Միասին կարող ենք
կարևոր
433 դիտում, 1 ժամ առաջ - 2026-06-25 20:39
Հասարակություն

Աղոթքից մինչև ազգային արժեքներ․ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի հայրական պատգամը

Աղոթքից մինչև ազգային արժեքներ․ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի հայրական պատգամը

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հայրական եզրափակիչ պատգամ է ուղղել․

«Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, աւելի քան 150 մասնակցողներու ներկայութեան, տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի հոգեւոր լսարանի եզրափակիչ համախմբումը, որուն ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրական եզրափակիչ պատգամը ուղղեց ներկաներուն։

Առ այդ, յիշեալ Բաժանմունքի վարիչ Գերապատիւ Տ. Ստեփանոս Ծայրագոյն Վարդապետ Փաշայեան ուրախութեամբ ողջունեց Նորին Սուրբ Օծութեան ներկայութիւնը հոգեւոր լսարանի եզրափակիչ համախմբումին։ Ան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ մշտական կերպով քաջալեր կը հանդիսանայ Բաժանմունքի աշխատանքներուն եւ իր հայրական թելադրութիւններով առաւել եւս փայլք կու տայ ծառայութեան լծուելու յանձնակատարութեամբ։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը, առաջին հերթին, անդրադարձաւ աղօթքի կարեւորութեան եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ գտնելու ու փնտռելու ձեւերուն մասին։ Ան անդրադարձաւ այս տարուան հայրապետական հռչակագրին (Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի), նշելով, որ պէտք է շարունակենք պահել ու պահպանել մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքները, յատկապէս զանոնք դաստիարակիչ կերպով ուսուցանելու մեր երիտասարդ սերունդին։ Ապա, ան անդրադարձաւ կարգ մը երեւոյթներու, զորս մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է ուշադիր ըլլան եկեղեցական արարողութեանց իրենց մասնակցութեան առնչութեամբ։

Լսարանի մասնակիցներուն կողմէ եղան հարցումներ, որոնց Վեհափառ Հայրապետը լրացուցիչ պատասխաններ տուաւ։

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց Բաժանմունքի վարիչ հայր սուրբն ու անոր կողքին գտնուող օգնական հայր սուրբերը եւ յանձնախումբի անդամները՝ յաջողութիւն մաղթելով իրենց ծառայական դաշտին մէջ։

Համախմբումը իր աւարտին հասաւ Նորին Սրբութեան «Պահպանիչ» աղօթքով եւ յիշատակի խմբանկարով»։