Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Լոս Անջելեսի «Սարդարապատ» գրատան տնօրեն Հարութ Մկրտչյանն իր ֆեյսբուքյան էջում գրում է.
«Վերջերս հայկական իրականութեան մէջ, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, «ազատականներու» թիւը կը թուի շատցած ըլլալ: Վստահ, որ բոլորն ալ բան մը կը փորձեն ընել Հայրենիքին օգնելու կամ գէթ անոր ընթացքին նպաստելու դէպի քաղաքակիրթ աշխարհ: Սակայն այդ ընելու ընթացքին յանկարծ կը մոռնան, թէ ո՞վ ենք մենք, ի՞նչ պայմաններու մէջ կ'ապրի մեր Հայրենի ժողովուրդը, ինչպէ՞ս են մեր կենցաղային եւ մշակութային աւանդութիւնները, եւ ընդհանրապէս ինչպէ՞ս կը մտածէ մեր ժողովուրդը:
Յառաջդիմութեան պիտակին տակ, ամենուրէք տքնաջան աշխատամք կայ Հայաստանը մօտեցնելու արդէն իսկ ձախողած եւրոպական կամ ընդհանրապէս արեւմտեան յոռի բարքերուն: Իսկապէս մտահոգիչ երեւոյթ:
Հիմնականին մէջ ուշադրութիւնս գրաւած է երկու պարագայ. առաջինը՝ միասեռականներու իրաւունքի հարցը, երկրորդը՝ Հայաստանի մէջ փողոցային շուներուն կամ կատուներուն հարցը:
Ըսելիքս հետեւեալն է:
Յարգելի «ազատականներ», խնդրե՛մ չկարծէք, որ յետադիմական եմ: Սակայն, ազատական ըլլալը մէկ բան է, Հայրենիքին օգնելը եւ հետեւաբար անոր յառաջդիմութեան նպաստելը ուրիշ բան: Այսօր Հայաստանը շատ լուրջ ճգնաժամի մէջ է: Միասեռականներու իրաւունքները պաշտպանելէ առաջ սահմաններ ունինք պաշպանելու: Փողոցային շուներն ու կատուները կերակրելէ առաջ հազարաւոր աղքատ ընտանիքներ եւ փոքրիկներ կերակրելու հարց ունինք:
Հետեւաբար կը խնդրեմ, որ նկատի ունենաք մեր Հայրենիքին առաջնահերթութիւնները եւ ապա անցնիլ գործի: Ապահով եւ յառաջդիմած Հայաստանի կերտումը կը սկսի հայկական բանակի հզօրացումով, չքաւորութեան վերացումով եւ ոչ թէ այս կամ այն անասունը կերակրելով կամ միասեռականներու իրաւունքները պաշտպանելը առաջնահերթութիւն սեպելով: Այդ գործերուն ալ կարգը կուգայ օր մը: Լաւ մնացէք»: