կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-04-09 15:30
Քաղաքական

Սաուդյան Արաբիայի դեսպանն այցելել է Անթիլիասի կաթողիկոսարան և հարգանքի տուրք մատուցել 1.5 միլիոն Սուրբ Նահատակների հիշատակին

Սաուդյան Արաբիայի դեսպանն այցելել է Անթիլիասի կաթողիկոսարան և հարգանքի տուրք մատուցել 1.5 միլիոն Սուրբ Նահատակների հիշատակին

Այսօր, 9 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի աննախընթաց եւ յատկանշական քայլով մը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ եւ Հայոց ցեղասպանութեան մատուռին մէջ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց  մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին։ Ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան։

Վեհափառ հայրապետը ողջունեց հիւրը ու անոր` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն այցելութիւնը եւ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ հայ ժողովուրդը 7-րդ դարէն ի վեր միշտ անմիջական եւ դրացիական յարաբերութեան մէջ եղած է իսլամութեան եւ իսլամներուն հետ՝ թէ՛արաբական աշխարհին մէջ, եւ թէ՛ հետագային Օսմանեան կայսրութեան մէջ։

Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին եւ Հայց. եկեղեցւոյ երկարատեւ ու դրական յարաբերութեան` իսլամութեան եւ արաբ ժողովուրդին հետ։

Վեհափառը յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ գործակցութեան եւ երկխօսութեան մէջ եղած է արաբ եւ իսլամ ժողովուրդին հետ` թէ՛ միջազգային մակարդակի վրայ, եւ թէ՛ տարածաշրջանին մէջ, ի մասնաւորի` իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան բնագաւառին մէջ։

Կաթողիկոսը մատնանշեց, որ հայ համայնքը` իբրեւ Լիբանանի 7-րդ կարեւորագոյն համայնքներէն մէկը, միշտ աշխատած է եւ կողմնակից եղած է իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան եւ գործակցութեան, եւ այս առիթով գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ՝ շրջանին ժողովուրդներուն բացուելու հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը։

Ապա խօսք առաւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին եւ հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը այս երկրի հիմնասիւներէն է, եւ որ` պատմութիւնը չի կրնար մոռնալ անոր դերն ու առաքելութիւնը` իբրեւ հոմանիշ ազգային միասնականութեան եւ համակեցութեան։

Ան դիտել տուաւ, որ այս այցելութիւնը դրսեւորումն է արդար դատերուն Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան եւ անոր կառչածութիւնը` արդարադատութեան, չափաւորականութեան եւ մարդկութեան։  Այնպէս, ինչպէս Աստուծոյ կողմէ առաքուածները քարոզեցին` սկզբունքայնութիւն եւ արժէքներու նկատմամբ յարգանք։

«Ազնուական, առատաձեռն ու խիզախ հայ ժողովուրդը կրցաւ իր Դատը կենդանի պահել իրաւունքի, կեանքի, արդարութեան եւ բիւրեղութեան նկատմամբ սէր ունեցող բոլոր ժողովուրդներուն մէջ։ Հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ մեծ անարդարութիւններու, հալածանքներու, սակայն երբեք չյուսահատեցաւ, չնահանջեց, այլ զայն կարելի է տեսնել  ստեղծագործական եւ արդիւնաբերական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ` ամբողջ աշխարհի տարածքին», ըսաւ դեսպանը։ Անոր համաձայն, երկնային կրօնները երբեք չեն ճանչնար անարդարութիւնը։

«Այսօր ես հոս կը գտնուիմ արտայայտելու ձեզի նկատմամբ մեր ունեցած մեծ գնահատանքը եւ ձեզմով` մեր հպարտութիւնը, ինչպէս նաեւ ձեզի հետ բարեկամական, իրարու բացուելու եւ մէկզմէկու հանդիպելու աւելի մեծ առիթներու ակնկալութեամբ` արդարութեան, իրաւունքի, հաւասարակշռութեան եւ չափաւորականութեան հիման վրայ», եզրափակեց դեսպանը։