|
Փոխարժեքներ
28 10 2025
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 382.78 |
| EUR | ⚊ | € 446.44 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.7824 |
| GBP | ⚊ | £ 509.98 |
| GEL | ⚊ | ₾ 140.95 |
Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան փակելու եւ կազի մատակարարումը դադրեցնելու ազրպէյճանական նորագոյն սադրանքներուն ստեղծած ճգնաժամային կացութեան պատճառով, լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները` ՍԴՀԿ, ՌԱԿ եւ ՀՅԴ, ուրբաթ, 16 դեկտեմբերին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարեցին արտակարգ նիստ մը:
Ժողովականները անդրադարձան մարդկային իրաւանց ոտնակոխման ազրպէյճանական այս նորագոյն արտայայտութեան, որ աքցանի մէջ դրած է ամբողջ Արցախի ժողովուրդը, զայն զրկած է կեանքի տարրական իրաւունքներէն եւ դարձուցած ոճրային նոր ծրագիրի մը զոհը:
Ժողովը անհրաժեշտ գտաւ ներազգային, տեղական եւ դիւանագիտական հարթակներու վրայ ծաւալել իրազեկման ու քարոզչական աշխատանք` հիմնական առաջադրանք ունենալով միջազգային ընտանիքի արդար դիրքորոշումը անմարդկային այս սադրանքներու նկատմամբ:
Ժողովը անդրադարձաւ շարք մը նախաձեռնութիւններու եւ որոշեց իր նիստերը բաց պահել ու առօրեայ դրութեամբ հետեւիլ նոր զարգացումներուն: Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները այս առիթով վերահաստատեցին լիբանանահայութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին եւ անոր անկորնչելի համամարդկային իրաւունքներուն:
Այս առիթով որոշուեցաւ երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կազմակերպել համաժողովրդային զօրակցական հաւաք:
ՍՈՑԵԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ