Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայ Օգնութեան Միութեան 72-րդ Համահայկական Պատգամաւորական Ժողովը որ Հոկտեմբեր 7էն սկսեալ կը գումարուի Գանատայի Մոնթրէալի քաղաքին մէջ, մասնակցութեամբ 71 պատգամաւորներու եւ ժողովականներու որոնք եկած են 21 երկիրներէ, զօրակցութիւն կը յայտնէ Սուրիահայ Ժողովուրդին որ այս օրերուն Թուրքիոյ կողմէ ռազմական գործողութիւններու թիրախ կը հանդիսանայ:
Դժբախտաբար, Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք գտնուող Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տէրիքի մէջ, վերջին օրերուն վեց հարիւր հայ ընտանիքներէն շատեր ստիպողաբար իրենց բնակարաններէն փախուստ տուած են խուսաբելու համար ստեղծուած արհաւիրքէն:
Ահազանգային վիճակի մէջ գտնուող Սուրիահայութեան օժանդակութիւն ապահովելը այսօր դարձեալ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ եւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը այս կոչով շարժման մէջ կը դնէ իր բոլոր միաւորները ճակատագրական այս օրերուն օգնութեան ձեռք մեկնելով Սուրիահայութեան, որպէսզի անոնք զգան համազգային տարողութեամբ հայութեան միահամուռ կեցուածքը իրենց կողքին:
Ժողովս մտահոգուած մեր հայրենակիցներու ապահովութեամբ, կը դատապարտէ անմարդկային անօրինական արարքները:
ՀՕՄ-Ի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 72ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Հոկտեմբեր 11, 2019
Մոնթրէալ, Գանատա