Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Երէկ` հինգշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2017-ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպահայութեան 4-րդ համագումարի 2-րդ նիստը: Խորհրդաժողովի 2-րդ օրուան բացման նիստին ընթացքին անգլերէնով խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ Մարիա Սփիարքի, Ֆրանք Էնկել եւ Էլենի Թէոխարուս, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին` նշելով, որ կլոր սեղաններու ընթացքին պիտի խօսուի գրասենեակին եւ եւրոպահայութեան համար շատ կարեւոր նիւթերու` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի հարցերուն մասին:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան իր խօսքին մէջ յիշեցուց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին որոշումներէն մէկը որդեգրուած է այստեղ` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քայլերը շատ կարեւոր են ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան դատապարտման համար, այլ նաեւ անոր կանխարգիլման համար:
Ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները` վեր առնելով անոնց, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը Հայաստանի համար կարեւորագոյն հարցերէն մէկն է: Ան նաեւ ամփոփ կերպով անդրադարձաւ վերջերս տեղի ունեցած Սարգսեան – Ալիեւ հանդիպումին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, անդրադառնալով Եւրոպական խորհրդարանին, զայն կոչեց պետութիւններու եւ ժողովուրդներու միջեւ իմաստալից երկխօսութեան կեդրոն մը, որ նուիրուած է խաղաղութեան ու արդարութեան: Վեհափառ հայրապետը ներկաներուն յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը այլեւս միայն հայ -թրքական յարաբերութիւններու վերաբերող հարց մը չէ, այլեւ մաս կը կազմէ միջազգային ընտանիքը հետաքրքրող հարցերուն:
Ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պնդում մը չէ, այլ պատմական իրողութիւն մը, որ կարելի չէ ժխտել` աւելցնելով, որ զայն ինչ ալ կոչենք, անոր նպատակն ու գործադրութիւնը ցեղասպանական էին: Թուրքիան կրնայ զայն ժխտել եւ կարգ մը պետութիւններ կրնան մերժել զայն ճանչնալ` մեկնելով աշխարհաքաղաքական նկատառումներէ, սակա՛յն ատիկա պատմական իրողութիւն մըն է, իսկ լուռ մնալը երկրորդ ցեղասպանութիւն մըն է: «Գիտեմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման հարցը դիւրին հարց մը չէ, այլ բարդ ու բազմերես, սակայն պէտք է շարունակենք իրաւական լուծումներ գտնել», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս` յոյս յայտնելով, որ եկեղեցական բռնագրաւուած կալուածներու վերադարձը կրնայ փոխհատուցման առաջին շօշափելի եւ իրատեսական քայլը ըլլալ:
Խօսելով Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձին համար Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ յարուցուած դատական հարցին մասին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ այդ քայլին դիմուած է, որովհետեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անպատասխան ձգած է հայկական եկեղեցական կալուածներու վերադարձին վերաբերեալ իր նամակը: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը կաթողիկոսութեան ներկայացուցած դատը նկատած է անընդունելի` առաջարկելով, որ թրքական տեղական դատարաններուն դիմելու ընտրանքը չէ սպառած: Արամ Ա. կաթողիկոս զարմանք յայտնեց այդ որոշումին նկատմամբ` նշելով, որ դատարանը քաջ կը գիտակցի, որ Թուրքիոյ մէջ որեւէ դատարան պիտի չհամարձակի դատ ներկայացնել թրքական դատարանի մը: Ան յոյս յայտնեց, որ դատարանը ընդունի դատը` հիմնուելով ժողովրդավարութեան ու արդարութեան եւ իր սկզբունքներուն վրայ:
Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆրանք Էնկել յայտնեց, որ երբ Լիւքսամպուրկ ձեռնարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքին, իրեն հարցուցած են, թէ. «ի՞նչ պիտի փոխէ», պատասխանը պարզ էր` «այլ ցեղասպանութիւններ պիտի կանխարգիլէ»:
Խօսելով Թուրքիոյ մասին Էնկել յայտնեց, որ պետութիւն մը, որ իր անցեալին հետ չ՛առերեսուիր, ապագայ չունի` աւելցնելով, որ 80 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիր մը կրնայ ներողութիւն խնդրել 3 միլիոննոց ժողովուրդէ մը, սակայն Թուրքիոյ զարգացումները ցոյց կու տան, որ այդ յոյսը կը չքանայ:
Ան յայտնեց, թէ չի կարծեր, որ քանի մի օր առաջ Մալթայի մէջ լրագրողի սպանութիւնը առնչութիւն չունի Ազրպէյճանի հետ, մանաւանդ որ լրագրողը ազրպէյճանական ապօրինի ֆինանսաւորման շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէր:
Ան ըսաւ, որ Ազրպէյճան երբեք Արցախը հանգիստ պիտի չձգէ, ան այդ մէկը պիտի կատարէ այն ժամանակ միայն, երբ Եւրոպական Միութիւնը ճնշում բանեցնէ: Քաթալոնիոյ հարցին լոյսին տակ հողային ամբողջականութիւնը այսօր մեծ կարեւորութիւն ստացած է Եւրոպական Միութեան համար, եւ այդ եզրը «միակ աղօթքն է, որ կ՛ըսենք». սակայն այդ հողային ամբողջականութիւնը կարելի չէ բռնի ուժով պահպանել` ի հեճուկս այդ պետութեան մէջ ապրիլ մերժող ժողովուրդի կամքին:
Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Մարիա Սփիարքի յայտնեց, որ հայկական սփիւռքը աշխուժ մէկ մասն է եւրոպական համայնքներուն: Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւններուն մէջ մեծ աշխատանք կատարուած է, սակայն տակաւին աշխատանքը կը շարունակուի: Երեսփոխանը նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղ միջոցներով, իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ ոք կրնայ ժխտել:
ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան թուեց Հայ դատի յանձնախումբերու գլխաւոր նպատակները` նշելով, որ Հայաստան 2 կողմերէն պաշարուած է բռնատիրական ու թշնամական պետութիւններով: «Հայերը երբեք պիտի չընդունին, որ ցեղասպանութիւնը կրկնուի», ըսաւ ան:
Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Էլենի Թէոխարուս նախապէս արձանագրուած տեսերիզի մը ճամբով ներկաներուն յղեց իր ողջոյնները` նշելով. « Միտքս ու հոգիս միշտ սիրելի Ղարաբաղի կողքին է»: Ան յայտնեց, որ ինք միշտ կը պայքարի Հայաստանի իրաւունքներուն եւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու բարելաւման, ինչպէս նաեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքներուն համար եւ պիտի շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման համար աշխատիլ:
Օրուան առաջին կլոր սեղանի զեկուցավարն էր Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Թուրք մարդկային իրաւանց գործիչ եւ հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքոլու դժբախտաբար չկրցաւ ներկայանալ եւ իր մասնակցութիւնը բերել ընտանեկան հրատապ հարցի մը պատճառով:
Ա. կլոր սեղանի երկրորդ զեկուցաբերն էր Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւաբանական կեդրոնի ատենապետ Քեն Խաչիկեան, որ ներկայացուց կեդրոնի նպատակներն ու առաջնահերթութիւնները: Ան նշեց, որ 50 տարի առաջ ՄԱԿ-ի անդամ էին 100 երկիրներ, այսօր այդ թիւը հասած է 193-ի, այսինքն` 93 երկիրներ աւելցած են, որոնց անկախութեան հիմնաւորումները Արցախի անկախութեան հիմնաւորումէն տարբեր չէին:
Օրուան երկրորդ եւ վերջին կլոր սեղանը կը բաղկանար երկու մասերէ: Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն նուիրուած մասին մէջ ելոյթ ունեցաւ Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, որ յայտնեց, թէ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութիւնը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է: Անցեալ 2 տարիներուն ընթացքին 2 կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները աննախադէպօրէն աշխուժ եղած են: Փոխադարձ այցելութիւններուն թիւը շատ մեծ էր եւ ստորագրուած են շարք մը համաձայնութիւններ: Ան նշեց, որ Հայաստան յաջող կերպով յարգած է Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնութիւններու ծիրին մէջ իր ստանձնած բոլոր յանձնառութիւնները:
«Մեզի համար կարեւոր են Եւրոպական խորհրդարանի եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերող սկզբունքային կեցուածքները, որոնք մեծ նպաստ կը բերեն տագնապի խաղաղ լուծման» ըսաւ ան: Դեսպանը յայտնեց, որ յառաջիկայ Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի ընթացքին պիտի ստորագրուի Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համապարփակ ամրագրուած գործակցութեան համաձայնութիւնը:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քայլերու ծառայութեան բաժինի պատասխանատու Ճիովանի Քրեմոնի նշեց, որ այդ ուղղութեամբ այսօր բաւական լաւատես է, սակայն տակաւին անդամ երկիրներու առնչուած կարգ մը հոլովոյթներ գոյութիւն ունին: Ան նշեց, որ համաձայնութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծէ գործի նոր առիթներ, տնտեսական ապահովէ եւ ելեւմտական միջոցները պիտի դարձնէ հասանելի:
Եկհելոնեան համալսարանէն պատմաբան փրոֆ. Անտրէյ ժիկայ խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին յայտնեց, որ Հայաստանի ամբողջ պատմութիւնը Արցախի տագնապին պատճառով վերածուած է հակամարտութեան դաշտի: Ան ըսաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը միայն քաղաքական եւ տնտեսական չէ, այլ նաեւ անհամընկնելի մշակոյթներու տագնապ: «Անցեալին տիրելը անբաժանելի մասն է ներկային տագնապին պատմագրութիւնը կ՛առաջնորդէ սխալ քաղաքականութեան: «Հելլօ Թրաստ» կազմակերպութեան ականազերծման շրջանային տնօրէն Ապ Պոտի խօսելով Արցախի մէջ իր կազմակերպութեան գործունէութեան մասին ըսաւ, որ ատիկա մարդկային իրաւանց հիմնարար սկզբունքներէ անվտանգ կեանքի ապահովումն է: Ապա ամփոփ կերպով ներկայացուց Արցախի մէջ ականազերծման գործողութիւնը, որ սկսած է 1995-ին, իսկ 2000-էն ի վեր անխափան կերպով կը գործէ շրջանին մէջ աշխատատեղ ապահովելով աւելի քան 200 տեղացիներու, որոնք կը կատարեն գործին մեծամասնութիւնը: Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ տարի ամերիկեան ֆինանսաւորումով անոնց թիւը կը ձգտի բարձրացնել 400-ի: Պոտի նշեց, որ Արցախի մէջ տակաւին կը մնան ականուած 86 շրջաններ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ 6 յունուար 1992-ին Արցախի անկախութեան հռչակումը ամբողջովին համահունչ էր տակաւին գոյութիւն ունեցող Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն: Ան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը գրեթէ ամբողջութեամբ կը գտնուի Արցախի իշխանութիւններուն վերահսկողութեան տակ, իսկ միջազգային ընտանիքը Լեռնային Ղարաբաղը կը հասկնայ իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ: Ան բազմաթիւ հին ու նոր օրինակներ ներկայացուց Ազրպէյճանի բռնատիրութեան, փտածութեան եւ ահաբեկչութեան աջակցութեան վերաբերեալ` աւելցնելով, որ Արցախի անկախութեան այլընտրանքը այսպիսի երկրի մաս կազմելն է:
Նշենք, որ վերջին կլոր սեղանի զրուցավարն էր ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի եւրոպական հարցերու պատասխանատու Հեղինէ Էվինեան:
Երկօրեայ համագումարի աւարտին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշեց, որ երկու օրուան ընթացքին քննարկուած են հարցեր, որոնք կը հետաքրքրեն եւրոպահայութիւնը: Համագումարի կազմակերպումը դժուար ու բարդ էր: Ան համոզում յայտնեց, որ անիկա օգտակար էր, եւ 5-րդ համագումարին ընթացքին հարցերը կը լուծուին:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ Մարիա Սփիարքիին, Ֆրանք Էնկելին եւ Էլենի Թէոխարուսին, որոնք օժանդակած են համագումարի կազմակերպման: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ զեկուցաբերներուն, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի անձնակազմին ու ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբին` ընդգծելով, որ Եւրոպայի հայերը միասնաբար պիտի պայքարին մեր դատերու արդար լուծման համար:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար
Պրիւքսել
aztagdaily.com