Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ armenianorthodoxchurch
Աւագ Ուրբաթ, 30 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար հաւաքուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, որ մասնակից դարձաւ Մեր Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգին։ Արարողութեան հանդիսապետեց ու իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը յայտնեց, որ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջալոյսի դէպքերը պէտք է դիտել խորաթափանց մտքով ու հոգւով, որպէսզի կարենանք ամբողջովին ըմբռնել անոր պատգամն ու խորհուրդը։ Առ այդ, սուրբ հայրերէն մեզի հասած, մասնաւորաբար Պետրոս առաքեալի թուղթին ճամբով, պատգամը կը փոխանցէ, որ Քրիստոս խաչուեցաւ ու թաղուեցաւ, որպէսզի մարդը Աստուծոյ մօտեցնէ։ Դրախտէն հեռացումէն ետք մարդը թաթախուած էր մեղքերու կոյտին մէջ ու հեռացած Աստուծմէ եւ ճիշդ անոր համար է, որ Աստուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի Իր որդիները մօտեցնէ Երկնաւոր Հօր։ Հայրապետը ընդգծեց, որ սովորական թաղման արարողութիւն չէ այս արարողութիւնը եւ պէտք չէ այդպէս մօտենանք։ Աստուած չի՛ մեռնիր, Աստուած չի՛ թաղուիր։ Աստուծոյ Որդին գիտակցօրէն մարդկային մեղքերը իր վրայ առնելով՝ իջաւ գերեզման, որպէսզի իր հետ թաղէ մարդկային մեղքերը, սակայն Քրիստոս գերեզմանէն վեր մնաց. գերեզման իջնելով մարդը փրկեց ու ազատագրեց մեղքի կապանքներէն, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Հայրապետը շարունակեց՝ ըսելով, որ բոլորս մեղանչական ենք, իսկ եկեղեցին իր հաւատացեալ ժողովուրդը ապաշխարութեան կը հրաւիրէ, որպէսզի հաւատացեալը արժանի դառնայ Քրիստոսի արեան ու մարմինին: Մեր հաւատքը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար իր արիւնը թափեց, խաչ բարձրացաւ, գերեզման իջաւ, որպէսզի խոստովանինք ու թաղենք մեր մեղքերը։
Հայրապետը իր պատգամը փակեց հետեւեալ աղերսով. «Ո՜վ Տէր, դո՛ւն մեզի համար արիւն թափեցիր, խաչուեցար, թաղուեցար: Մենք այսօր Քու գերեզմանիդ առջեւ կ՚ուխտենք, որ հեռու մնանք ամէն տեսակ մեղքէ՝ թաղելով մեր գործած մեղքերը Քու գերեզմանիդ մէջ»։ Նորին Սրբութիւնը աւելցուց. «Քիչ ետք, երբ մօտենանք գերեզմանին ու անոր վրայ գտնուող խաչափայտին, որ կը պարունակէ Քրիստոսի խաչափայտէն մասնիկ մը, խոնարհի՛նք, համբուրե՛նք եւ խնդրե՛նք Աստուծմէ, որ իր Որդւոյն կեանքով սրբէ մեր մեղքերը, մաքրէ մեր սրտերը ամէն տեսակ գիտակից եւ անգիտակից մեղքերէ: Հետեւաբար, եկէ՛ք Քրիստոսի հետ թաղենք մեր մեղքերը, որպէսզի իր յարութեամբ վերանորոգենք մեր հաւատքը»։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Քրիստոսի գերեզմանին վրայ դրուած «Կենաց Փայտ»ի մասունքով օրհնեց ներկայ հաւատացեալները։ Արարողութենէն ետք մինչեւ գիշերուան ուշ ժամեր, հայ թէ այլ եկեղեցիներու պատկանող հաւատացեալներ, Մայրավանք այցելեցին խոնարհելու Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ։