կարևոր
4402 դիտում, 5 ամիս առաջ - 2024-05-28 11:52
Քաղաքական

Վստահ ենք, որ շարժումի հայրենասէր զանգուածին ու ՀՅԴ երթը այսպիսի արարքներով կարելի չէ կասեցնել․ յայտարարութիւն

Վստահ ենք, որ շարժումի հայրենասէր զանգուածին ու ՀՅԴ երթը այսպիսի արարքներով կարելի չէ կասեցնել․ յայտարարութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքներու միակողմանի զիջումներուն ու հայութեան հայրենաբնակ ու սփիւռքեան հաւաքականութիւններուն մէջ ստեղծուած երկփեղկումի ու հակադրութիւններու մթնոլորտը հասաւ անհանդուրժելի սահմաններու:

Ի տես հայրենակործան այս ընթացքին եւ կացութիւնը փրկելու համար ծայր առաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը, որ խաղաղ ու ժողովրդավարական քաղաքակիրթ ոճով արտայայտեց իր բողոքն ու ընդդիմութիւնը այս ընթացքին դէմ:

Բողոքի այս ցոյցերուն նկատմամբ Հայաստանի իշխանաւորներու վերաբերումը անցաւ ապատեղեկատուութեան եւ ցեխարձակումներուն արշաւէն հասնելով մինչեւ վայրագ ու բիրտ ճնշումներու արշաւ:

Արդարեւ, միայն երէկ` երկուշաբթի, 27 մայիս 2024-ին, Հայաստանի ոստիկանութեան յատուկ ջոկատներ խոշտանգումներու եւ ձերբակալման ենթարկեցին շուրջ 300 քաղաքայիններ, խաղաղ ցուցարարներ, եւ նոյնիսկ` պատահական անցորդներ:

Խոշտանգումներու եւ ձերբակալութիւններու արշաւը չխնայեց նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի անդամները, որոնցմէ վերջինը հանդիսացաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ ընկեր Աշոտ Սիմոնեանը: Ոստիկանական նոյն ջոկատները փորձեցին ներխուժել Երեւանի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Հայաստանի Սահմանադրութեան ու օրէնսդրութեան այս բիրտ խախտումները, որոնք նաեւ մարդկային ու ժողովրդավարական տարրական իրաւունքներուն կոպտագոյն անտեսումը կը հանդիսանան:

Իշխանութիւններու գլխուն գտնուող Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կամակատարները պատասխանատու են Հայաստանի սահմանադրական եւ օրինական կարգն ու քաղաքական կուսակցութիւններու եւ քաղաքացիներու տարրական իրաւունքները խախտող այս արարքներուն:

Հայրենի հողատարածքներու շերտ առ շերտ զիջումի, պետական կառոյցներու քայքայման եւ պետականութեան հիմքերու խարխլման վրայ աւելցող այս յանցագործութիւնները անպատիժ չեն կրնար մնալ հայաստանեան օրէնսդրութեան իսկ բերմամբ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ այդ թրքաբարոյ արարքներու թիրախ դարձած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին եւ հայրենի ժողովուրդի զանգուածներուն, ի մասնաւորի` ՀՅԴ հայաստանեան կառոյցի մեր ընկերներուն:

Վստահ ենք, որ յիշեալ շարժումի հայրենասէր զանգուածին ու ՀՅ Դաշնակցութեան երթը այսպիսի արարքներով կարելի չէ կասեցնել:

Հայրենաբնակ ժողովուրդին Սրբազան պայքարը անպայման իր յաղթական աւարտը պիտի ունենայ:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ