Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Պապ Մենենտեզ յայտարարեց, թէ մօտէն պիտի աշխատի Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ դեսպանին հետ, Միացեալ Նահանգներուն կողմէ «Հայոց Ցեղասպանութեան անկեղծ ճանաչումը ապահովելու» համար։
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 13 Դեկտեմբերին վաւերացուցած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպաններու նշանակումները։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայաստանի մօտ դեսպան նշանակած էր Լին Թրէյսին, իսկ Ատրպէյճանի մօտ՝ Ըրլ Լիցընպըրկըրը։
Կ՛ակնալուի, որ նշանակումները վաւերացուին նաեւ Ծերակոյտի լիագումար նիստին կողմէ։
Մենենտեզ նաեւ կարեւոր համարեց Հայաստանի մէջ ժողովրդավարականացաման, ինչպէս նաեւ Արցախի տագնապին արդար լուծում մը գտնելու ջանքերուն աջակցութիւն ցուցաբերելը։
Նշենք, որ Թրէյսիի նշանակման վաւերացումին համար կատարուած քննարկումներուն ընթացքին, Մենենտեզ եւ Էտ Մարքի լուսարձակի տակ առած էին Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն թերի կեցուածքը, երաշխիքներ պահանջելով Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման վերաբերեալ: Սակայն, Թրէյսի մերժած էր «ցեղասպանութիւն» բառը գործածել:
Միւս կողմէ, Մենենտեզ կոչ ը-րաւ Ատրպէյճանի մօտ դեսպանի պաշտօնին թեկնածու Լիցընպըրկըրին, որ պաշտօնը ստանձնելէ ետք Ատրպէյճանի իշխանութեանց վրայ յատկանշական ճնշում բանեցնէ, վերջ տալու համար Պաքուի սպառնական եւ յարձակողական քայլերուն։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մենենտեզին՝ հայութիւնը յուզող հարցերը լուսարձակի տակ առնելու անոր սկզբունքային կեցուածքին համար։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Պապ Մենենտեզ յայտարարեց, թէ մօտէն պիտի աշխատի Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ դեսպանին հետ, Միացեալ Նահանգներուն կողմէ «Հայոց Ցեղասպանութեան անկեղծ ճանաչումը ապահովելու» համար։
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 13 Դեկտեմբերին վաւերացուցած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպաններու նշանակումները։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայաստանի մօտ դեսպան նշանակած էր Լին Թրէյսին, իսկ Ատրպէյճանի մօտ՝ Ըրլ Լիցընպըրկըրը։
Կ՛ակնալուի, որ նշանակումները վաւերացուին նաեւ Ծերակոյտի լիագումար նիստին կողմէ։
Մենենտեզ նաեւ կարեւոր համարեց Հայաստանի մէջ ժողովրդավարականացաման, ինչպէս նաեւ Արցախի տագնապին արդար լուծում մը գտնելու ջանքերուն աջակցութիւն ցուցաբերելը։
Նշենք, որ Թրէյսիի նշանակման վաւերացումին համար կատարուած քննարկումներուն ընթացքին, Մենենտեզ եւ Էտ Մարքի լուսարձակի տակ առած էին Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն թերի կեցուածքը, երաշխիքներ պահանջելով Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման վերաբերեալ: Սակայն, Թրէյսի մերժած էր «ցեղասպանութիւն» բառը գործածել:
Միւս կողմէ, Մենենտեզ կոչ ըրաւ Ատրպէյճանի մօտ դեսպանի պաշտօնին թեկնածու Լիցընպըրկըրին, որ պաշտօնը ստանձնելէ ետք Ատրպէյճանի իշխանութեանց վրայ յատկանշական ճնշում բանեցնէ, վերջ տալու համար Պաքուի սպառնական եւ յարձակողական քայլերուն։