|
Փոխարժեքներ
08 11 2025
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 382.54 |
| EUR | ⚊ | € 441.83 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.7262 |
| GBP | ⚊ | £ 501.4 |
| GEL | ⚊ | ₾ 141.43 |
aztagdaily.com - Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ստացաւ շնորհաւորագիր մը, յղուած` Լիբանանի մէջ Զբօսաշրջական հաստատութիւններու սեփականատէրերու համախմբումին կողմէ:
Շնորհաւորագիրին մէջ համախմբումը ողջունեց նախարար Կիտանեանի ի գործ դրած ջանքերը` զբօսաշրջութեան մարզը աշխուժացնելու նպատակով:
Շնորհաւորագիրը կ՛ըսէ հետեւեալը.
«Արդեօք հիմա քեզ կը տեսնե՞ն իբրեւ բոլոր լիբանանցիներուն նախարարը, որ անցաւ ամբողջ շրջաններով, այցելեց բոլոր համայնքները եւ ամիսներով գլխաւորեց նախարարութեան աշխատանքները` պատրաստելու եւ կազմակերպելու զբօսաշրջական այս եղանակը, գործադրելով Լիբանանի ազգային քայլերգին «Մեր խօսքն ու գործը» սկզբունքը:
«Քու խոստումներդ թուղթի վրայ արձանագրուած թանաքի սահմաններուն մէջ չմնացին: Ահաւասիկ կը վայելենք տօնակատարութիւններն ու փառատօները, ինչպէս նաեւ կը նշմարենք արաբ եւ օտար զբօսաշրջիկները, որոնք կ՛ուղղուին Լիբանան: Դուք Սինտիպատի ճամբորդութիւններուն նման շրջագայութիւններով ամբողջ Լիբանանի տարածքին կը գործէք: «Թրիփոլիէն Պաթրուն, Սուր, Պաալպեք, Պէյթէտտին, Զահլէ, Պիքֆայա եւ Տուհուր Շուէյր` հասնելով մինչեւ մայրաքաղաք Պէյրութ, դուք կը մարմնաւորէք Լիբանանի եւ անոր քաղաքակրթութեան իսկական դէմքը:
«Դուք ձեր անձով լաւագոյնս կը ներկայացնէք հայկական դարաւոր կուսակցութեան եւ անոր իմաստուն ղեկավարութեան պատմական դերակատարութիւնը: