կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-10-15 12:20
Սփյուռք

Պէտք Է Ձգտիլ Ամրակայելու Այն Բոլոր Գործօնները, Որոնք Պիտի Երաշխաւորեն Արցախի Անվտանգութիւնն Ու Պետականութիւնը

Պէտք Է Ձգտիլ Ամրակայելու Այն Բոլոր Գործօնները, Որոնք Պիտի Երաշխաւորեն Արցախի Անվտանգութիւնն Ու Պետականութիւնը

«Բոլորս Հաւաքուինք Արցախի Համար»
Հանրահաւաքին Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը.


Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած եւ հայոց դարաւոր թշնամի Թուրքիոյ ամբողջական զօրակցութիւնը վայելող Արցախի պատերազմը այսօր մագնիսացուցած է ամբողջ հայաշխարհը, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութիւնը։

Պատերազմը կանխող փուլին ազրպէյճանական իշխանութիւններու ծաւալապաշտական եւ ռազմատենչ յայտարարութիւնները, շանթաժները, սահմանային գիծը խախտելու առումով ռազմական աքթերը, ապատեղեկատուութիւնը, բանակցային բոլոր գործընթացները ձախողեցնելու ճիգերը եւ պատերազմի ընտրանքը պարտադրելու սպառնական արտայայտութիւնները վաւերական հիմք կը ծառայեն պնդելու, որ թուրք-ազրպէյճանական համագործակցութեամբ շղթայազերծուած այս յարձակումները համընդհանուր պատերազմի տարողութիւն եւ կանխամտածուած ու կանխորոշուած հանգամանք ունին։

Այս պատերազմին Թուրքիա կ՛օգտագործէ իր զինուորական եւ հետեւողական ամբողջ կարողականութիւնը, ահաբեկիչները եւ վարձկանները դարձեալ ներածելով կը շարունակէ մարդասպանական ու ցեղասպանական իր վաղեմի վարգագիծը եւ մնալով հաւատարիմ իր համաթուրանական երազին, ցեղասպանութեան հեղինակներու հարազատ ժառանգորդ Էրտողան չի վարանիր աշխարհին անամօթաբար յայտարարելու, որ պիտի ամբողջացնէ իր նախորդներուն սկսած գործը, այսինքն՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Թշնամի Թուրքիա այսօր արաբական աշխարհին մէջ իր ունեցած տխուր դերակատարութենէն ետք ահաւասիկ ճշդած է նոր թիրախ ու կը փորձէ պատերազմը ընդարձակել Կովկասի մէջ եւ իր նպատակներու իրագործման համար կ՛ոտնակոխէ մարդկային ամէն տեսակի արժէք ու հասկացողութիւն։

Ի տես այս կացութեան, միջազգային ընտանիքը, հակառակ ամչկոտ կարգ մը նախաձեռնութիւններու եւ յայտարարութիւններու, ցարդ պատերազմը կասեցնելու վճռական քայլերու չէ դիմած եւ կը տուայտի մեծապետական, տնտեսական ու ռազմական հաշուարկներու մէջ։

Այսօ՛ր, հայութիւնը մինակ է այս պատերազմին մէջ, սակայն բոլոր ժամանակներէն աւելի մարտունակ, բոլոր ժամանակներէն աւելի միակամ եւ բոլոր ժամանակներէն աւելի պատրաստ է՝ պաշտպանելու Արցախը եւ Հայաստանը։ Հայութիւնը այսօր ամբողջականօրէն կը դրսեւորէ թուրք-ազրպէյճանական այս նորագոյն սադրանքները կասեցնելու պատրաստակամութիւն ու կամք եւ պատրաստ է պարտութեան մատնելու թշնամիի բոլոր հայատեաց ծրագիրները։

Ստեղծուած համահայկական միասնակամութիւնը այսօր ինքզինք կը պարտադրէ ամէնուրեք, հայ ազգը ամբողջ դարձած է հայոց բանակ ե՛ւ պատերազմի դաշտին վրայ, ե՛ւ միջազգային հանրային կարծիքին մօտ՝ բարձրաճակատ ու անկոտրում կամքով մղելով իր գոյապայքարը։

Պահանջատէր լիբանանահայութիւնը այս գոյապայքարին մասնակիցն է ու անկեղծ կամաւորը։ Եւ ուրիշ բան ալ չէր կրնար ըլլալ անոր դերակատարութիւնը։ Ժամանակակից հայոց պատմութեան բոլոր փուլերուն իր մշտական ներկան արեամբ ու պատուով արձանագրած, բազում նահատակներով այդ ներկան քանդակած կեդրոնական այս գաղութը, այսօր դարձեալ Արցախի ժողովուրդին կողքին կանգնած է եւ հակառակ իր դիմագրաւած ճգնաժամին ու բազում դժուարութիւններուն, ամէն ինչ մէկդի դրած, շնչասպառ կը հետեւի իրադարձութիւներուն եւ իր կարելին ի գործ կը դնէ հայութեան վախճանական յաղթանակին համար։

Այո՛, սփիւռքի մայրաքաղաք Պուրճ Համուտէն կու գանք բարձրաձայնելու, որ մենք առաջնագիծին վրայ կանգնող Հայ զինուորի կողքին ենք։ Հերոսածին մայրերուն ու որդեկորոյս հայրերուն ցաւը, վիշտը եւ հպարտանքը կիսելու հայավայել ապրումը համակած է բոլորս։ Իւրաքանչիւր հայ զինուորի եւ ազատամարտիկի կորուստը կը խռովէ մեր էութիւնն ու հոգին։ Հայու կերտած նոր դիւցազներգութիւնը հայկականութեան նոր արմատներ կը հաստատէ մեր հաւաքական կեանքին մէջ։

Ճի՛շդ է, փոխուած են ժամանակները, փոխուած են պատերազմի ոճն ու կանոնները, բայց երբեք չէ փոխուած մեր ժողովուրդին մօտ հայրենիքը, անոր հողը, հայութեան ազգային արժանապատուութիւնն ու մեր համազգային անկորնչելի դատը ամէն բանէ վեր դասելու հաւատամքը։ Այսօրը մեզի ցոյց կու տայ, որ ահաւասիկ սերնդափոխութիւնը կատարուած է անսխալ։ Հայր, որդի եւ թոռնիկ միասնաբար ռազմաճակատ գտնուելու անհերքելի փաստը բաւարար է հաստատելու, որ մենք ծունկի եկող ազգ չենք, եւ պարտութիւն բառը մեր բառարանին մէջ գոյութիւն չունի եւ պիտի չունենայ։

Ճիշդ է, մեր նահատակներու եւ զոհերու թիւը մեծ է, մեր իւրաքանչիւր առիւծասիրտ մարտիկի կորուստը շատ թանկ է, բոլորը հոգեհարազատ են մեզի, բայց հայրենիք պահելը սրբազան պարտականութիւն է, եւ այդ սրբազան պարտականութիւնը կ՛ենթադրէ անպայման մարտիրոսութիւն։

Հաւաքուած ենք այսօր, մեր զօրակցութեան կողքին գօտեպնդուելու իրարմով եւ շարունակելու մեր գործը։ Բոլոր ժամանակներէն աւելի այսօր պատերազմը ռազմաճակատի կողքին տեղի կ՛ունենայ նաեւ հանրային կարծիքին մօտ։ Թշնամիին կողմէ կատարուող լայնածաւալ ապատեղեկատուութեան հակադարձելու, եւ աւելի՛ն՝ հայկական կողմի տեսակէտները եւ պատերազմի ամբողջ էութիւնը բացայայտելու ու հանրային կարծիքին լաւագոյնս ներկայացնելու հրամայականին դիմաց կը գտնուինք, եւ այս ծիրին մէջ իւրաքանչիւր հայ անհատ պարտաւոր է ցուցաբերել պատասխանատու, զգաստ եւ նախանձախնդիր մօտեցում։ Հարցին էութիւնը շեղեցնելու, թշնամիին սարքած սուտերն ու խեղաթիւրումները եւ հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու փորձերը մամուլին մէջ ու ընկերային ցանցերուն վրայ պէտք է ստանան հատու հակահարուած։ Այս ուղղութեամբ զօրաշարժը անյետաձգելի պահանջ է, եւ 10 միլիոն հայութիւնը պարտաւոր է իր մասնակցութիւնը բերելու արհեստագիտական եւ ժամանակակից կարելիութիւնները օգտագործող այս պայքարին։ Հեռու պէտք է մնալ եւ չիյնալ թակարդը թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին կողմէ շրջանառուող խեղաթիւրուած լուրերու տարածման եւ պէտք է առաջնորդուիլ հայկական կողմի պաշտօնական լուրերու տարածումով, յատկապէս օտար շրջանակներու մօտ։ Մեր ապրած այս միջավայրին մէջ պարտաւոր ենք նաեւ ուշադիր ըլլալու, որ հարցին մեկնաբանման առումով կրօնական ոչ մէկ դրսեւորում կատարուի, ինչպէս որ յաճախ կը փորձեն թուրքն ու ազրպէյճանցին եւ երբեք առիթ չեն փախցներ արաբական աշխարհի զօրակցութիւնը ապահովելու համար շեշտադրելու կրօնական գործօնը։ Մենք պէտք է յստակացնենք բոլորին, որ Արցախ աշխարհը հայապատկան եղած է դարերու ընթացքին եւ պիտի շարունակէ մնալ իբրեւ այդպիսին։ Մենք միշտ ալ կողմ եղած ենք Արցախի հարցը բանակցութեամբ լուծելու ընտրանքին՝ յարգելով միջազգային եւ իրաւական բոլոր ըմբռնումները։ Պէտք է ձգտիլ այս փուլին ամրակայելու այն բոլոր գործօնները, որոնք պիտի երաշխաւորեն Արցախի անվտանգութիւնն ու անոր պետականութիւնը։ Պէտք է դիմակազերծենք թշնամին եւ ցոյց տանք բոլորին, որ ան իր կռիւը կը մղէ վարձկաններով եւ ահաբեկիչներով՝ ոտնակոխելով միջազգային բոլոր կանոնները: Ան կը փորձէ ոչնչացնել հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոնները՝ հարազատ մնալով իր վաղեմի ցեղասպանական նկարագիրին։ Այս ծիրին մէջ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, պատերազմի առաջին իսկ օրէն, զօրաշարժի ենթարկած է Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ամբողջ համակարգը՝ կանգնելով Արցախի պետութեան ու ժողովուրդին կողքին։

Ասոր կողքին պայքարող Արցախի պաշտպանութեան տարբեր կարիքներուն անսալու համար պարտաւոր ենք բերել նաեւ մեր նիւթական աջակցութիւնը։ Ասիկա անկախ իր նիւթական արժէքէն ունի բարոյական խորիմաստ արտայայտութիւն, եւ իւրաքանչիւր հայորդիի մասնակցութիւնը, անշուշտ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, կարեւոր է ու թելադրական։ Այս առաջադրանքը նկատի ունենալով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը յայտարարէ, որ արդէն այսօրուընէ սկսեալ «Արցախ Ֆոնտ»-ը, որ անցնող 25 տարիներուն միշտ ալ իր նախաձեռնութիւններով զօրավիգ կանգնեցաւ Արցախին, անոր սահմանամերձ գիւղերու ժողովուրդի կարիքներուն եւ ընդհանրապէս արցախահայութեան, կազմակերպած է ժողովրդային հանգանակութիւն։ Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը միահամուռ կերպով պիտի անսայ այս կոչին եւ իր լուման ներդրէ Արցախի պաշտպանութեան սուրբ գործին։

Յարգելի՛ ներկաներ, եկէք այսօր միասնաբար խոնարհինք վաստակին դիմաց հայոց բանակին ու հայ կամաւորներուն, որոնք կրակէ իրենց մկրտութիւնը ստացան Արցախ աշխարհի լեռներուն վրայ եւ իրենց արեամբ ոռոգեցին մեր գոյապայքարը, որպէսզի ան ընդարձակուի, ուժեղանայ ու լիանայ, եւ մենք բոլորս ապրինք հայօրէն հպարտ, բարձրաճակատ, այլ ազգերու նման եւ աւելի։

Եկէ՛ք մեր բռունցքները բարձրացուցած, մեր ձայնը լսելի դարձնենք առաջնագիծին վրայ կանգնած հայ զինուորին եւ ըսենք՝ սիրելի՛ անգին եղբայրներ, մենք ձեր կողքին ենք, դուք մեր հարազատներն էք, դուք մեր պաշտպաններն ու ապաւէնն էք, դուք հայ ժողովուրդի նորօրեայ դիւցազներգութիւնն էք։ Ձեր հարուածներուն մէջ ամբողջ ազգի մը ուժը, հնադարեան պատմութիւնը, կերտած յաղթանակները եւ բոլոր փուլերու հերոսապատումները կան։

Սիրելի՛ հերոսածին մայրեր, դուք մեր ազգին տուիք ձեր թանկագինը՝ դառնալով համայն հայութեան մայրերը, թող ձեր շուքը, օրհնութիւնը եւ շունչը անպակաս ըլլան մեր կեանքին մէջ։ Ընդունեցէ՛ք բոլորս՝ դառնալու ձեր հարազատ զաւակները, որպէսզի մնանք ուժեղ եւ անխորտակելի։

Հերոսներու եւ նահատակներու սիրելի՛ հայրեր, ձեր աչքերուն մէջ չորցած արցունքով դուք պիտի մնաք մեր կեանքի ուղենիշները։ Ձեզի կը պարտինք մեր ժողովուրդի այս նորագոյն հերոսապատումը։ Եւ արցախահայութի՛ւն, ամրօրէն հաւատայ, որ դուն առանձին չես, Արցախը 10 միլիոն հայութեան հայրենիքն ու ապաւէնն է։ Հայութիւնը այսօր ձեզմով կը շնչէ ու կ՛ապրի միայն ձեզի հետ։

Յարգարժա՛ն նախագահ Արցախի Հանրապետութեան՝ Արայիկ Յարութիւնեան, լիբանանահայութիւնը ձեզի համար սրտամօտ ու հոգեհարազատ համայնք է, ծանօթ էք անոր սրտի զարկերակներուն, որոնք Արցախով միշտ աւելի արագ թափ կ՛առնեն։ Լիբանանահայութիւնը եւ Լիբանանի դաշնակցական ընտանիքը ձեր կողքին են եւ խորապէս կ՛ըմբռնեն ու ամբողջականօրէն զօրավիգ են ձեր համոզմունքին, որ ո՛չ ոք՝ բարեկամ թէ թշնամի Արցախին կրնայ պարտադրել իր ժողովուրդին արդար իրաւունքները ոտնահարող նոյնիսկ փոքր որոշում։

Սիրելի՛ դաշնակցական ընկերներ, եկէ՛ք այս պահուն ժողովուրդէն ծնած ու ժողովուրդին համար միշտ ալ իր քրտինքն ու արիւնը չսակարկող կուսակցութեան իբրեւ զինուորագրեալներ, իբրեւ անկեղծ զինուորներ, հայութեան այս գոյապայքարին մէջ անգամ մը եւս վերահաստատենք մեր դաշնակցականի երդումը եւ ըսենք՝ կ՛երդնունք կեանքի գնով ու պատուով շարունակել, ծառայել ու նուիրաբերուիլ հայութեան անկորնչելի իրաւունքներուն եւ այսօ՛ր Արցախի պայքարին։

Վերջապէս, սիրելի՛ լիբանանահայութիւն, որ միշտ ընծայաբերած ես ընտիրներդ, այսօր եւս ընծայաբերեցիր ազնուասիրտ ու հերոսասիրտ, հայ մշակոյթի նուիրեալ, ազգային յեղափոխական երգերով մարտի դաշտը պայթեցուցած ու իր զինակիցները տոգորած Գէորգ Հաճեանը։ Ան արժանաւորապէս այսօր մաս կը կազմէ նահատակներու նորօրեայ հսկայ փաղանգին։ Այո՛, Գէորգն ու դաշնակցական իր ազատամարտիկ գաղափարակից ընկերները պահեցին բարձունքը, որպէսզի անառիկ մնայ Արցախը։ Նուիրեցին իրենց թանկագինը, որպէսզի ապրի հայութիւնը եւ շարունակուի Դաշնակցութեան ու հայութեան սուրբ գործը։

Սիրելի՛ ժողովուրդ, յաղթելու ենք, յաղթելու ենք, անպայման յաղթելու ենք․․․

aztagdaily.com