կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-03-19 00:11
Քաղաքական

Ընդլայնուած Նիստ` Ներկայ Պայմաններու Դիմագրաւման Օրակարգով

Ընդլայնուած Նիստ` Ներկայ Պայմաններու Դիմագրաւման Օրակարգով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի հրաւէրով «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական ընդլայնուած նիստ` «Քորոնա» ժահրի ստեղծած իրավիճակի, անոր կանխարգիլման նպատակով տրուելիք որոշումներու եւ ընկերաբժշկական կեդրոնները այս տագնապին ընդառաջ աշխուժացնելու նպատակով:

Նիստին, զոր վարեց Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, հրաւիրուած էին երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան- Գէորգեան, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսան Մաթոսեան, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան, ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան եւ ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնի ատենապետ տոքթ. Սահակ Քէշիշեան:

Ներկայացուեցան զեկուցումներ իւրաքանչիւր ոլորտի պատասխանատուի կողմէ մինչ այժմ տարուած աշխատանքներուն մասին:

Յետ քննարկման արձանագրուեցաւ`

Ա.- Շարունակել քաղաքապետարանին կողմէ յաճախակի կշռոյթով շրջանի հաւաքատեղիներուն հականեխման աշխատանքները:

Բ.- Իրազեկման, զգուշացման եւ կանխարգիլման լայնածաւալ արշաւներուն մէջ ներգրաւել միութիւնները` առաւելագոյնս տեղեկացուած պահելու համար լիբանանահայ հանրութիւնը:

Գ.- Յատուկ ուշադրութեան կեդրոն դարձնել տարեց խաւը եւ բժշկական այցելութիւններով քննել անոնց առողջական վիճակը` կանխաւ ախտաճանաչումներ կատարելու նպատակով:

Ե.- Պուրճ Համուտին առընթեր աշխատանքային միջավայր նկատի ունենալ նաեւ Այնճարն ու հայաշատ շրջանները, ինչպէս հականեխման, այնպէս նաեւ իրազեկման եւ կանխարգիլման արշաւներ կազմակերպելու համար:

Զ.- Ընկերային օժանդակութիւններու կազմակերպման ընթացքին բարեսիրական միութիւնները մղել, որ իրե՛նք հասնին կարիքաւորին` խուսափելու համար հաւաքավայրեր ստեղծելու առիթներէն:

Նիստը որոշեց յաւելեալ կեդրոններու ներկայացուցիչներու ներգրաւումով ընդլայնուած նիստեր կազմակերպել եւ այս աշխատանքները համակարգելու եւ կիրարկելու համար յառաջացնել յատուկ շտապ մը:

aztagdaily.com