Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ծնած է Թաւրիզ: Նախնական ոսումը կը ստանայ Նոր Նախիջեւան, ուր կը յարի Դաշնակցութեան: Կը յաճախէ Մոսկուայի եւ Սբ. Փեթերսպուրկի համալսարանները: Հ.Յ.Դ. գործիչ, արհեստով` լուսանկարիչ:
Կը գտնուի Ժընեւ, ուր Քրիստափորի առաջարկով, Երեւանէն Նիկոլի հետ կ’անցնի Վան` բանտարկուած Վարդգէսը փոխարինելու եւ որպէս Հ.Յ.Դ. գործիչ կազմակերպելու շրջանը եւ կապ պահելու արտասահմանի հետ: Կը Հսկէ Կովկասէն Վան ռազմամթերքի փոխադրութեան գործին: Կը վարէ կռիւներ Վասպուրականի մէջ:
Սահմանադրութեան շրջանին, կ’ընտրուի Վանի երեսփոխան: Գործի՝ Մուշի մէջ, ուրկէ Եղեռնի օրերուն, Ռուբէնի հետ կը յաջողի անցնիլ Կովկաս: Որպէս Բարեգործական ընկերութեան ներկայացուցիչ կը վերադառնայ ազատագրուծ Վան:
1919-ին մաս կը կազմէ Փարիզի Ազգ. Պատուիրակութեան: Կը Մասնակցի Հ.Յ.Դ. Թ. Ընդհանուր ժողովին, Երեւան: Ռիկայի (Լեհաստան) մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն, բոլշեւիկներուն հետ, կը մասնակցի որպէս Հ.Յ.Դ. լիազօր: Յետագային Դաշնակցութեան անունով կը գործակցի թուրքիոյ քիւրտ ապստամբներուն հետ:
1947-ին կ’անցնի Լիբանան. գրի կ’առնէ իր յուշերը ու կը գրէ «Խոնարհ հերոսներ» շարքը: Կը Մահանայ Պէյրութ 1973-ի հոկտեմբերի 1-ին: