9 Նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութենէն եւ բանաւոր գաղտնի պայմանաւորուածութիւններէ ետք տեղի ունեցած որոշ զարգացումները իրաւամբ յառաջացուցած են մեր ժողովուրդին դժգոհութիւնն ու կասկածը, որոնք կ՚անտեսուին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին կառչած անձին կողմէ։ 11 Յունուար 2021-ին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած հանդիպումներուն նախօրէին, նոյն կասկածելի անձնատու քայլերու հաւանականութիւնը տեղի տուած է նոր մտահոգութիւններու, որոնք Հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ արտայայտուած են թէ՛ ժողովրդային մակարդակով եւ թէ՝ ազգային եւ քաղաքական կառոյցներու, խմբաւորումներու կողմէ։
Հաշուի առնելով որ Հ․Հ․ վարչապետը յատկապէս վերջին ամիսներուն աւելի յաճախ կը գործէ թաքուն կերպով, առանց որեւէ հաշուետուութեան, հաշուի առնելով նաեւ որ Հ․Հ․ կարգ մը նախարարներու կամ այլ պաշտօնեաներու կողմէ տրուած բացատրութիւնները երաշխիք չեն կրնար համարուիլ, որ Հ․Հ․ վարչապետը հակասահմանադրական անձնատու նոր քայլերու պիտի չդիմէ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն կը կիսէ արտայայտուած մտահոգութիւնները եւ առ այդ կը յայտարարէ.
- Հայաստանի, ներառեալ՝ Արցախի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին շահերուն դէմ Հ․Հ․ վարչապետին մասնակցութեամբ ընդունուած որեւէ որոշում եւ կամ կայացուած համաձայնութիւն ի սկզբանէ առ ոչինչ է, որովհետեւ Հ․Հ․ վարչապետի աթոռին կառչած անձը վերազանցած է իր սահմանադրական լիազօրութիւնները, ինչպէս եւ կորսնցուցած է իր քաղաքական օրինականութիւնը։
- Հ․Հ․ վարչապետին մասնակցութեամբ 9 Նոյեմբեր 2020-էն սկսեալ կայացած որեւէ հակասահմանադրական որոշումի համար պատասխանատու են Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց բոլոր մակարդակներու ընտրուած թէ նշանակուած պաշտօնեաները, որոնց պաշտօնի տիրոյթին մաս կը կազմէ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց ամբողջականութեան, անվտանգութեան եւ սահմանադրական կարգին պաշտպանութիւնը. այդ պաշտօնեաները պարտաւոր են ամէն ջանք թափել կասեցնելու հակասահմանադրական այդ քայլերու աղէտալի ընթացքը՝ պաշտպանելով մեր ժողովուրդին եւ երկու պետութեանց շահերը։
- Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու գոյութեան, անվտանգութեան եւ անկախութեան սպառնացող այս ընթացքը կասեցնելու ամենաճիշտ տարբերակը Հ․Հ․ վարչապետին հեռացումով նախատեսուած գործընթացն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ ազգային միասնականութեամբ դիմագրաւելու բոլոր սպառնալիքները։
- 27 Սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմն ու 9 Նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնը ստեղծած են նոր իրավիճակ, ուր տակաւին չկարգաւորուած կը մնայ Արցախի հիմնահարցը՝ նոր անորոշութիւններով հանդերձ։ Առ այդ, միաջազգային համայնքին կողմէ հարցի կարգաւորման միջնորդութեամբ լիազօրուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող պետութիւնները, շարունակելով համանախագահող երկիր Ռուսատանի կողմէ արդէն իսկ իրականացուած՝ պատերազմը դադրեցնելու եւ խաղաղապահ ուժեր տեղադրելու դրական միջնորդական նախաձեռնութիւնները, պարտաւոր են քայլեր ձեռնարկել կասեցնելու համար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ հայութեան սպառնացող ծրագիրները, տարածաշրջանին մէջ հաստատելով կայունութիւն եւ խաղաղութիւն՝ միջազգային օրէնքի եւ սկզբունքներու համաձայն կարգաւորելու Արցախի հիմնահարցը։
Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
10 Յունուար 2021