Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան դաշնակցական նախարար Աւետիս Կիտանեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն երեքշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց երեւոյթ մը, երբ յանկարծ Հայաստանէն եկած օդանաւէն իջաւ Կաղանդ պապան եւ բոլոր ներկաներուն բաժնեց Հայաստանի արտադրութեամբ շաքար եւ տուրմ:
Արդարեւ, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, օդակայանի սպասման սրահին մէջ անակնկալօրէն ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը, որ ներկայացուց Կաղանդի յատուկ պարեր, նաեւ տհոլահարներու խումբը նուագեց եղանակներու փունջ մը` Կաղանդի առիթով տօնական յատուկ մթնոլորտ մը ստեղծելով օդակայանին մէջ: Անշուշտ այս ելոյթները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ճամբորդներուն մօտ, որոնց համար նորութիւն էր նման երեւոյթ մը, եւ անոնք մօտենալով մասնակից դարձան ուրախութեան եւ սկսան նկարել ու նկարուիլ պարախումբին հետ: Անշուշտ այս մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ պապային ժամանումով, վերջինս իր կարգին պարեց պարախումբին հետ` առաւել եւս խանդավառելով մթնոլորտը:
Յայտնենք, որ յայտագիրի տեւողութիւնը կէս ժամ էր, սակայն օդակայանի պատասխանատուները` խանդավառուած այս նախաձեռնութեան ստեղծած մթնոլորտէն, խնդրեցին, որ կէս ժամ աւելի երկարի յայտագիրը: Հետեւաբար, ընդառաջելով պատասխանատուներու խնդրանքին, պարախումբը եւ տհոլահարներու խումբը անգամ մը եւս պարեցին եւ նուագեցին Կաղանդ պապային հետ: