Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնները Իրանի մէջ ազրպէյճանական դեսպանատան դէմ իրականացուած յարձակումին առիթով լուսարձակներ կը բանան որոշ դիտարկումներու վրայ:
Անգարան կը ստանձնէ Պաքուի դերը` Իրանէն պարզաբանումներ պահանջելու: Երբ ներքին կարգով չէ այդ պահանջը, այլ հրապարակային, կ՛ենթադրէ ուրեմն, որ Թեհրանին ուղղելով հարցումները, Անգարան նաեւ կ՛ուզէ բացայայտել առնուազն դէպի լարուածութիւն գացող յարաբերութիւններու այսօրուան պատկերը: Պաշտօնական Թեհրանին բացատրութիւնները, թէ միջադէպը կենցաղային հիմքի վրայ արձանագրուած է, յայտնաբար չէ գոհացուցած Անգարան:
Սուր կերպով քաղաքականացնելով խնդիրը` Անգարայի ներկայացուցիչը բաւական հեռուները գացած է աշխարհագրութիւնը ընդլայնելով: Թուրք բարձրագոյն դիւանագէտը առիթը լիարժէք օգտագործած է ներկայացնելու Ազրպէյճանի դէմ իրականացուած գործողութիւններու մինչայժմեան հանրագումարը: Յիշած է Փարիզի մէջ արձանագրուած երկու միջադէպ, Լիբանանի մէջ հայ համայնքի կազմակերպած ցոյցը` զայն որակելով «անօրինական գործողութիւն» եւ Լոնտոնի մէջ «արմատականներ»-ու հերթական խումբի մուտքը ազրպէյճանական տարածք (իմա՛ դեսպանութիւն):
Չաւուշօղլուն առանց սպասելու ուրեմն տուած է գնահատական` Իրանի պատահարին: Երբ ազրպէյճանական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու դէմ կատարուած բողոքի գործողութիւններու շարքին դասած է Իրանի մէջ գործող ազրպէյճանական դեսպանատան վրայ իրականացուած յարձակումը` զայն պարզապէս այդ շղթայի մէկ օղակը նկատելով:
Անգարան Թեհրանէն կ՛ակնկալէ բացայայտել դէպքը, տեղեկատուութիւն հաղորդել Ազրպէյճանին եւ պատժել պատասխանատուները:
Լրիւ Պաքուի դերով հանդէս եկող Անգարայի ուղերձը քանի մը առանցք ունի:
Իրանին եւ Իրանի ճամբով առնչուած պետութիւններուն պարզ կը դարձնէ, որ Պաքուի անունով խօսելու, Պաքուի իրաւունքները պաշտպանելու եւ Ազրպէյճանի դէմ ուղղուած գործողութիւնները ի՛րը սեպելու դիրքերէն է, որ կը խօսի Թուրքիան: Նոյնացում` թրքական եւ ազրպէյճանական պետութիւններու:
Իրանին պարզ կը դարձնէ, որ Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները մշակելէ եւ համապատասխան գործողութիւններու դիմելէ առաջ, Թեհրանը պէտք է նկատի ունենայ, որ այդ բոլորը կ՛ընկալուին Թուրքիոյ ուղղուած:
Երբ Փարիզը, Անգլիան եւ Լիբանանը կը յիշուին իբրեւ թատերաբեմ հակաազրպէյճանական գործողութիւններու, պարզապէս անուղղակիօրէն ըսել կ՛ուզուի, որ Իրանի դէպքը եւս մաս կը կազմէ այդ շղթային:
Այլ խօսքով, ըստ Անգարայի, տարբեր երկիրներու մէջ Ազրպէյճանի դէմ իրականացուած բողոքի ցոյցերը Իրանի մղումը ունին: Ասիկա ծանր մեղադրանք է ուղղուած Իրանին:
Իրանի մէջ գործող ազրպէյճանական դեսպանատան պատահարին կը յաջորդէին Իսֆահանի մէջ իրանեան ռազմական գործարանի, այնուհետեւ Իրաքէն Սուրիա տեղափոխուող իրանեան շարասիւնի դէմ իրականացուած անօդաչու սարքերու յարձակումները:
Եւ եթէ այդքան նոյնացած են Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, Թեհրանը այս բոլորին համար հաշիւ պէտք է պահանջէ Թուրքիայէն: Կը թուի արդէն, որ համատարած համոզում է, որ իսրայէլեան անօդաչուները ազրպէյճանական ռազմակայաններէ թռիչք առած են:
Յարաբերութիւններու եւ արդէն իսկ ծայր առած գործողութիւններու այս համապատկերին մէջ պէտք է քննարկել Բերձորի միջանցքի փակման երկարատեւութիւնը, «զանգեզուրեան» հոլովուող «միջանցք»-ի բացման յանկերգը, Իրանի դիրքորոշումներու վճռականութեան կամ Ծոց-Սեւ ծով ցամաքային նոր տարանցիկութեան գործարկման առարկայացման երեւոյթները
«Ա.»
aztagdaily.com