կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-30 15:36
Սփյուռք

Համալսարանականները եւ յունահայ համայնքը

Համալսարանականները եւ յունահայ համայնքը

Ա­մէն տա­րի այս օ­րե­րուն, հայ ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնց զա­ւակ­նե­րը պե­տա­կան հա­մալ­սա­րան­նե­րու մուտ­քի յա­ջո­ղու­թեանց ար­դիւնք­նե­րը կը ստա­նան, մեծ ե­ռու­զեռ մը կ­՚ապ­րին։ «Ա­զատ Օր» տա­րի­նե­րու սո­վո­րու­թեամբ, կը հրա­տա­րա­կէ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու եւ անոնց յա­ջո­ղած հա­մալ­սա­րա­նին ու ճիւ­ղին ա­նուն­նե­րը, իր ըն­թեր­ցող­նե­րը բաժ­նե­կից ը­նե­լով ըն­տա­նիք­նե­րու ու­րա­խու­թեան։

­­Փաս­տո­ւած ի­րո­ղու­թիւն է, թէ ա­մէն տա­րի յա­ջո­ղած ե­րի­տա­սարդ­նե­րու զգա­լի մաս մը ա­ւար­տած են մեր հա­մայն­քի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը, ա­պա փայ­լուն ըն­թացք մը ու­նե­ցած՝ ի­րենց երկ­րոր­դա­կան ուս­մանց մէջ։ Ա­ւե­լի քան ու­րա­խա­լի է այն հաս­տա­տու­մը, թէ ինչ­պէս նոյ­նինքն ա­շա­կերտ­նե­րը եւ ի­րենց ծնող­նե­րը կը վկա­յեն, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու դպրո­ցա­կան վար­մուն­քը, ըլ­լա՛յ ա­նի­կա բա­րո­յա­կան կամ ու­սում­նա­կան, կ­­՚ար­ժա­նա­նայ յոյն ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ տնօ­րէն­նե­րու ու­շադ­րու­թեան եւ բարձր գնա­հա­տան­քին։ Ա­ւե­լորդ է շեշ­տել, թէ մեր հա­մայն­քի դպրոց­նե­րը լիո­վին կը կա­տա­րեն ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւ ա­պա­գայ քա­ղա­քա­ցին պատ­րաս­տե­լու ա­մուր հի­մե­րը կը հաս­տա­տեն իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դիի հո­գեմ­տա­ւոր կազ­մո­ւած­քին մէջ։
­­Կաս­կա­ծէ դուրս է, թէ այ­սօր մենք ու­նինք հա­մալ­սա­րա­նա­կան եւ հա­մալ­սա­րա­նա­ւարտ հսկայ փա­ղանգ մը, որ թէ՛ ու­սու­մով, թէ՛ հետզհե­տէ նո­ւա­ճող կեան­քի փոր­ձա­ռու­թեամբ, սքան­չե­լի սե­րունդ­ներ կը կազ­մեն` հպար­տու­թիւն պատ­ճա­ռե­լով բո­լո­րիս։ Այս կը նշա­նա­կէ թէ ա­նոնք, նախ գի­տա­կան պա­շար­նե­րու տէր կը դառ­նան, ա­պա կեան­քի մէջ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու կը հաս­նին, ցոյց տա­լով հա­յու ստեղ­ծա­գործ եւ շի­նա­րար ո­գին, որ դա­րե­րու ընդ­մէ­ջէն մեր ցե­ղը կը յատ­կան­շէ։

Այս բո­լոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն դի­մաց, ե­կէ՛ք պահ մը մտա­ծենք, թէ որ­քա­նով մենք բո­լորս, ա­նոնք ո­րոնք հա­մայն­քա­յին կեան­քին մէջ դեր եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ ստանձ­նած ենք, կրնանք այս տղոց ներգ­րա­ւել մեր կազ­մա­կերպ կեան­քէն ներս։ Ան­կաս­կած, ա­նոնց մէջ պի­տի գտնենք Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան գոր­ծուն ան­դամ­ներ, սկաու­տա­կան եւ մշա­կու­թա­յին մեր կա­ռոյց­նե­րէն ներս ժրա­ջան ծա­ռա­յող­ներ։ ­­Սա­կայն, գո­յու­թիւն ու­նի զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով հե­ռու մնա­ցած­նե­րու մաս մը, ո­րոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հա­մայն­քա­յին կեան­քին մէջ պէտք է ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի դառ­նայ ու քա­ջա­լե­րո­ւի։ Ա­նոնք եւս, բա­ցա­ռիկ ար­ժէք­նե­րու եւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու տէր ան­ձեր են, ո­րոնց հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սու­մը, գի­տա­կան մօ­տե­ցու­մը, աշ­խա­տե­լու ու­նա­կու­թիւ­նը մե­ծա­պէս կրնան նպաս­տել մեր հա­մայն­քի բազ­մա­շերտ գոր­ծու­նէու­թեան ընդ­լայն­ման եւ յա­րա­տեւ­ման։

Այ­լեւս, պեր­ճան­քը չու­նինք մտա­ծե­լու թէ ու­ժե­րը բա­ւա­րար են։ Այ­սօր իսկ, մենք պար­տա­ւոր ենք գլուխ ծռե­լու մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան վրայ, յատ­կա­պէս ա­նոնց վրայ, ո­րոնք շատ քիչ կամ բնաւ չեն վա­յե­լած կազ­մա­կերպ մեր կեան­քին մէջ ըլ­լա­լու եւ գոր­ծե­լու բա­րիք­նե­րը։ ­­Պէտք է ստեղ­ծենք այն բո­լոր պայ­ման­նե­րը՝ ան­հա­տա­կան կա­պե­րով, ըն­կե­րա­յին մօ­տե­ցու­մով, հա­մա­ցան­ցին եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ ա­նոնց հետ կա­պի մէջ մտնե­լով, որ­պէս­զի մեր ու­սա­նող­նե­րը դառ­նան ան­բա­ժա­նե­լի մաս­նի­կը մեր ընդ­հան­րա­ցած ըն­տա­նի­քին ու հայ­կա­կան օ­ճա­խին։

­­Բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն՝ մեր սի­րե­լի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­պա­գայ ու­սում­նա­կան կեան­քին։ ­­Յու­նա­հայ հա­մայն­քի դռնե­րը միշտ բաց են ա­նոնց առ­ջեւ։

«Ա­զատ Օր»