Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը` Aztagdaily
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան 24 յունուարին ընդունած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որոնց կ՛ընկերակցէր Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:
Քննարկուած են Արցախի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, սփիւռքի մէջ Արցախի նկատմամբ եղած մեծ հետաքրքրութիւնն ու ուշադրութիւնը, նաեւ տարբեր ձեւերով անոր նեցուկ կանգնելու նախաձեռնութեան առկայութիւնը: Յատկապէս շեշտը դրուած է տնտեսական գետնի վրայ Լիբանանէն Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու կարելիութեան վրայ, անդրադարձ կատարուած է նման ծրագիրներ իրականացնելու հաւանականութիւններուն եւ այս առումով ի գործ դրուելիք ճիգերուն:
Պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան տեղեկացուցած է, որ մարտ 2019-ին ԱՌԻ-ի (Արցախ ռուց ինվեսթմընց) նախաձեռնութեամբ պիտի այցելէ Լիբանան եւ այդ առիթով նաեւ տարբեր հանդիպումներ պիտի ունենայ: Նախարար Կիտանեան եւ երեսփոխան Բագրատունի վստահեցուցած են, որ իրենց բոլոր կարելիութիւնները պիտի դնեն Արցախի տրամադրութեան տակ` փորձելով գտնել նաեւ այն միջոցները, գործարարներն ու ներդրողները, որոնք թէ՛ անձնապէս կրնան օգտուիլ Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելով, եւ թէ՛ օգտակար կը դառնան Արցախի զանազան բնագաւառներու, յատկապէս շինարարութեան եւ երկրագործութեան զարգացման եւ բարգաւաճման:
Հանդիպումին ընթացքին տիրական դարձած է ամէն իմաստով համագործակցելու պատրաստակամութիւնը, որպէսզի առաւելագոյնը կատարուի Արցախի հզօրացման եւ կայացման աշխատանքներուն զօրակցելու առումով:
Նոյն օրը Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան հանդիպում ունեցած է Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ, որ ընդհանրապէս ներկայացուցած է լիբանանեան զբօսաշրջութեան բնագաւառը` դիտել տալով, որ հոն ձեռք բերուած փորձառութենէն մեկնած կարելի է օգտակար դառնալ Արցախին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է իր փորձառութիւնն ու կարելիութիւնները դնելու Արցախի տրամադրութեան տակ:
Նախարարներ Աւետիս Կիտանեան եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան նաեւ քննարկած են Արցախի Հանրապետութենէն մշակութային խումբեր Լիբանան հրաւիրելու կարելիութիւնը լիբանանեան տարբեր փառատօներուն մասնակից դառնալու նպատակով: Անոնք երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնած են այս առումով սերտօրէն գործակցելու եւ նման նախաձեռնութիւններ յաջողցնելու: