կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-16 11:20
Արցախ

Արցախի արտաքին գործերի նախարարության աշխատակիցներն այցելել են «Ազդակ»-ի խմբագրություն

Արցախի արտաքին գործերի նախարարության աշխատակիցներն այցելել են «Ազդակ»-ի խմբագրություն

«Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ  ծանօթացման հանդիպում Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային կառոյցներու եւ մարդասիրական համագործակցութեան վարչութեան պետ Արմէն Սարգսեանի, նոյն նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան կցորդ Սամուէլ Սարեանի եւ տնօրէնութեան միջեւ:

Հիւրերը Լիբանան կը գտնուին Հայկազեան համալսարանի հրաւէրով, Հայկազեան-Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւն կայացած համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ կազմակերպուող դասընթացքին հետեւելու նպատակով:

Ճանաչողական այցելութիւնը ծառայեց, որ խորհրդակցութիւնը ծաւալի Արցախի պետական կառոյցներ-սփիւռքեան կազմակերպութիւններ համագործակցութիւնը արդիւնաւորելու եւ յատկապէս տեղեկատուական ոլորտին մէջ միացեալ ձեռնարկներ իրագործելու կարելիութիւնները քննարկելու հարցերուն շուրջ: