախաշեմին գոյացաւ համաձայնութիւն Հայաստան-Թուրքիա թռիչքներ իրականացնելու: Թէ՛ թրքական եւ թէ՛ հայկական օդանաւային ընկերութիւնները փոխադարձաբար դիմած են եւ արտօնութիւն ստացած թռիչքներ իրականացնելու: Մինչ այդ, Հայաստան բացած էր իր օդային տարածքը ազրպէյճանական թռիչքներուն:
Երկրորդ ծրագիրը կեդրոնացած է երկաթուղիի վրայ: Խօսքը մէկ կողմէ Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի, միւս կողմէ Մեղրիի եւ Երասխ-Ազրպէյճանի սահման հատուածներու վերականգնման կը վերաբերի, որուն համար արդէն նշանակուած է աշխատանքային խումբ:
Երկու օրինակներն ալ կը յուշեն, որ գործընթացները կ՛ընթանան փոխկապակցուած շղթայով` հայ-ազրպէյճանական եւ հայ-թրքական ուղղութիւններու վրայ: Հայաստան կը բանայ օդային տարածքը Պաքուի առջեւ, Անգարան կը վերսկսի դէպի Երեւան թռիչքներուն: Երեւանը աշխատանքային խումբ կը նշանակէ դէպի Ազրպէյճան երկաթուղիները գործարկելու նպատակով, Թուրքիան օրակարգ կը բերէ Գիւմրին Կարսին կապող երկաթուղիի ծրագիրը:
Ըստ էութեան 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտի իրականացման գործողութիւններու նախապատրաստութիւնն է, որ տեղի կ’ունենայգ եւ յայտնաբար այնտեղ արդէն կայ Մոսկուա-Անգարա որոշակի համաձայնութիւն` ընդհանուր զամբիւղի մէջ տեղադրելու ապաշրջափակումը եւ ուղղութիւնները իրարու հետ պայմանաւորելու:
Քաղաքական այս տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ պաշտօնական Անգարայի այն յայտարարութիւնը, թէ` ամէն ինչ պիտի համաձայնեցուի Պաքուի հետ, ի զօրու է: Սահմանի բացումը եւս ուրեմն պիտի հետեւի Ազրպէյճանի հետ սահմանազատման – սահմանագծման ուղղութեան:
Այստեղ կայ նաեւ ճնշում: Զախարովայի յայտարարութիւնը, թէ` եթէ կ’ուզէք, որ ազրպէյճանցիները չկրակեն, ուրեմն սահմանազատումն ու սահմանագծումը իրականացուցէ՛ք, ուղղակի կը խօսի այդ փաստին մասին:
Երկու ուղղութիւներուն վրայ զուգահեռները այնքան բացայայտ են, որ նոյնիսկ միջնորդը նոյնն է: Յայտարարուեցաւ որ Մոսկուան պիտի չմասնակցի երկխօսութեան նիստերուն: Երկխօսութիւնը սակայն, թէկուզ հայկական կողմի առաջարկով, կը կայանայ Մոսկուայի մէջ: Երկխօսութեան մկենարկը կ’ողջունեն թէ Ռուսիոյ դաշնութիւնը, թէ՛ Ուաշինկթընը եւ թէ՛ Պրիւքսելը:
Երկու ուղղութեամբ սահմաններու բացումը ըստ էութեան Թուրքիոյ ապաշրջափակումն է նաեւ: Խնդիրը 9-րդ կէտով ամրագրուած Նախիջեւանին Ազրպէյճանի հետ ցամաքային միացումով չի սահմանափակուիր: Խորքին մէջ Թուրքիան է, որ Հայաստանի վրայով կը կապուի Ազրպէյճանին եւ անկէ Կեդրոնական Ասիոյ թրքացեղ պետութիւններուն: Թուրանական կամուրջի կառուցման առաջադրանքն է, որ փուլ առ փուլ գործադրութեան կը դրուի:
Այդ կամուրջի կառուցման դանդաղեցումը կամ արագացումը կախեալ է ռուս-թուրք յարաբերութիւններու ելեւէջներէն: Ուքրանիան եւ Ղազախստանը կը յուշեն, որ այդ կամուրջի կառուցումը կրնայ երկար տեւել: Այդ կամուրջը բնականաբար չի բխիր նաեւ Թեհրանի շահերէն, որ ռուս-թուրք մերձեցման մարտավարութենէն գլխաւոր տուժողն է տարածաշրջանին մէջ:
Բացուող սահմաններու եւ ճանապարհներու անվտանգութեան երաշխաւորութիւնը ստանձնելու պատրաստ Մոսկուան այդ գործառոյթը կը պատկերացնէ յաւելեալ զօրքերու տեղակայումով. այսինքն` Հարաւային Կովկասի մէջ դիրքեր ամրապնդելով: Առանց այդ յաւելումին կամուրջի կառուցումը դժուար տեսանելի կը դառնայ:
Խնդիրներու փոխկապակցուածութիւնն ու թուրանական կամուրջի մեծ օրակարգը պարզ կը դարձնեն դասական նախապայմաններու երկրորդական կարգ անցնիլը, կամ երկկողմ պայմանաւորուածութիւնը` առանց նախապայմաններու գործընթացը շարունակելու:
Հրատապ օրակարգը` թուրանական կամուրջն է: Դասական նախապայմանները հետագային կը վերադառնան: Թէկուզ բաց սահմաններով եւ բաց ճանապարհներով:
aztagdaily.com