կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-03 10:17
Հասարակություն

Պաշտոնական այցելություն Սիրիայի Հայ Ավետարանական համայնքապետարան

Պաշտոնական այցելություն Սիրիայի Հայ Ավետարանական համայնքապետարան

2 Յունիս 2019-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքապետարան այցելեցին:

Սոյն հանդիպման Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի կողքին ներկայ էին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի մարմիններու ներկայացուցիչներն ու ժողովականները:

Համայնքապետ Վերապատուելին բարի գալուստ մաղթեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին եւ յայտնեց, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին Հալէպ ժամանումը ուրախութիւն է ոչ միայն Հայ Աւետ. Համայնքին եւ անոր առնչակից միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, այլ ամբողջ սուրիահայութեան համար: Ան դիտել տուաւ, որ Տէր Խաչատուրեանի Սուրիա այցելութիւնը կը զուգադիպի բարեբաստիկ այն օրերուն, երբ մենք ազգովին կը յիշատակենք 28 Մայիսի սխրագործութիւնները։ Համայնքապետ Վերապատուելին յայտնեց, որ ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտուեցաւ մեր ազգի մարտունակ զինուորներուն, ՀՅԴ-ի նուիրեալ զաւակներուն եւ հայ ժողովուրդի միասնական պայքարին շնորհիւ։

Ապա Վերապատուելին յայտնեց, թէ շնորհիւ ՀՅԴ-ի հայ ժողովուրդը վերատիրացաւ իր փառքին ու ազատ ապրելու իրաւունքին։ «Այսօր մեզի կը մնայ յիշարժանօրէն գնահատել այն փառքը, որ մեզի շնորհուեցաւ։ Այս իմաստով կ’ողջունեմ ձեզ, որ պատասխանատու դեր ստանձնելով հաւատարիմ կը մնաք մեր ձգտումներու իրականացման ուխտին: Հայաստանը անկախացած է, այնուամենայնիւ մենք 28 Մայիսով կը յիշենք եւ կը յիշեցնենք, որ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականով պիտի շարունակենք մեր գոյերթը», ըսաւ վերապատուելին, աւելցնելով, որ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն ՀՅԴ-ն գաղութի ամէնէն օրհասական պահերուն տիրութիւն ըրաւ ժողովուրդին: Ան միշտ աջակից եղաւ Հայ Աւետարանական Համայնքին եւ միասնակամութեան ոգիով գործեց:

Հուսկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը խօսք առնելով կարեւորեց միասնականութեան խորհուրդը։ «Հայ Աւետարանական Համայնքն ու մնացեալ յարանուանութիւնները իրենց գործակցութեամբ անսացին կազմակերպութեան միասնական աշխատանքի կոչին:

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը ձեր ներդրումով եւ իր զաւակներով մեր ազգային արժէքներուն ջատագովը հանդիսացած է եւ համահայկական մեր կեանքին մէջ իր ինքնորոյն տեղը ունեցած։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը բարձր գնահատեց Համայնքապետ Վերապատուելիին համահայկական տարողութեամբ տարած ազգային գործունէութիւնը:

Այնուհետեւ ան թուեց համահայկական մարտահրաւէրները՝ Հայաստանէն Արցախ, Ջաւախք եւ Սփիւռք։

Աւարտին Վերապատուելին տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին խորհրդանշական յուշանուէր մը նուիրեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետարան այցելութեան առիթով: