Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ Իտալիոյ «Մետիասէթ» հեռուստաընկերութեան չորս կայանները Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած հաղորդում մը սփռած են: Այս ծրագիրի իրագործման մէջ մեծ ներդումը ունեցած է ազգային բարերար եւ հասարակական գործիչ Ալեքքօ Պեզիքեանը:
Այս մասին ան «Ազդակ»-ին ըսաւ, որ «Մետիասէթ» հեռուստաընկերութիւնը, որ կը ներառhէ «Չանըլ 5», «Չանըլ 4», «Իտալիա 1» եւ «Թի Ճի Քոմ» հեռուստակայանները, ապրիլ 23-ի երկոյեան սկսած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական հաղորդում մը սփռել, իսկ Ապրիլ 24-ի օրը առտուան ժամը 8:00-ի, 1:00-ի, եւ 6:00-ի լուրերուն մէջ դարձեալ ներկայացուցած են նոյն հաղորդումը: Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած վաւերագրական հաղորդումներուն որպէս արդիւնք «Մետիասէթ» հեռուստաընկերութեան աղբիւրներէն Ալեքքօ Պեզիքեանին յայտնած են, որ Ապրիլ 24-ին օրը չորս կայաններու ունկնդրութիւնը 18 միլոնի հասած է: «Չանըլ 5» կայանը առանձին 8 միլիոն ունկնդրութիւն ապահոված է:
Նկատելով, որ այս հաղորդումները կը յաջորդեն Իտալիոյ խորհրդարանի վերահաստատած Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ կառավարութեան ճանաչում յանձնարարող որոշումին՝ Ալեքքօ Պեզիքեան անդրադարձաւ այս կարեւոր իրադարձութեան։ Իտալիոյ խորհրդարանը 382 թեր քուէով վերահաստատած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը, իսկ մնացեալ 43-ը ձեռնպահ մնացած են. այս երեւոյթը քուէարկութեան հաշուարկին մէջ նկատի կ’առնուի որպէս ջախջախիչ մեծամասնութիւն: Ան ըսաւ, որ այս երեւոյթը կը պահանջէ կառավարութենէն, որ նոյնպէս այս առնչութեամբ իր որոշումը առնէ հետեւելով խորհրդարանի օրինակին։ Ան մեծ նկատեց հաւանականութիւնը կառավարութեան կողմէ եւս ճանաչումին, տրուած ըլլալով որ բանաձեւը առաջադրողը գործող մեծամասնութեան խմբակցութեան անդամներն էին։
Ալեքքօ Պեզիքեանը իր խօսքի աւարտին ըսաւ, որ ամէն հայու պարտականութիւնն է իր դատը առաջ տանիլ ու ամբողջ աշխարհին ներկայացնել հայու արդար պահանջատիրութիւնը:
aztagdaily.com