կարևոր
0 դիտում, 11 տարի առաջ - 2013-06-03 12:53
Աշխարհ

Հոկտեմբերին Բրյուսելում անցկացվելու է եվրոպահայերի երրորդ համագումարը

Հոկտեմբերին Բրյուսելում անցկացվելու է եվրոպահայերի երրորդ համագումարը

Հոկտեմբեր 14 - 15, 2013-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբիգրասենեակի կազմակերպութեամբ, պիտի գումարուի եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը։ Այս համագումարը Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերունեւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն կողքին, Հայաստանէն, Եւրոպայէն, Միացեալնահանգներէն եւ այլ շրջաններէ հասարակական գործիչներ, գիտնականներ եւքաղաքագէտներ պիտի համատեղէ Պրիւքսելի մէջ։

 

Առաջին նիստը, երկուշաբթի հոկտեմբեր 14-ին, պիտի գումարուի Պրիւքսելի Հայ տանսրահէն ներս, ու պիտի կեդրոնանայ Եւրոպայի տարածքին բնակող հայութեանդիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք պիտի արծարծուին եւրոպահայկազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Ինքնութեան, մշակոյթի եւլեզուի հարցերու կողքին, պիտի քննարկուին նաեւ քաղաքական հարցեր, ինչպիսին են՝դէմ դնել Եւրոպայի մէջ թուրքեւազերի միացեալ ճակատին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած քաղաքական միջոցառումներ, Ցեղասպանութիւններու ժխտման եւուրացման քրէականացում, միջազգային ճանաչում Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան։ Այս առաջին մասի պատգամաբերները պիտի ըլլան զանազան ներկայացուցիչներ արեւելեանեւ արեւմտեան Եւրոպայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն։

 

Յաջորդ օրուան, հոկտեմբեր 15-ի նիստը Եւրոխորհրդարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ,եւ կը կրէ խորհրդարանի մեծագոյն քաղաքական խումբի - Եւրոպական ժողովրդականկուսակցութեան (European Peoples' Party, EPP) - հովանաւորութիւնը։ Առաջինօրակարագին նիւթը պիտի ըլլայ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ Միջազգային Օրէնքը»,որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Եւրոպական միութեան կողմէ ցեղասպանութեանցուրացման եւ կանխարգիլման հարցերը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ պատասխանատուութեան եւանոր հետեւանքներուն հարցերը։ Երկրորդ օրակարգին ընթացքին պիտի քննարկուին եւորոնուին «հարաւային Կովկասի համար նոր հեռանկարներ», որուն ընթացքին պիտիքննարկուին տարածաշրջանի զարգացման, եւ Եւրոմիութիւն - Հայաստան մերձեցման եւԱրցախի հիմանահարցի կարգաւորման նիւթերը։

 

Համագումարին պիտի մասնակցին Եւրոմիութեան բարձր մակարդակի աշխատակիցներ, Եւրոխորհրդարանի քաղաքական խումբերու ներկայացուցիչներ, Եւրոխորհրդարանի անդամներ, խորհրդարանական պատուիրակութիւններու եւ կուսակցութիւններու անդամներ, ղեկավարներ՝ քաղաքականոլորտի բոլոր խաւերէն, թէ՛ Եւրոմիութենէն, եւ թէ՛ Հայաստանէն։ Այս օրերուն, երբ Եւրոպական միութիւն - Հայաստանի Հանրապետութիւնյարաբերութիւնները աւելի քան երբեք ջերմ են, ինչպէս նաեւ երկուստեք բարձրագոյնմակարդակի այցելութիւններ տեղի կ'ունենան, եւրոպահայութեան երրորդ համագումարըիր ներդրումը պիտի ունենայ այս յարաբերութեանց ա՛լ աւելի ամրապնդման, ցոյցտալով, թէ մեր ազգային հիմնախնդիրներուն կողքին, Եւրոպայի ծագումով հայքաղաքացին, անմասն չի մնար Եւրոմիութեան քաղաքական գործընթացէն եւ ՀայաստանիԵւրոպական միութեան չափանիշներուն համարկումէն։

 

Մինչեւ յունիս ամսու վերջ՝ մեր համապատասխան մամլոյ հաղորդագրութեամբ պիտի փոխանցենք հարկ եղած բոլոր մանրամասնութիւնները։