կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-09-20 21:27
Սփյուռք

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Վտանգուած անկախութիւնը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Վտանգուած անկախութիւնը

30 տարի առաջ, հայոց անկախ պետականութեան վերընձիւղման ու վերականգնման գործընթացը համատեղ զսպանակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ինքնորոշման հիմնախնդրին հետ։

Միաժամանակ, շնորհիւ անձուրաց եւ ուխտապահ ազատամարտիկներու, պատմութեան էջերուն վրայ դարբնուեցաւ Արցախի անկախութիւնը։

Այսօր, Արցախեան պատերազմէն ետք, կացութիւնն ու պատկերը լրիւ փոխուած են։ Խոցուած են հայոց արեւելից սահմանները, կիսախորտակուած վիճակի մէջ է Արցախի միջնաբերդը։

Անկախութիւնը կ՚իմաստազրկուի, երբ օրն ի բուն սպառնալիքի տակ են պետական սահմաններդ, երբ տարածքներու ամբողջականութիւնդ թշնամիի ամենօրեայ քմահաճոյքին ենթակայ է։

2020 թուականի Արցախեան պատերազմի ընթացքին եւ անոր յաջորդող արարին ի յայտ եկած քաղաքական զարգացումներէն ետք՝ առկայ են բոլոր փաստերը, որ թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը կը նպատակադրէ ի սպառ անէացնել հայրենի մեր զոյգ պետութիւնները։ Կը շարունակուի հայատեացութեան քարոզարշաւը ու կասկածէ դուրս է, որ մօտ ապագային կանգ առնէ թուրք-ատրպէյճանական հակահայ գործընթացքը, որ կը միտի կազմաքանդել մեր պետականութիւնը։

Հակամարտութիւնը չէ աւարտած։ Զիջումի ու մերձեցման քաղաքականութիւն մշակող ներկայ իշխանութիւնները պէտք է գիտակցին, որ կորստեան մատնուած ճակատամարտէն ետք, վերակազմակերպուելու եւ ապագայ առճակատման պատրաստուելու ժամանակն է։

Ի՞նչ կը զիջինք։ Ի՞նչ պատճառով սահմանները կը վերագծուին։ Ինչո՞ւ պատմութիւնը կ՚աղաւաղուի։ Ինչո՞ւ խաղաղութեան ու բարգաւաճման դիմաց՝ «զիջում»ի գաղափարը կը սերմանուի։ Այս հարցումներուն պատասխանը չունին ազգը անձնատուութեան առաջնորդած այսօրուան իշխանութիւնները։

Քանակական վերլուծութիւնը ի՞նչ է կորուստին։ Հաշուառա՞ծ են իմքայլականները։ Եւ երբ կը խօսինք այդ մասին, նաեւ բարոյականութեան մասին,որ այսօր եղծուած է իր պարունակէն։

Հայկական հարցի լուծման մէկ բաղադրիչը կազմող Արցախի անկախութեան ճանաչման գործընթացը ծանր հարուած ստացաւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու անձնատուողական քաղաքական վարքագծի արդիւնք՝ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի կորստաբեր համաձայնագրով։

Հողի եւ աշխարհագրական տարածքի կորուստ ունինք եւ այս ծանր կորուստին ի տես, առաջին հերթին, այսօրուան ընդդիմութեան դրօշակիրը հանդիսացող Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պատնէշի վրայ է եւ աշխարհասփիւռ իր Հայ Դատի յանձնախումբերով կը շարունակէ ոգորումները՝ ի խնդիր Արցախի ազգային իքնորոշման։

Այսօր, վերանկախացման այս յոբելեանին, կ՚արժէ յիշել առաջին հանրապետութեան կերտիչ, Բաշ Ապարանի յաղթական ճակատամարտի հրամանատար Դրոյի պատգամը. «… Քանի մեր հողերը բռնագրաւուած են, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի իր պայքարը եւ Դաշնակցութեան զաւակները, իբրեւ հայ ժողովուրդի հարազատ զաւակներ, պիտի շարունակեն այդ պայքարը, արիւնով կ՚ըլնի, գրիչով կ՚ըլնի, պայքարով կ՚ըլնի, մինչեւ Հայը հաւաքուի իր բոյնին մէջ, Հայը Հային կառավարի, ո՛չ Անգլիացին, ո՚չ Ամերիկացին, ո՚չ Ռուսը, ո՛չ Թուրքը, Հայը լինի իր երկրին մէջ տէրը, Հայը լինի իր ազատութեան տէրը»։

Անկախութիւնը վերաիմաստաւորելու համար, համախմբուելու եւ մեր ուրոյն ուժականութեան ապաւինելու ժամանակն է եւ մէկընդմիշտ համոզուելու՝ որ Հայաստանի պետականապահպանութեան հիմնադրոյթները կ՚ամրագրուին միայն ու միայն անկոտրում պայքարի ու կամքի վճռականութեան ոգիով։

Եթէ կ՚ուզենք 30 տարի առաջ կերտուած յաղթանակը դարձնել յարատեւ՝ միասնաբար դաս քաղենք դառն փորձութենէն եւ դիմենք կազմակերպուած պայքարի։

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի

horizonweekly.ca