կարևոր
499 դիտում, 2 ժամ առաջ - 2025-10-08 23:33
Աշխարհ

Արամ Ա․ Վեհափառը հետևել է հոգևոր կենտրոնի շինարարությանն ու հանձնարարականներ տվել

Արամ Ա․ Վեհափառը հետևել է հոգևոր կենտրոնի շինարարությանն ու հանձնարարականներ տվել

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը այցելել է շինության մեջ գտնվող «Բեզիքյան» կենտրոն․

«Ինչպէս օրին յայտարարած էինք, սիրով ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին, տիար Զարեհ Պէզիքեան եւ դուստրը՝ Անին, յանձն առին Կաթողիկոսարանէն ներս Պէզիքեան անունը կրող բազմանպատակ կեդրոնի մը կառուցման բարերարութիւնը: Տիար Զարեհ Պէզիքեան այս օրինակելի բարերարութիւնը կը կատարէ որպէս արտայայտութիւն իր ծնողաց, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի նկատմամբ ունեցած սիրոյն ու երախտագիտութեան: «ՊԷԶԻՔԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ»ը պիտի ներառէ.-

1) Հանդիսասրահ՝ շէնքին գետնայարկը եւ առաջին յարկը, պիտի բաղկանայ 500 աթոռներէ:

2) Բազմանպատակ սրահ՝ երկրորդ յարկի վրայ, պիտի ներառէ շուրջ 300 հոգի:

3) Համագումարներու սրահ՝ երրորդ յարկի վրայ, պիտի ունենայ 200 աթոռ: Համագումարի սրահին կից պիտի կառուցուի 30 հոգի ներառող ժողովասրահ:

4) Վեհափառ Հայրապետին յատուկ աշխատասենեակ, հիւրասենեակներ եւ պաշտօնական հիւրասիրութեան յատուկ սրահ՝ չորրորդ յարկի վրայ:

5) Ներքնայարկը պիտի բաղկանայ զանազան ձեռնարկներու, տօնակատարութիւններու ու հանդիպումներու նախապատրաստութեան յատուկ սենեակներէ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անձամբ կը հետեւի շինարարութեան աշխատանքներուն՝ շինարարական յանձնախումբի ատենապետ տիար Գրիգոր Մահսէրէճեանի եւ ճարտարապետ Վազգէն Չէքիճեանի հետ միատեղ:

Այս առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը անձամբ դարձեալ այցելեց շինութեան վայրը եւ հանդիպում ունեցաւ ճարտարապետին ու շինարարութեան ընդհանուր պատասխանատուներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը մօտէն ծանօթացաւ աշխատանքներու ընթացքին եւ անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց:

Յայտնենք, որ շինարարական աշխատանքները դրական ընթացքի մէջ են»: