Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Չորեքշաբթի, 2 փետրուար 2022-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու՝ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու հերթական հանդիպումը։
Ժողովը նախ եւ առաջ անդրադարձաւ Լիբանանի ներքաղաքական կացութեան եւ անոր ապրած վերջին զարգացումներուն։ Միջազգային եւ շրջանային ուժերու Լիբանանի հանդէպ ցուցաբերած հետաքրքրութեան ոլորտին մէջ շեշտը դրուեցաւ Թուրքիոյ ծաւալած վտանգաւոր գործունէութեան վրայ։ Շարունակուող ընկերային-տնտեսական ծանր կացութիւնը կազմեց առանցքը ընդհանուր քննարկումներուն։ Ժողովը հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքացին կը դիմագրաւէ մեծ դժուարութիւններ, եւ տակաւին՝ պետութեան կողմէ այս իմաստով կատարուած նախաձեռնութիւնները անբաւարար ըլլալով, չեն յաջողած բարենպաստ արդիւնքի հասնիլ։
Այս ծիրին մէջ ժողովը անդրադարձաւ լիբանանահայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ տագնապներուն։ Ան գնահատեց բոլոր միութիւններու եւ կառոյցներու ժողովուրդին կարիքներուն անսալու ճիգերն ու նախաձեռնութիւնները։ Յատուկ կերպով արժեւորուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ վեհափառին լիբանանահայութեան հանդէպ ցուցաբերած գուրգուրանքն ու անոր կարիքներուն հասնելու՝ բարեսիրական ծրագիրներու նախաձեռնութիւններն ու հովանաւորութիւնը։ Օժանդակութեան բոլոր աշխատանքները եւ նախաձեռնութիւնները նկատուեցան կենսական՝ գաղութի համահայկական դերակատարութիւնը անխախտ պահելու համոզումէն մեկնած։
Ապա ժողովը անդրադարձաւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններու օրակարգին եւ այստեղ անգամ մը եւս հաստատեց ներկայ ընտրական օրէնքի տրամաբանութենէն մեկնած կուսակցութիւններուն միջեւ այս թղթածրարի խոր ու հետեւողական քննարկման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել եւ երաշխաւորել համայնքի ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը եւ անոր իրաւունքներու անխախտ պահպանումը։
Լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն հանգամանքը, որ այս ընտրութիւններուն ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական տագնապը անպայման իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ընտրական ընդհանուր հոլովոյթին վրայ։ Հետեւաբար պէտք է ըլլալ զգօն եւ ոչ մէկ ձեւով առիթ ընձեռել այն կողմերուն եւ անհատներուն, որոնք ժողովուրդի այս դժուարութիւնը շահագործելով պիտի փորձեն խախտել համայնքի ներկայացուցչութիւնը եւ թուլացնել անոր քաղաքական կշիռն ու գործօնը։
Որոշուեցաւ այս օրակարգի յաւելեալ բիւրեղացման իմաստով միջկուսակցական նիստերը պահել բաց եւ մնայուն խորհրդակցութիւններով ձգտիլ հասնիլ լիբանանահայ համայնքի շահերը պաշտպանող ընտրական յաջող եւ գործնական դաշինքներու ու հոլովոյթի մը որդեգրման։
Ժողովը քննարկեց նաեւ գաղութի համահայկական դերակատարութեան վերասահմանման անհրաժեշտութիւնը եւ այս իմաստով բիւրեղացուց որոշ մտածումներ ու առաջարկներ, որոնք յառաջիկային հիմքը պիտի կազմեն համագաղութային նոր ծրագիրներու եւ աշխատանքային ուղեգիծի մը որդեգրման։