Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դաշնութեան դեսպանին յայտարարութիւնը հայ ռազմագերիներու մասին դիտարժան է քանի մը հանգամանքներ նկատի ունենալով: Անիկա կը պարփակէ քանի մը ուղղութիւն:
Ուրեմն, ըստ դեսպանին, «գերիներու վերադարձի հարցը ռուսական կողմին համար առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Այդ ուղղութեամբ յամառ ու հետեւողական աշխատանք կ՛ընթանայ: Մէկ անգամ չէ, որ գերիներ վերադարձուած են: Վստահ եմ, որ այդ ուղղութեամբ կը շարունակուի աշխատանքը»:
Ինչ կը վերաբերի ազրպէյճանական կողմի յայտարարութեան, թէ իբր «բոլոր գերիները վերադարձուած են», դեսպանը արձագանգած է. «Որքան տեղեակ եմ` աշխատանքը այդ ուղղութեամբ կը շարունակուի, եւ ռուսական կողմին համար անիկա առաջնահերթութիւններու շարքին է»:
Նախ անմիջապէս նկատենք, որ Մոսկուան կը ջրէ Պաքուի պաշտօնական յայտարարութիւնը, ըստ որուն` բոլոր գերիները վերադարձուած են: Փաստօրէն, երբ կ՛ըսուի, որ ռազմագերիներու տունդարձի աշխատանքը իբրեւ առաջնահերթութիւն կը շարունակուի, պարզ է, որ Պաքուի յայտարարութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան: Մոսկուան բնականաբար ամէնէն տեղեկացուածն է գերիներու թիւին, տակաւին Պաքու գտնուողներուն եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին: Հետեւաբար «որքան գիտեմ»-ը այստեղ անորոշ տեղ չի ձգեր Պաքու պահուող հայ գերիներու առկայութեան մասին: Նկատելի է, որ ռուս դիւանագէտը ուղղակի չ՛ուզեր հակասութիւն ընդգծել Պաքուի հետ, այնուամենայնիւ պարզ կը դարձնէ իրողութիւնը:
Հիմա փորձենք քննարկել, թէ որքա՛ն առաջնահերթ է խնդիրը Մոսկուային համար: Մինչ այժմ իրականացած հանգրուանային տունդարձի գործողութիւններուն պարզ դարձաւ, որ բանակցողը, ռազմագերիները Երեւան հասցնողը Մոսկուան է. այստեղ գոյութիւն չունին հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններ: Երեւանը այս առեւտուրին մէջ գրեթէ տալիք չունի հակառակորդ կողմին: Երեւան կը պահուին երկու սուրիացի ահաբեկիչներ, որոնց նկատմամբ երէկ հնչեցին պաշտօնական մեղադրանքները:
Բանակցողը այս պարագային Մոսկուան է Պաքուի հետ` հայկական կողմին փոխարէն: Երբ կը յայտարարուի, որ գերի չէ մնացած Պաքուի մէջ, կա՛մ առեւտրական հասկացողութեամբ գին աւելցնելու քայլ կ՛առնուի, կա՛մ ալ այլ կարգավիճակ կը փորձուի ապահովել առկայ գերիներուն: Գուցէ «ահաբեկիչ»: Այդ պարագային ոչ անպայման «ահաբեկիչ ահաբեկիչի դիմաց» փոխարինման սկզբունքով, այլ աւելի միջազգային հանրային կարծիքին ուղղութեամբ քարոզչական գործողութիւն կազմակերպելու մտադրութեամբ: Իբրեւ թէ երկու կողմերն ալ օգտագործած են ահաբեկիչ տարրեր այս պատերազմին` փորձելով ձգել այն տպաւորութիւնը, որ ահաբեկչութիւնը թափանցած է երկու ռազմական ճամբարները:
Այստեղ չ՛աւարտիր անշուշտ ռազմագերիներու տունդարձի գործողութիւնը կազմակերպելու առումով վարկանիշներ ստանալու կամ շնորհելու մարտավարութիւնը: Երեւան ժամանած պարապ օդանաւը ռազմագերիներու փոխարէն ուղերձներ կը փոխադրէր:
Այս նիւթը տակաւին շահարկուելու ահագին տեղ ունի եւ ուղղակի կը կապուի տխրահռչակ յայտարարութեան 9-րդ կէտին հետ: Աշխարհագրական շրջափակում մարդկային ապաշրջափակումի դիմաց միայն: Արդէն անցանք տարածաշրջանային հարթութիւն, ուր վեցեակի տեսքով, 9-րդ կէտի տեսքով, տնտեսական, ենթակառուցուածքային, փոխադրական ծրագիրներով, խաղաղութիւն հաստատելու յայտարարութիւններով միեւնոյն օրակարգը կը վերադառնայ սեղան: Եւ այս առումով Պաքուն մինչեւ վերջ պիտի փորձէ նոր զիջումներ ապահովել հայկական կողմէն, որ բանակցային տկարագոյն դիրքերու վրայ կը գտնուի իբրեւ պարտուած կողմ:
9-րդ կէտը հրադադարի յայտարարութեան վերջին կէտն է եւ կը վերաբերի ապաշրջափակումին. անկէ անմիջապէս առաջ, 8-րդ կէտը կ՛արձանագրէ.
«8.- Տեղի է ունենում ռազմագերիների, պատանդների եւ պահուող այլ անձանց ու մահացածներու մարմիններու փոխանակում»:
Հիմա, ռուս դիւանագէտը կը յայտարարէ, որ 8-րդ կէտի առաջին կարգավիճակին մէջ գտնուող անձանց վերադարձը իր առաջնահերթութիւնն է:
Ռազմագերիներու հետ կապուած վերջին ուղղութիւն մըն ալ կը թուի, որ տեսանելի է:
Ներքին հասկացողութեամբ յունիսէն առաջ մնացեալ ռազմագերիներու վերադարձի իրականացումը տրամաբանօրէն կրնայ նպաստել գործող իշխանութիւններու ընտրական վարկանիշին: Քաղաքական հասկացողութեամբ սակայն անիկա որեւէ ձեւով չի կապուիր հայկական կողմին հետ: Չմոռնանք. բանակցողը, իրականացնողը գերմիջնորդ Ռուսիոյ Դաշնութիւնն է:
Մոսկուայի կողմէ ռազմագերիներու տունդարձի գործողութեան կազմակերպման ու իրականացման քաղաքական պահի ճշդումը այս առումով եւս կրնայ նշանակութիւն ունենալ: Դատարկ օդանաւը յիշեցուց, որ այդ պահը տակաւին չէ հասունցած:
«Ա.»
aztagdaily.com