կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-09-30 15:28
Հասարակություն

Մեզ համար երկու բարձրագույն արժեք կա՝ հայ մարդն, ուր էլ լինի, ու անկախ պետականությունը

Մեզ համար երկու բարձրագույն արժեք կա՝ հայ մարդն, ուր էլ լինի, ու անկախ պետականությունը

Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն 25-ամեակին առիթով Հայաստանի մէջ «Վանայ ձայն»-ին կատարած հարցազրոյցներու ծիրին մէջ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանին հետ կատարուած հարցազրոյցը, որուն ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Հայաստանի մէջ յուլիսին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, անոնց առնչութեամբ Հայաստանի մէջ առկայ մօտեցումները, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի ապագայ հեռանկարները:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Խնդրեմ` ընդհանուր գիծերու մէջ արժեւորեցէք յուլիս 17-էն մինչեւ յուլիսի աւարտը Հայաստանի մէջ պատահած դէպքերը:

ԱՂՈՒԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Մեր գնահատականը յայտնի է: Առաջին օրէն մենք մեր մեկնաբանութինը տուած ենք` ըսելով, որ այդ մարդիկը (պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքի գրաւող զինեալ խումբի անդամները, «Ա.») ընտրած են ամէնէն սխալ եւ դատապարտելի ճանապարհը երկրին մէջ կատարելու որակական փոփոխութիւններ, որոնք թէեւ անհրաժեշտ են, բայց զէնքով, բռնութեամբ, պատանդներ վերցնելով եւ ահաբեկչութեամբ կարելի չէ իրականացնել, հարցերը այդպէս չեն լուծուիր, պէտք է բացառել Հայաստանի ներքին կեանքի մէջ ընդհանրապէս բռնութեամբ հարցեր լուծելու եղանակը:

Եթէ հայեացք մը նետենք այդ խումբի քանի մը հոգիի գործունէութեան վրայ, կը տեսնենք, որ, ըստ իրենց, քաղաքական ուժեր եւ մեթոտներ գոյութիւն չունին, քաղաքական մեթոտներով հնարաւոր չէ Հայաստանի մէջ բան փոխել. անոնք նաեւ կը հաւատան, որ բոլորը սխալ են, եւ միայն իրենք` ճիշդ: Ասիկա կը վկայէ սխալ մտածողութեան մը մասին: Չի կրնար ըլլալ, որ բոլորը սխալ են եւ միայն իրենք ճիշդ: Այս ուղղութիւնը եւ մտածելակերպը ինքնին սխալ է: Հասարակութեան շատ լայն շրջանակներ չեն կրնար այս ճանապարհով առաջնորդուիլ. բայց, ցաւօք, մենք ականատես եղանք նաեւ հասարակութեան շերտի մը, որ աջակցեցաւ այդ տեսակ մտածողութեան: Իրապէս սարսափելի է, որ մեր անկախութեան 25-րդ տարին չենք կրցած ունենալ այնպիսի պետականութիւն, այնպիսի հասարակութիւն, այնպիսի մտածողութիւն եւ քաղաքացիական կեցուածք, որ բացառենք ներքին կեանքի մէջ բռնութեամբ հարցեր լուծելու եղանակը:

Այս ճանապարհը ոչ մէկ տեղ կ’առաջնորդէ: Տարօրինակ է նաեւ, որ որոշ մարդիկ եւ, ափսոս, քաղաքական ուժեր այս տեսակ մօտեցումները ողջունեցին եւ կանգնեցան անոնց կողքին: Դժբախտաբար եղան նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք նախապէս իրենց գործունէութեամբ կը յայտարարէին մարդու ազատութիւն եւ իրաւունք, ժողովրդավարական արժէքներ, եւրոպական համամարդկային արժէքներ, եւ յանկարծ այդ հասարակական կազմակերպութիւնները աջակցեցան զէնքի, բռնութեան եւ նման քայլերու: Ասիկա կը խօսի մեր հասարակութեան որոշակի ապատեղեկատուութեան մասին:

Ես չէի ուզեր գնահատականներ տալ, որովհետեւ կայ մարդոց խումբ մը, որ կը կարծէ, թէ այս արարքին վրայ ռուսական կամ արեւմտեան հետք կայ: Կարելի է այդ հետքերը տեսնել, բայց մեր խնդիրը այդպիսի միջամտութիւններու առաւելագոյնս չէզոքացումը պէտք էր ըլլար: Արտաքին ուժերը միշտ պիտի փորձեն Հայաստանը տկարացնել եւ առաջնորդուիլ իրենց շահերով: Իրենց քաղաքականութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացնելը իրենց գործն է, չենք կրնար մեղադրել, իրենց շահը այդ կը թելադրէ: Բայց կարեւորը մեր շահը ո՞ւր է: Մենք խորապէս համոզուած ենք եւ այս մասին յայտարարեցինք, որ պատահածը հոկտեմբեր 27-ի եւ մարտ 1-ի դէպքերէն ետք երրորդ հարուածն էր մեր պետութեան, երբ մենք կը պատրաստուէինք անկախութեան 25-ամեակը նշելու:

Ցաւ է, որ չենք կրցած մեր հասարակութեան մէջ արմատախիլ ընել այս կարգի մտածողութիւն, չենք կրցած հասկցնել, որ ասիկա կը տկարացնէ մեր պետութիւնը: Մարդիկ կը խօսին իբր թէ պետութիւնը բարեփոխելու, լաւ Հայաստան ունենալու մասին, բայց նման գործողութիւն իրականութեան մէջ կը տկարացնէ եւ կ՛ոչնչացնէ Հայաստանը: Հետաքրքրական է, որ երբ հետեւինք այն յայտարարութիւններուն, զորս մարդիկ կ՛ընէին առաջին եւ վերջին օրերուն, կտրուկ տարբերութիւն կը տեսնենք, եւ ասիկա կը վկայէ, որ իրենք յընթացս կը փորձէին այլ դաշտ տեղափոխուիլ: Այն մարդիկը, որոնք կը մերժէին քաղաքական կուսակցութիւններ, կը մերժէին քաղաքական մեթոտներ, քաղաքական օրակարգ, յանկարծ սկսան խօսիլ քաղաքական մեթոտներու եւ ընտրութիւններու օրինականութեան մասին: Ասիկա ցոյց կու տայ այդ մարդոց անպատրաստուածութիւնը եւ տուեալ ժամանակի մէջ յարմարելու անկարողութիւնը: Ինծի համար բոլորովին զզուելի բան է բարձրագոչ հայրենասիրութիւնը: Հայրենիքին ծառայելը, հայրենիք բարեփոխելը կը կատարուի մտքով, աշխատանքով, հետեւողականութեամբ: Ինծի համար մարդու ամէնէն անընդունելի տեսակը ան է, որ բարձր կը գոռայ հայրենիքի շահերուն մասին: Ես այս տեսակ մարդիկը կը բաժնեմ երեք խումբի. առաջին խումբ, որ բոլորովին անտեղեակ են, թէ ո՛ւր կ՛երթան, ի՛նչ կ՛ընեն. մէկու մը խօսքին հաւատալով, անպատրաստ ոտքի ելած` կը քալեն, երկրորդ խումբը` ազնիւ, հայրենասէր մարդիկ են, կը փորձեն բան մը ընել, բայց այնպիսի ազդեցութեան տակ են, որ ստիպուած` սխալ ճանապարհ բռնած են: Իսկ երրորդ խումբի մարդիկը հաւատացած են, որ միայն իրենք ճիշդ են, իսկ բոլորը մնացեալները` սխալ:

Հ.- Արցախեան ազատագրական պայքարի կարգ մը ազատամարտիկներու նկատմամբ այս դէպքերը շահագործուեցա՞ն :

Ա. Վ.- Որոշ մարդիկ օգտագործեցին բնականաբար: Տեսէ՛ք, այս նոյն մարդիկը, որ ըսին, թէ տարածքներ յանձնելու համար կ՛ընեն այս բոլորը, մէկ-երկու տարի առաջ, երբ դեռ բանակցութիւնները նոր փուլ չէին մտած, եւ քառօրեայ պատերազմ չէր սկսած, անոնք կ՛ըսէին. «100-ամեակն` առանց ռեժիմի» եւ նոյն բանը այն ժամանակ կ՛ուզէին ընել, այսինքն ասիկա խմբաւորման տեսակ է, լուսանցքային մտածողութեան տեսակ, որ դոյզն իսկ չէր կրնար ու չի ալ կրնար ընկալելի ըլլալ մեզի համար: Այո՛, աւարտեցաւ: Կը յուսանք, որ ապօրինութիւնները, անյաջող գործողութիւնները, որոնք կատարուեցան քաղաքացիներուն եւ լրագրողներուն հանդէպ, իսկապէս պատժուին, բայց ունինք լուրջ խնդիր, պէտք է աշխատինք մեր հասարակութեան գոնէ գերակշիռ մասին ընկալելի եւ հասկնալի դարձնել, որ սա ելք չէ, ճանապարհ չէ, ասոր կողքին կանգնիլը ուղղակի կը վտանգէ երկրի ապագան, իրենց ընտանիքներու եւ երեխաներուն ապագան: Վստահ եմ, որ ժամանակ մը ետք ամէն բան իր տեղը կը գտնէ: Յուսանք, որ դատավարութիւնները ըլլան օրէնքի սահմաններուն մէջ, կոչ կ՛ուղղենք, որ վրէժխնդրութիւն չըլլայ եւ իւրաքանչիւրը պատասխանատուութիւն կրէ իր կատարած արարքին համար, որպէսզի կարենանք այս վիճակէն դուրս գալ: Ամէնէն վատը այն էր, որ դէպքը սասանեց մեր երկիրը: Եւս մէկ անգամ միջազգային ասպարէզին մէջ խնդրոյ առարկայ դարձուց Հայաստանի վարկը, եւ անոր ազդեցութիւնները ցաւօք դեռ երկար կը տեւեն:

Հ.- Յետո՞յ ինչ…

Ա. Վ.- Հայաստանի մէջ հարցերը կը լուծուին իսկապէս մտքի աշխատանքով: Մենք շատ կարեւոր հիմքեր ստեղծած ենք: Դժուարութեամբ, տարիներու հետեւողական աշխատանքով, համոզումով, փաստաթուղթերով, ապացոյցներով հիմք դրած ենք նոր սահմանադրութեան, խորհրդարանական կառավարման համակարգի, որ Հայաստանի համար ոչ թէ թշնամանքի, զիրար ոչնչացնելու ուղղութիւն է, այլ` խնդիրները միասին քննարկելու, բանավիճելու, ճիշդ լուծումները հնարաւորինս գտնելու եւ մանաւանդ բացառելու, որ Հայաստանի մէջ մէկ անձ միայն որոշէ բոլոր հարցերը կամ մէկ կուսակցութիւն կարենայ լուծել խնդիրները:

Վստահ եմ, որ «Յետոյ»-ն կը վերաբերի 2017 թուականին ձեւաւորուող խորհրդարանին, եւ կ՛ակնկալեմ, որ այդ խորհրդարանին մէջ արդէն կ՛ըլլայ որոշակի հաւասարակշռութիւն, որեւէ ուժ չ՛ունենար բացարձակ մեծամասնութիւն, հարցերը կը քննարկուին եւ կը լուծուին, միջոցները, ուղղութիւնները կը յստակեցուին համախոհաբար իրարու գիտելիքները, իմացութիւնը միացնելով, եւ ոչ թէ` բաժնելով: Հիմա Հայաստան կ՛ապրի նախընտրական փուլ, կան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, որոնք կ’ընդգրկեն ամբողջ Հայաստանը` չնչին բացառութիւններով. քաղաքական ուժերը կը փորձեն այստեղ բնական ճանապարհով տեղական մարմիններու պայքարներով իրենց ազդեցութիւնը մեծցնել եւ պատրաստուիլ ապրիլ ամսուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ ի՞նչն է այսօր հետաքրքրականը: Հասարակութեան մեծ մասը, հասարակական կազմակերպութիւնները այսօր կը խօսին այն մասին, որ քաղաքական ուժերը վարկանիշ չունին, վստահութիւն չեն վայելեր, ասիկա ճշմարիտ է: Մեր քաղաքական մակարդակը անհրաժեշտ տեղը հասած չէ, բայց, միւս կողմէն, վերջին ամիսներուն ընթացքին նոր կուսակցութիւններ ստեղծուեցան: Հակադրութիւն կայ այստեղ, մէկ կողմէն կուսակցութիւնները վստահութիւն չունին հասարակութենէն, իսկ միւս կողմէն` անընդհատ կուսակցութիւններ կը ստեղծուին: Ի՞նչ է ասոր պատճառը: Մարդիկ, քաղաքական գործիչներ կը գիտակցին, կը հասկնան կամ ենթագիտակցաբար կը տեսնեն, որ նոր խորհրդարանական համակարգը այլեւս պետութեան կառավարման առանցքային դերակատարներ կը դարձնէ քաղաքական ուժերը, կուսակցութիւնները, եւ կախուած խորհրդարանի պատկերէն, ներկայացուածութենէն` անոնք, որոնք յաճախ խորհրդարանին մէջ կ՛ըլլան, արդէն հիմք կ՛ունենան շարունակելու, ընդլայնելու, ծաւալելու եւ որոշումներուն վրայ ազդելու: Ասոր համար անընդհատ նոր կուսակցութիւններ կը ստեղծուին, որպէսզի այդ բացը փորձեն լեցնել եւ խորհրդարանին մէջ տեղ ունենան:

Ես վստահ եմ, 2017 թուականի ընտրութիւնները ինչ-որ տեղ ջրբաժան պիտի ըլլան, անկէ ետք կը մնան հիմնական քանի մը կուսակցութիւններ, դաշինքներ կը յառաջանան, կը միաւորուին եւ կը դառնան քաղաքական դերակատար ուժեր Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ: Խորհրդակցաբար քննարկումներով հնարաւոր կ՛ըլլայ ձեւաւորել իրական համախոհութիւն. երբ մէկը չունի մեծամասնութիւն, ստիպուած պիտի միաւորուի միւսներուն հետ, իսկ միաւորուիլ` կը նշանակէ, որ դուն որեւէ հարց պիտի քննարկես եւ ապացուցես քու ճիշդ ըլլալդ, առանց միւսներուն` պիտի չկրնաս որոշում կայացնել, ասիկա, կը կարծեմ, քաղաքակիրթ եւ բնական բանավէճի զարգացումներու հիմք կը դառնայ:

Ահա՛ այսօրուան իրականութիւնը: Ես խորապէս համոզուած եմ, որ Դաշնակցութիւնը իր հետեւողական քաղաքականութեամբ երբեք ամբոխավար չէ եղած: Մենք մեր տեսակով չենք ալ կրնար ամբոխավար ըլլալ, չենք կրնար այսօր բան մը ըսել, եւ տարի մը ետք` հակառակը: Մենք մեր հիմնական, գաղափարական, ծրագրային ուղղութիւններով կրնանք արտօնագրել, որ այսօր Հայաստանի պետական քաղաքականութեան հիմքին մէջ կը դրուին Դաշնակցութեան մօտեցումները: Եթէ այս իրականութիւնը կարենանք բացատրել, հասարակութեան մատչելի կերպով ներկայացնել, վստահ եմ, որ մենք կ՛ունենանք շատ աւելի լուրջ ներկայացուցչութիւն Ազգային ժողովին մէջ, ուր իսկապէս որոշումները կը կայացուին մեր անմիջական մասնակցութեամբ եւ ազդեցութեամբ:

Խորապէս համոզուած եմ, իբրեւ դաշնակցական, որ Հայաստանի զարգաման ճանապարհը ա՛յս է, եւ մենք ունինք բոլոր աղբիւրները ապահովելու մեր անվտանգութիւնը, արցախեան անվտանգութիւնը, Հայաստանի մէջ որակական արմատական փոփոխութիւններ յառաջացնելու, ընկերային տնտեսական կեանքին մէջ մարդոց վստահութիւնը աւելցնելու, նոր որակի իշխանութիւն ձեւաւորելու: Ակնյայտ է, որ այսօրուան իշխանութիւնը որակապէս պիտի բարելաւուի եւ բարեփոխուի:

Վստահ եմ, որ Հայաստան ունի բոլոր հնարաւորութիւնները` անկախութիւնը եւ ինքնուրոյնութիւնը պահելու, տարածաշրջանին մէջ գործօն` դառնալու, իսկ եթէ կարենանք համախմբել գոնէ մեր համահայկական կարողութիւններու որոշակի տոկոսը, վստահ եմ, որ մենք մեր ազդեցիկ տեղով իբրեւ գործօն կրնանք նաեւ հանդէս գալ աշխարհի մէջ: Ա՛յս է ճանապարհը, որ կ՛ենթադրէ աշխատանք: Սուտ են, կեղծ են բոլոր այն հաստատումները, որոնց համաձայն, իբր թէ այլ ելք չկայ, միակ ելքը «Սասնոյ ծռեր» կոչուած խումբին ըրածն է: Ելք կայ, բայց այդ ելքը կ՛ենթադրէ կազմակերպուածութիւն, աշխատանք, մարդկային գիտակցութեան բարեփոխում, ինքնաբարեփոխում, քաղաքական համակարգի կայացում:

Հ.- Դաշնակցութեան մօտեցումները, հարցերու լուծման եղանակները դաշնակցական նախարարներու ծրագիրներն ու գործունէութիւնը ինչո՞ւ հասարակութեան մէջ պէտք եղած ձեւով չեն դրսեւորուած:

Ա. Վ.- Գիտէք` մենք միշտ այս հարցը ունեցած ենք, երբ համախմբականի մէջ եղած եւ կառավարութեան մաս կազմած ենք: Այսօրուան հասանելի աշխարհին մէջ յաճախ մարդիկ ցցուն, աչք ծակող, զգայնութիւն յառաջացնող մօտեցումներով կ’առաջնորդուին: Մարդոց այդ շերտը ընկերային ցանցերու մէջ շատ աշխուժ է, մինչ եթէ հետեւիք քաղաքական պայքարի մէջ գտնուող մարդոց, կը տեսնէք հսկայական տարբերութիւն: Իրապէս հեշտ է փակուիլ տան մէջ գրել ու քննադատել. ասիկա պատասխանատուութեան զերօ աստիճան է: Իսկ քաղաքական դաշտ նետուիլ, պայքարիլ` արդէն այլ բան կ՛ենթադրէ: Այո՛, մենք ունինք դժուարութիւն: Մեր տեսակէտները, մօտեցումները, քայլերը չենք կրցած հասանելի դարձնել հասարակութեան շատ լայն շերտերուն: Գիտէք` բոլոր հասարակութիւնները այդպէս են. փրփուրը ջուրին երեսը կ՛ըլլայ: Բայց տեսէք, երբ կ՛ըսեմ Դաշնակցութեան առանցքային մօտեցումները, սկզբունքները դարձեր են պետական քաղաքականութեան հիմք, նկատի ունիմ 90-ականներէն Արցախի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը, երբ չէին հաւատար, որ Արցախը կրնայ կազմակերպուիլ եւ ինքնապաշտպանուիլ, նկատի ունիմ հայ-թրքական յարաբերութիւնները, երբ ի վերջոյ բոլորը յանգեցան այն եզրակացութեան, որ Դաշնակցութիւնը ճիշդ էր:

Այդ արձանագրութիւնները կեանքի չկոչուեցան, Թուրքիան պիտի չբանար սահմանը` առանց նախապայմաններու, Թուրքիան պայմանաւորած էր իր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ` Ղարաբաղի հարցի ազրպէյճանամէտ լուծումով, Հայաստանի զբօսաշրջութեան նուազեցումով, ի վերջոյ նոյն իշխանութիւնները, որոնք ձեռնարկեր էին ֆութպոլային դիւանագիտութեան, յանգեցան Դաշնակցութեան տեսակէտին, եւ այս յայտարարուած, արտայայտուած է Սահմանադրական դատարանի նիստերուն, Հայաստանի նախագահին վերջին ելոյթներով: Համոզուեցան ի վերջոյ, որ հնարաւոր է Ղարաբաղի հարցով առանց զիջելու Հայաստանի մէջ բարեփոխումներ ընել: Սա եւս Դաշնակցութեան մօտեցումն էր: Համոզուեցան, որ այն գնահատականները, որոնք տրուած են 100-ամեակի համահայկական հռչակագիրին մէջ, Դաշնակցութեան մօտեցումներն էին: Համոզուեցան, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը միայն անցեալի հարց չէ, այլ նաեւ` ապագայի: Համոզուեցան, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգը ճիշդ տարբերակն է: Մենք կրցանք նաեւ մասնագէտներու հետ աշխատանքով, քննարկումներով ապացուցել, որ այլ տարբերակ գոյութիւն չունի: Տարիներ շարունակ նոյն իշխանութիւնները կը բացառէին 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգ ընդունիլ, որովհետեւ իրենք մեծամասնական էին եւ առաւելութիւն ունէին: Այսօր ունի՞նք 100 տոկոս համամասնական, գուցէ ոչ կատարեալ, բայց ունինք լաւ ընտրական օրէնսգիրք:: Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ երբեք շատ մեծ թիւ չէ ունեցած, առաւելագոյն թիւը եղած է 6500-7000 հազար, բայց 2007 թուականի ընտրութիւններուն հաւաքած էր 180 հազար ձայն, մինչ 400 հազար անդամ հաշուող կուսակցութիւններ հաւաքած էին 220 հազար կամ 100 հազար ձայն: Ահա՛ Դաշնակցութեան տարբերութիւնը: Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ կազմակերպել գիտակից մտածող մարդոց շրջանակներուն այս հաստատումները, այս փիլիսոփայութիւնը այս ուղղութիւնը: Այո՛, դժուարութիւններ ունինք, բայց գիտենք նաեւ, որ կաթիլը քար կը ծակէ: Այս ընթացքի մէջ ենք:

Հ.- Վերջին խօսք` 25-ամեակին առիթով:

Ա. Վ.- Անկախութիւնը բացարձակ արժէք է. Դաշնակցութեան համար միշտ այդպէս եղած է: Հազա՛ր ափսոս, որ մենք անկախութեան այս 25 տարիներու ընթացքին չենք կրցած այս գիտակցութիւնը դարձնել համընդհանուր կամ գերակշիռ մասին սեփականութիւնը: Մեզի համար երկու բան բարձրագոյն արժէք են` հայ մարդը, ո՛ւր ալ ըլլայ, եւ անկախ պետականութիւնը: Միայն անկախ պետականութեամբ անհատ ու ժողովուրդ կրնան լաւագոյնս դրսեւորուիլ: Մենք շատ ժամանակ կորսնցուցած ենք, շատ ժամանակ մսխած ենք եւ չենք կրցած պետականութեան արժէքը հասցնել շատերուն: Մեր գործը եւ խնդիրը պիտի ըլլայ նախ` շնորհաւորել 25 տարուան շարունակական անկախութիւնը, որ 1000 տարի չենք ունեցած, ապա` ամէն գնով հզօրացնել, բարեփոխել երկիրը, իշխանութեան որակը փոխել եւ վստահութիւն նեշնչել մեր հասարակութեան մեծ մասին` պահելով մեր տեսակի ինքնուրոյնութիւնը մեր պետականութեամբ եւ սփիւռքով: Անկախ մեր դժուարութիւններէն, յուսահատական տարբեր դրսեւումներէն, ընկերային-տնտեսական վիճակէն` երբեք չտատանինք, ըլլանք անկախ պետականութեան կողքին եւ սատարենք, ուժեղացնենք մեր պետականութիւնը: Վստահ եմ, որ մենք տարածաշրջանին մէջ ունենալու ենք ուժեղ կազմակերպուած ազգային պետականութիւն, եւ մեր շահերը մենք ենք պաշտպանելու:

Արտագրեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Հարցազրոյցը վարեց` ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

aztagdaily.com