կարևոր
5764 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-11 13:13
Քաղաքական

Զորակցության հավաք Փարիզում՝ հաջակցություն Արցախի

Զորակցության հավաք Փարիզում՝ հաջակցություն Արցախի

Երեքշաբթի 10 յունուար 2023-ի երեկոյեան, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի շէնքին դիմաց հարիւրաւոր հայորդիներ ընդառաջելով Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կոչին կատարեցին բողոքի հաւաք՝ ընդհանրապէս առ ի զօրակցութիւն Արցախի ու արցախահայութեան եւ մասնաւորապէս առ ի պահանջ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման անյապաղ վերացման:

Հաւաքին ներկայ էին մեծ թիւով պատգամաւորներ, ծերակուտականներ, քաղաքապետներ, լրագրողներ եւ այլ համայնքներու ներկայացուցիչներ: Խօսք առին եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին արցախահայութեան ու դատապարտեցին Ատրպէյճանը՝ ծերակուտական Վալերի Պուայէ, պատգամաւորներ՝ Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշ, Սիլվէն Մայար, Լիոնէլ Փերօ, Ալեքսանտրա Մարթէն, Իզապէլ Սանթիակօ, Սարա Թանզիլի, Ասթրիտ Փանոսեան, Ժերոմ Կէճ, Նաթալի Լուազօ, ասորի համայնքի կողմէ՝ Անթոնի Եալափ, քրտական համայնքի կողմէ՝ Ակիթ Փօլատ եւ Ֆրանսայի իրաւաբաններու խորհուրդի փոխ նախագահ Վենսան Նիորէ, ինչպէս նաեւ՝ Ֆրանսահայ Կազմակերպութեանց Խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան:

Հաւաքին ընթացքին վեր առնուեցաւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ պայքարը շարունակելու ֆրանսահայ համայնքի վճռակամութիւնը: Որոշուեցաւ յաջորդական երկու շաբաթներու ընթացքին շարունակել բողոքի հաւաքները, պահանջելով Ֆրանսայի ուղղակի միջամտութիւնը շրջափակման վերացման համար:

Հաւաքի մասնակիցները ողջունեցին Ազգային Ժողովի նախագահ Եաէլ Պրոն-Փիվէթի առաջնորդած խորհրդարանական պատուիրակութեան զօրակցական այցելութիւնը Երեւան, որ տեղի պիտի ունենայ 12-14 յունուարին: