կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-06-07 08:03
Սփյուռք

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նամակը միջազգային կազմակերպութիւններուն

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նամակը միջազգային կազմակերպութիւններուն

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան 1 Յունիս 2021-ի յղած նամակը հետեւեալ միջազգային կազմակերպութիւններուն.

UNESCO, ICOMOS, Global Heritage Fund, World Monuments Fund, ICCROM, Europa Nostra, Blueshield International, Getty Conservation Institude, International Council on Archives, International Federation of Library Associations and Institutions, International Council of Museums.

Խորապէս մտահոգուած ենք Արցախի տարածքին հայկական եկեղեցիներու, վանական համալիրներու,  գերեզմանոցներու եւ մշակութային յուշարձաններու աւերման եւ վանտալիզմի մասին մեզի հասնող վերջին լուրերով։

Սեպտեմբեր 2020-ին պատերազմի բռնկումով եւ հայկական պատմական աւաններու եւ քաղաքներու բռնագրաւումով, այսօր ականատես կը դառնանք Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը բնաջնջելու ծրագրուած փորձերուն։ Այս վերջին իրադարձութիւնները պարզապէս նորագոյն ապացոյցներն են պատմական Հայաստանի հողերուն վրայ տասնամեակներէ ի վեր ազրպէյճանական եւ թրքական իշխանութիւններու վարած մշակութային ցեղասպանութեան։

Արցախի տարածքին ազրպէյճանական իշխանութիւններու վերջին գործողութիւնները՝ վերականգման ու վերանորոգութեան պատրուակով պատմութիւնը կեղծելու, Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը որպէս աղուանական ներկայացնելու, եւ  այդ հողերուն վրայ  հայերու բնիկ ներկայութեան ապացոյցները ջնջելու կանխամտածեալ յստակ ջանքեր են։ Պատերազմէն ետք, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը յայտարարեց Շուշիի Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ «վերանորոգութեան աշխատանքներու» մեկնարկը՝ եկեղեցւոյ 19-րդ դարու կոնաձեւ գմբէթի հեռացումով։ Արցախեան վերջին պատերազմի ընթացքին, այս նոյն եկեղեցին թիրախ դարձած էր ազրպէյճանական հրթիռակոծման, եւ ներկայ «վերանորոգումը» կը միտի աղաւաղել եկեղեցւոյ մշակութային դիմագիծը, որ կը խորհրդանշէ Շուշիի հայկական ինքնութիւնը։ Նոյնպէս, միջազգային լրատուուամիջոցները վաւերագրած են Հադրութի շրջանին մէջ նման աւերիչ արարքներ,- եկեղեցիներու եւ գերեզմանոցներու ամբողջական քանդում,- այդ սրբավայրերու քարերը ճանապարհաշինութեան մէջ գործածելու համար։

Ներկայիս, Ազրպէյճան չի յարգեր միջազգային ընկերութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը, որպէս ստորագրող կողմ՝ «Զինեալ բախումներու ընթացքին մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան» եւ «Համաշխարհային մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պաշտպանութեան» դաշինքներու, որոնց համաձայն անիկա պարտաւոր է պաշտպանել, պահպանել եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցել մշակութային եւ բնական ժառանգութիւնը։ Ազրպէյճան նաեւ արգելակեց շրջանի մշակութային կոթողներու վիճակի գնահատման համար  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ծրագրած առաքելութեան Արցախ մուտքը։ 10 նոյեմբեր 2020-ի հրադադարի յայտարարութենէն ետք, շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման կոչ ուղղած են[1]։ 2021-ի իր տարեկան տեղեկագրին մէջ, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովը (USCIRF) Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան թելադրեց Ազրպէյճանը տեղադրել Կրօնական ազատութիւններու խստագոյն ոտնահարման յատուկ դիտարկման ցուցակին վրայ։

Նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճան կ՛անտեսէ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ի խնդիր իր պատասխանատուութեան տէր կանգնելու վերոնշեալ կոչերը, եւ շարունակաբար  կը խախտէ միջազգային դաշինքները, եւ նկատի ունենալով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի դատապարտումը՝ «մշակութային ժառանգութեան, ընդ որում կրօնական կառոյցներու եւ հնութիւններու անօրինական քանդումին», կոչ կ՚ուղղենք միջազգային համայնքին դատապարտելու Արցախի հայկական բնիկ մշակութային ժառանգութիւնը ջնջելու Ազրպէյճանի արարքները եւ ի գործ դնել այս մշակութային ցեղասպանութիւնը կասեցնելու բոլոր ջանքերը։

 

Համազգային

հայ կրթական եւ մշակութային միութեան

Կեդրոնական վարչութիւն