|
Փոխարժեքներ
28 10 2025
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 382.7 |
| EUR | ⚊ | € 445.5 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.814 |
| GBP | ⚊ | £ 510.64 |
| GEL | ⚊ | ₾ 140.8 |
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբին հինգշաբթի, 25 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ վարչութիւններու միջդիւանական սեմինարը, «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ճիւնիի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերու վարչութիւններու դիւաններուն:
Շրջանային վարչութեան բարի գալուստի խօսքէն ետք, ատենադպիր Հայկ Թապաքեան ներկայացուց ատենադպիրին ու ատենապետին պարտականութիւնները, իսկ Շրջանային վարչութեան գանձապահ Սիլվա Սաղրեան` հաշուապահական գործունէութեան կարեւորութիւնն ու աշխատելաձեւը:
Դադարէն ետք տեղի ունեցաւ կանոնագիրի ու ժողովական կեանքի կարեւորութեան նիւթով դասախօսութիւնը, որ ներկայացուց Շրջանային վարչութեան անդամ Յակոբ Չպլաքեան: Այնուհետեւ յանձնախումբը ներկայացուց հիմնական գիտելիքներ ու գործնական աշխատանքներ` հեզասահ դարձնելու համար մասնաճիւղերուն գործունէութիւնը:
Օրակարգի վերջին կէտով ներկաները լուսաբանական հարցումներով ու շինիչ առաջարկներով իրենց պատկերացումները ներկայացուցին:
Շրջանային վարչութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ իր շրջանի կազմակերպական վիճակին` աւելի եւս ամրագրելու միութեան կազմակերպական գործունէութիւնը, որպէսզի նոյն թափով եւ յաւելեալ բծախնդրութեամբ մօտենանք ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան երկրորդ 100-ամեակին: