Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը կը յայտարարէ, որ Ազրպէյճանի Ինթերփոլին ներկայացուցած դիմումը Գրասենեակի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեանի ձերբակալման վերաբերեալ լիովին զուրկ է ոեւէ իրաւական հիմքէ եւ ինքնաբերաբար դատապարտուած է Ինթերփոլի մերժումին:
Այս վերջինս արդէն իսկ անցեալին մերժած է Ազրպէյճանի նմանատիպ դիմումները որոնք զուտ քաղաքական բնոյթ ունին եւ պարզապէս ապարդիւն փորձեր են միջազգային հանրութեան պարտադրելու Ալիեւի բռնակալ վարչակարգի կամքը:
Ազրպէյճանի նոյնանման յուսահատ քայլերու առաջին նպատակն է մամուլի մէջ աժան աղմուկ բարձրացնել եւ ընդհանրապէս վախի մթնոլորտ յառաջացնել: Այս օրերուն, երբ Եւրոխորհրդարանին մէջ պիտի նշուի Արցախեան շարժման 30-ամեակը, Ազրպէյճան կը փորձէ նման յերիւրանքներով եւրոպական hասարակութեան ուշադրութիւնը շեղել։
Գասպար Կարապետեան մեկնաբանելով իր հասցէին տարածուած յերիւրանքը, ըսաւ.- «նմանատիպ անհեթեթ նախաձեռնութիւնները միայն կրնան ապացուցել Ազրպէյճանի իշխանութեան յուսահատ քայլերը: Արդեօ՞ք պէտք է յիշեցնել Ալիեւին, թէ ինչ արագութեամբ մերժուեցաւ վերջինիս Ինթերփոլի ուղարկած թղթածրարը, որ կը բողոքէր Եւրոխորհրդարանի երեք պատգամաւորներու Արցախ այցելութեան դէմ»:
Կարապետեան շարունակեց ըսելով, թէ Ազրպէյճանի իշխանութեան առած այս քայլը ոեւէ իրաւական հիմք չունի եւ յստակ է, որ իւրաքանչիւր եւրոպացի քաղաքացի, անհատ, լրագրող կամ քաղաքական գործիչ, որ կը փափաքի Արցախ այցելել՝ իրավիճակին տեղեկանալու նպատակով, այդ իրաւունքը ունի: Աւելին՝ Եւրոմիութիւնը որպէս մարդու իրաւունքներու պաշտպան կառոյց եւ իբր համաշխարհային ազդեցութիւն ունեցող "փափուկ ոյժ" կը հաստատէ, որ իր ներկայացուցիչները իրաւունք ունին այցելել Արցախ առանց պայմանականութիւններու:«Ազրպէյճանի իշխանութեան կը խրատեմ, որ փոխանակ իր ժամանակը սպառելու այսպիսի ապարդիւն նախաձեռնութիւններով, զբաղի իր երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումները լուծելով», եզրափակեց Կարապետեան:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը կը հաստատէ Հայ Դատի պաշտպան իր հայրենակիցներուն, որ Գրասենեակի անձնակազմը ղեկավարուելով յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի կողմէ, աւելի մեծ խանդավառութեամբ պիտի շարունակէ իր գործը:
ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ