Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Հայութեան բնաջնջումի ծրագիրը ի գլուխ պիտի հանեն, եթէ յարմարագոյն առիթը ներկայանայ։ Իսկ այդ առիթը կամ պատեհ րոպէն միջազգային բարդութիւններն են, որոնք գոնէ կարճ ժամանակի մը համար պիտի կրնան Եւրոպայի ուշադրութիւնը Արեւելքէն հեռու պահել եւ թողուլ, որ դահիճն ու զոհը մնան առանձին, դէմ դիմաց։ Ահա այդ ահաւոր րոպէին է, որ հայաջնջումի ահեղ ծրագիրը պիտի իրականանայ առանց դժուարութեան եւ պատմութեան մէջ նմանը չտեսնուած ողբերգութեամբ»...
Ա. ՎՌԱՄԵԱՆ
Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան վերաբերեալ մեր նորագոյն պատմութեան էջերը թերթատելով, ընթերցողին ուշադրութիւնը վստահաբար պիտի գրաւէ Մեծ Եղեռնի առաջին նահատակներէն Ա. Վռամեանի հռչակաւոր մարգարէական կանխատեսումը.
«Թուրքիոյ, Կովկասի եւ Պարսկաստանի մէջ ապրող հայը գիտնալու է այսօր, որ ահեղ դաւադրութիւն մը կայ իրեն դէմ, միլիոնաւոր մոլեռանդներու լռելեայն համաձայնութիւնը կռնակ ունենալով: Թաթարներու այսօրուան արարքներն եւս Կովկասի մէջ, որոշ ծրագրի մը գոյութիւնը կը մատնեն՝ տնտեսապէս ջախջախել հայերը, անոնց երիտասարդ ուժերը սպառել եւ մնացորդը մղել գաղթելու.- Հայութեան բնաջնջումի ծրագիրը ի գլուխ պիտի հանեն, եթէ յարմարագոյն առիթը ներկայանայ։ Իսկ այդ առիթը կամ պատեհ րոպէն միջազգային բարդութիւններն են, որոնք գոնէ կարճ ժամանակի մը համար պիտի կրնան Եւրոպայի ուշադրութիւնը Արեւելքէն հեռու պահել եւ թողուլ, որ դահիճն ու զոհը մնան առանձին, դէմ դիմաց։ Ահա այդ ահաւոր րոպէին է, որ հայաջընջումի ահեղ ծրագիրը պիտի իրականանայ առանց դժուարութեան եւ պատմութեան մէջ նմանը չտեսնուած ողբերգութեամբ»...
1905-ին գրուած են Ա. Վռամեանի մարգարէական այս մտածումները։ Գրուած են Արեւելահայաստանի մէջ եւ Անդրկովկասի տարածքին ցարական իշխանութեանց դրդած հայեւ թաթարական ընդհարումներու օրերուն եւ ազգամիջեան այդ արիւնալի գրգռութեանց լոյսին տակ։ Վռամեան այդ ժամանակ կը գտնուէր Պոսթըն՝ Մ. Նահանգներ հաստատուած հայ պանդուխտները կազմակերպելու դաշնակցական գործիչային առաքելութեամբ եւ մարգարէական իր կանխատեսումը հրապարակած էր տեղւոյն «Հայրենիք» օրաթերթի 28 Հոկտեմբերի թիւով լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ։
Հոդվածն ամբողջովին՝ այստեղ: