կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-17 10:22
Առանց Կատեգորիա

17 Մայիս 1907. Աղ­թա­մա­րի երկ­րորդ կռի­ւը. ­Ֆե­տա­յի­նե­րը կրցան ճեղ­քել թրքա­կան զօր­քին պա­շա­րու­մը եւ դուրս գալ դէ­պի ծո­վուն բա­ցե­րը

17 Մայիս 1907. Աղ­թա­մա­րի երկ­րորդ կռի­ւը. ­Ֆե­տա­յի­նե­րը կրցան ճեղ­քել թրքա­կան զօր­քին պա­շա­րու­մը եւ դուրս գալ դէ­պի ծո­վուն բա­ցե­րը

Մա­յիս 17ի այս օ­րը, ­Վա­նայ լի­ճի Աղ­թա­մար կղզին ա­պաս­տա­նած դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­ներ, թրքա­կան զօր­քի ռազ­մա­նա­ւե­րուն կող­մէ եր­կու օր պա­շար­ման տակ իյ­նա­լէ եւ ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով կե­նաց-մա­հու կռիւ մղե­լէ ետք՝ հե­րո­սա­կան գրո­հով յա­ջո­ղե­ցան, ձկնոր­սա­կան նա­ւա­կով, ճեղ­քել թշնա­միին ռազ­մա­կան ու­ժը եւ դուրս գալ ծո­վուն բա­ցե­րը։

Եր­կու օր շա­րու­նակ թրքա­կան ռազ­մա­կան նա­ւե­րէն ռում­բե­րու եւ փամ­փուշտ­նե­րու տա­րա­փով կրակ բա­ցո­ւե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­նե­րուն վրայ, ո­րոնք սա­կայն ա­հեղ դի­մադ­րու­թիւն ցոյց տուին, թշնա­մին հե­ռու պա­հե­ցին ցա­մա­քէն եւ ­Մա­յիս 17ի ա­ռա­ւօ­տեան վաղ ժա­մե­րուն, կղզիի ա­րե­ւե­լեան կող­մէն, ի­րենց նա­ւա­կով անվ­նաս հե­ռա­ցան…

Թր­քա­կան զօր­քը ա­ւե­լիով կատ­ղե­ցաւ, երբ դի­մադ­րու­թեան չհան­դի­պե­լով կղզի ի­ջաւ եւ յա­ռա­ջա­ցաւ Ս. ­Խաչ վան­քի ու ե­կե­ղեց­ւոյ ուղ­ղու­թեամբ, բայց ոչ մէկ ֆե­տա­յի գտաւ իր դի­մաց։

Ռմ­բա­կոծ­ման հե­տե­ւան­քով ծան­րօ­րէն վնա­սուած էր ե­կե­ղե­ցին, բարձր գմբէ­թը ուղ­ղա­կի քան­դո­ւած էր եւ շուրջ հա­զա­րա­մեայ ե­կե­ղե­ցին հիմ­նո­վին ա­ւե­րո­ւած էր…

Բայց ա­նարգ թշնա­մին այդ­քա­նով չբա­ւա­րա­րո­ւե­ցաւ եւ իր մաղ­ձը թա­փեց վան­քին մէջ գտնո­ւող «5 դպրո­ցա­կան որ­բե­րու, 1 վար­դա­պե­տի, 2 հա­ցա­րար կնոջ եւ 2 սպա­սա­ւոր­նե­րու վրայ։ ­Չա­րար­չար ծե­ծե­լով եւ նե­ղե­լով զա­նոնք՝ գնդա­կա­հար կը սպան­նեն 1 ա­շա­կերտ եւ 1 սպա­սա­ւոր, ո­րոնց­մէ մինն ալ, ի տես զօ­րաց ան­գութ եւ ահ­ռե­լի ա­րարք­նե­րուն, ինք­զինք ծով կը ձգէ, եւ ի վեր­ջոյ նա­ւա­վար­նե­րու մի­ջո­ցով կ­՚ա­զա­տո­ւի՝ խե­լա­գա­րո­ւած»… ինչ­պէս որ օ­րին Աղ­թա­մա­րէն ­Պոլ­սոյ հա­յոց Պատ­րիար­քին ուղ­ղո­ւած պաշ­տօ­նա­կան տե­ղե­կա­գի­րը կ­՚ընդգ­ծէ։

Աղ­թա­մար կղզին ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէր, որ ռազ­մա­ճա­կա­տի կը վե­րա­ծո­ւէր հայ ֆե­տա­յի­նե­րու դէմ թրքա­կան զօր­քե­րու յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով։

Ա­ռա­ջի­նը եւ ա­ւե­լի տա­րո­ղու­նակ կռի­ւը տե­ղի ու­նե­ցած էր Օ­գոս­տոս 1904ին, երբ ­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թեան ա­ւար­տին՝ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շեց, որ ե­կո­ւոր ֆե­տա­յի­նե­րը հե­ռա­նան ­Սա­սու­նէն։ Այդ ժա­մա­նակ, Աղ­թա­մար կղզիին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սաս­նոյ, Մ­շոյ եւ ­Վաս­պու­րա­կա­նի դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան ընդ­լայ­նո­ւած ժո­ղո­վը՝ ապս­տամ­բու­թե­նէն ետք ստեղ­ծո­ւած ընդ­հա­նուր վի­ճա­կը քննե­լու եւ, այդ լոյ­սին տակ, հե­տա­գայ քայ­լե­րը ո­րո­շե­լու եւ հա­մադ­րո­ւած գոր­ծե­լու հա­մար։

Իսկ երկ­րոր­դը պա­տա­հե­ցաւ 1907ի ­Մա­յի­սին, երբ դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­ներ պար­զա­պէս ա­պաս­տա­նե­ցան Աղ­թա­մար կղզին՝ խոյս տա­լով ­Վա­նի նոր կու­սա­կա­լին ձեռ­նար­կած հե­տապն­դում­նե­րէն։
Հա­մի­տեան բռնա­տի­րու­թեան վեր­ջա­լոյ­սի հա­կա­հայ կա­տա­ղու­թեան եւ ար­նա­ծա­րաւ գա­լա­րում­նե­րու փուլն էր ար­դէն։

Հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րուն մէջ յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժու­մը իր ու­ժե­ղաց­ման եւ ըն­դար­ձակ­ման գա­գաթ­նա­կէ­տին էր եւ ­Հա­միտ հար­կը կը զգար գրգռու­թեանց նոր պատ­րո­ւա­կի մը, որ­պէս­զի նո­րո­վի թա­փով կրկնէր 1894-1896ի եւ 1904ի կո­տո­րած­նե­րը։

Վա­նի նո­րան­շա­նակ կու­սա­կա­լը Եըլ­տըզ պա­լա­տի ճիշդ այդ հրա­հան­գը կը գոր­ծադ­րէր՝ մէկ կող­մէ հար­կա­հա­ւաք­նե­րու մի­ջո­ցաւ նե­ղե­լով եւ գրգռե­լով սո­վա­հար մեր ժո­ղո­վուր­դը, իսկ միւս կող­մէ ըմ­բոս­տաց­ման նո­ւա­զա­գոյն դէպքն իսկ եւ­րո­պա­ցի հիւ­պա­տոս­նե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լով իբ­րեւ ֆե­տա­յա­կան խռո­վու­թիւն­ներ, ո­րոնց իբր թէ հա­տու պա­տաս­խան տա­լու հար­կադ­րան­քին ինք կ­՚ըն­դա­ռա­ջէր պար­զա­պէս…։

Ա­հա՛ այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, յատ­կա­պէս ­Վա­նի շրջա­կայ գիւ­ղե­րուն մէջ, թրքա­կան զօր­քի գոր­ծած խժդժու­թեանց դէմ ըմ­բոս­տա­ցած հայ ֆե­տա­յի­նե­րը ստի­պո­ւած ե­ղան հե­տապն­դում­նե­րէ խոյս տա­լու հա­մար ա­պաս­տա­նիլ Աղ­թա­մար կղզին։

Ինչ­պէս որ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի ­Յու­նիս-­Յու­լիս 1907ի հա­մա­րով լոյս տե­սած եւ ­Վա­նէն ղրկո­ւած սե­փա­կան թղթակ­ցու­թիւ­նը կը վկա­յէ, «լու­սա­բա­ցին լուր են տա­լիս, որ մատ­նո­ւած ենք… ­Մենք ու­նէինք մեր տրա­մադ­րու­թեան տակ միայն մի փոք­րիկ նա­ւակ, որ հա­զիւ 5-7 մարդ կա­րող էր վերց­նել։ ­Պա­տո­ւի­րում ենք, որ շու­տով եր­կու տա­կառ պատ­րաս­տեն, որ­պէս­զի հէնց ա­ռա­ջին յար­մա­րու­թեա­նը՝ կղզուց դուրս թռչնէինք։ Այդ րո­պէին քա­ղա­քի կող­մից ե­րեք նաւ են գա­լիս եւ նոյ­նիսկ յան­կարծ լսւում է պա­տե­րազ­մա­կան փո­ղի ձայ­նը։ ­Մեզ հա­մար այ­լեւս անհ­նար է ծով դուրս գալ։ Վճռում ենք մի կեր­պով ձգձգել, մին­չեւ որ մու­թը վրայ հաս­նի։ Տ­ղա­նե­րին բա­ժա­նում ենք դիր­քե­րի վրայ եւ հրա­հան­գում, որ ա­ռանց մեր կար­գադ­րու­թեան ո­րե­ւէ գնդակ չար­ձա­կեն»։

«Դ­րօ­շակ»ի անս­տո­րա­գիր թղթակ­ցու­թիւ­նը բա­ւա­կան ման­րա­մասն կը նկա­րագ­րէ, թէ այդ եր­կու օ­րե­րու ըն­թաց­քին թրքա­կան զօր­քը ընդ­հան­րա­պէս բա­ւա­րա­րո­ւե­ցաւ նա­ւե­րու վրա­յէն ռմբա­կո­ծե­լով կղզին եւ ֆե­տա­յա­կան դիր­քե­րը, ո­րոնք միայն հարկ ե­ղած պա­րա­գա­յին պա­տաս­խա­նե­ցին, բայց դի­պուկ հա­րո­ւած հաս­ցու­ցին։ Թր­քա­կան զօր­քը փաս­տօ­րէն կը սպա­սէր խոս­տա­ցո­ւած յա­ւե­լեալ զօր­քի եւ նա­ւե­րու ժա­մա­նու­մին։ ­Մին­չեւ երկ­րորդ օ­րո­ւան կէ­սօ­րը ընդ­հատ կրա­կոց­ներ պա­տա­հե­ցան։ ­Բայց երբ 9 նա­ւե­րով շուրջ 1000 յա­ւե­լեալ զօր­քը հա­սաւ, կա­տա­ղի կռիւ սկսաւ, որ տե­ւեց մին­չեւ գի­շե­րո­ւան մութ իջ­նե­լը։ Թր­քա­կան նա­ւե­րը հա­զիւ հե­ռա­ցան ծո­վու բա­ցե­րը՝ վի­րա­ւոր­նե­րը ցա­մաք ղրկե­լու եւ նոր ռազ­մամ­թերք բե­րե­լու մտքով, ֆե­տա­յի­նե­րը ա­րագ շար­ժե­ցան եւ կղզիի պա­շար­ման օ­ղա­կէն դուրս գտնո­ւող մա­սէն հե­ռա­ցան դէ­պի ա­պա­հով ափ։

Մա­յիս 17ի ա­ռա­ւօ­տուն, տա­կա­ւին զգու­շօ­րէն շար­ժե­լով, թրքա­կան զօր­քը ան­ցաւ ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի եւ ա­ռանց դի­մադ­րու­թեան ի­ջաւ ցա­մաք ու հա­սաւ Ս. ­Խաչ՝ անդ­րա­դառ­նա­լու հա­մար, որ ոչ մէկ ֆե­տա­յի մնա­ցած էր…

Այ­նու­հե­տեւ պա­տա­հա­ծը՝ ան­զէն ու ան­պաշտ­պան հա­յեր կո­տո­րե­լու թրքա­կան տմար­դու­թեան ու բար­բա­րո­սու­թեան ծա­նօթ պատ­մու­թիւն է։

Այդ մա­սին կ­՚ար­ժէ խօս­քը տալ ­Պո­լիս՝ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րան եւ ան­ձամբ Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քին ուղ­ղո­ւած վե­րո­յի­շեալ տե­ղե­կագ­րին.-
«­Չը նա­յած, որ յե­ղա­փո­խա­կան­ներ շէն­քէն դուրս, կղզիին բարձր եւ ան­ջատ ծայ­րին վրայ կը կռո­ւէին՝ պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը (զօր­քը — Ն.), հա­կա­ռակ խղճի եւ օ­րի­նաց, ուղ­ղա­կի շէն­քեր ռմբա­կո­ծեց, 60 հատ ռումբ ար­ձա­կե­լով հոն, ո­րով շէն­քե­րու մէկ մա­սը խար­խուլ եւ փլած վի­ճա­կի մատ­նո­ւե­ցաւ, իսկ որ ցա­ւա­լին է, պայ­ծառ տա­ճա­րի կա­թո­ղի­կէի գլու­խը՝ խա­չով հան­դերձ՝ մէկ մար­դա­հա­սա­կէն ա­ւե­լի, քշուած է ռում­բէն, ուս­կից անձ­րե­ւի ջու­րը ներս հո­սե­լով, մէկ քա­նի տա­րիէն պի­տի փճաց­նէ հա­զա­րա­մեայ փա­ռա­ւոր հնու­թիւն մը»։

Ա­պա, գրաւ­ման զօր­քի պէս վանք մտած եւ բա­ռին բուն ի­մաս­տով ա­լան-թա­լան կա­տա­րած, սրբու­թիւն­ներ պղծած ու ա­նօգ ե­րե­խա­ներ եւ ծե­րու­նի­ներ խոշ­տան­գած թուրք զի­նո­ւոր­նե­րու գոր­ծած վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը նկա­րագ­րե­լէ ետք, տե­ղե­կա­գի­րը կ­՚եզ­րա­փա­կէ.-

«Ի՜նչ ի­րա­ւունք է, որ ան­մեղ ժո­ղո­վուր­դը զա­նա­զան դառն ա­ղէտ­նե­րու մատ­նո­ւի, դպրո­ցա­կան խեղ­ճուկ որ­բեր մոր­թո­ւին, ե­կե­ղեց­ւոյ մե­ծա­քա­նակ սպաս­ներ կո­ղոպ­տո­ւին՝ յե­ղա­փո­խա­կա­նաց պատ­րո­ւա­կով։ Ի՞նչ ը­նէ ժո­ղո­վուր­դը, որ իր կամ­քէն ան­կախ յե­ղա­փո­խա­կան­ներ կը մտնեն այս­պի­սի տե­ղեր. ին­չո՞ւ պի­տի տու­ժէ ան­մե­ղը, երբ ա­նոր քով չը գտնո­ւի նոյ­նիսկ մի վնա­սա­կար թուղթ, թերթ, գրո­ւած մը կամ զէնք մը»…

Խե՜ղճ հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թիւն, որ ստի­պո­ւած էր ­Սուլ­թա­նին առ­ջեւ հիմ­նա­ւո­րում փնտռե­լու իր ան­մե­ղու­թեան հա­մար, երբ շատ լաւ գի­տէր, որ նոյ­նինքն ­Սուլ­թա­նը ի՛նք մե­ծա­գոյն ոճ­րա­գործն էր եւ ո­րե­ւէ պատ­րո­ւակ կը փնտռէր՝ ան­զէն ու ան­մեղ հա­յու­թիւ­նը ա­հա­բե­կե­լու եւ հայ­րե­նի իր բնօր­րա­նէն կա՛մ բնաջն­ջե­լու, կա՛մ ընդ­միշտ հե­ռաց­նե­լու հա­մար։

Աղ­թա­մա­րի 17 ­Մա­յիս 1907ի կռիւն ու ա­նոր հե­տե­ւած թրքա­կան բար­բա­րո­սու­թիւ­նը անջն­ջե­լի կը մնան հա­յոց ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ։

Ո՛չ ոք ի­րա­ւունք ու­նի նո­րա­հաս մեր սե­րունդ­նե­րը զրկե­լու հա­յոց պատ­մու­թեան այ­դօ­րի­նակ դա­ժան ու ա­րիւ­նոտ դա­սե­րուն ու­շա­դիր մնա­լու եւ, այդ ներշն­չու­մով, ա­նարգ թշնա­միի սադ­րաք­նե­րուն եւ հա­րո­ւած­նե­րուն դէմ միշտ զէն­քի պատ­րաստ գտնուե­լու պա­հան­ջա­տի­րու­թե­նէն։

Ն.