կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-10-01 14:41
Սփյուռք

Կիպրահայ համայնքը բազմամարդ ցոյց կազմակերպեց ԱՄՆ եւ ՌԴ դեսպանատուներուն առջեւ

Կիպրահայ համայնքը բազմամարդ ցոյց կազմակերպեց ԱՄՆ եւ ՌԴ դեսպանատուներուն առջեւ

Չորեքշաբթի կէսօրէ ետք, ժամը 5.00-ին, կիպրահայ համայնքը բազմամարդ եւ տպաւորիչ ցոյց կազմակերպեց Նիկոսիոյ մէջ՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն առջեւ։

Ցոյցին մասնակցեցան 400-էն 450 ցուցարարներ, եռագոյն եւ Արցախի Հանրապետութեան դրօշակներով ու պաստառներով, որոնք ցոյցի ընթացքին բարձրաղաղակ կը բացականչէին Արցախի մէջ՝ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնները դատապարտող կարգախօսեր։

Կիպրահայ համայնքի ղեկավարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացեալ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տէր Խորէն Արքեպիսկոպոս Տողրամաճեանէ, Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանէ, ինչպէս նաեւ՝ հայկական երեք կուսակցութիւններուն, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կիպրոսի գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներէն, յուշագիր մը յանձնեցին նախ Ռուսիոյ Դաշնութեան, ետքը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ ապա՝ Ֆրանսայի դեսպաններուն, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի Խումբի համանախագահող երկիրներ, կոչ ուղղելով իրենց, որ միջամտեն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ուղղութեամբ, որպէսզի վերջ մը դրուի Ազրպէյճանի կողմէ հռչակուած պատերազմին։

Ցոյցին մասնակցեցան նաեւ յոյն-կիպրացի բազմաթիւ երեսփոխաններ, նախկին եւրոխորհրդարանականներ, Սթրովոլոսի քաղաքապետը, ինչպէս նաեւ՝ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ վերջերս կազմուած Արցախի Բարեկամներու Շրջանակի անդամներ։ Ցոյցին լայն կերպով անդրադարձաւ տեղական մամուլը, զանգուածային լրատուամիջոցներն ու ընկերային ցանցերը։