Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 390.14 |
EUR | ⚊ | € 409.14 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.75 |
GBP | ⚊ | £ 490.8 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.52 |
Դաշնակցական մտավորական, հրապարակախոս Վաչէ Բրուտեանը ֆեյսբուքի իր էջում գրել է.
«Անցնող շաբթուան ընթացքին, Հայաստանի մէջ.- Վարչապետն ու ԱԺ-ի նախագահը իրենց լուացքի մեքենայով ու հեռատեսիլով զբաղեցուցին հանրութիւնը։
Վարչապետը «բացումը» կատարեց Երեւան-Գիւմրի արագ գնացքին, որուն բացումը արդէն իսկ կատարուած էր տարի մը առաջ (թերեւս քիչ մըն ալ աւելի, կամ պակաս) նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ...
ԱԺ-ի յանձնաժողովներէն մէկուն ընթացքին ներս կը հրաւիրուի եւ բեմ կը տրամադրուի օրակարգէն դուրս, օրակարգին հետ բնաւ կապ չունեցող խօսքի մը համար (անկախ խօսողին սեռային ճաշակէն), դուռ բանալով համարժէք հակազդեցութեան։
Հայաստանի գործատուներու միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեան վարչապետին կ՛այցելէ «գործարարներու» պատուիրակութեամբ մը, եւ կը խօսուի Հայաստանի մէջ (կիսա)առասպելական գումարներով ներդրումներու մասին։ Չհասկցանք, թէ որո՞նք էին այդ «գործարարները». պաշտօնական լրատուութեան մէջ ոչ անունի հանդիպեցանք, ոչ ալ իւրաքանչիւրին գործարարական ծիրին կամ բնագաւառին մասին որեւէ տեղեկութեան։
Այսպէս, մեր հանրութիւնը կը տուայտի իշխանական օղակներէն սնուցուող ու այս մակարդակի «շօ»-երով, փոխադարձ անարգանքներու, հայհոյանքներու, ծաղրանքի՝ ասելի ու անասելի ածականներով հանդերձ։
Մէկ խօսքով՝ անհիմն լուրերու եւ կեղծ քարոզչութեան բերումով մտահոգիչ պառակտուածութեան լայն պաստառ մը կը պարզուի մեր դիմաց։
ՄԻՆՉԴԵՌ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ.- Նախագահը, փոխնախագահն ու պաշտպանական համակարգի ղեկավար Զաքիր Հասանովը ֆիզիքական սպառնալիքներ կը տեղացնեն Հայաստանի ու հայութեան հասցէին։ Հասանովը մինչեւ իսկ կը սպառնայ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին հետ «հանդիպիլ»... Երեւանի՛ մէջ։
Այս երկու հակասական պատկերները իրականութիւն են։ Առաջին հերթին ՀՀ իշխանութիւննե՛րն են, որոնք պիտի գիտնան սանձել իրենք զիրենք, որպէսզի կարելի ըլլայ ազգային հաւաքական կամք ստեղծել։ Իսկ եթէ իրենք չեն կրնար (կամ չեն ուզեր) այդ կամքի ստեղծումն ու ամրապնդումը, գէթ թող չխանգարեն այդ գործին լծուած ուժերուն գործը։
Պահը լրջութիւն կը թելադրէ պարոնա՛յք իշխանաւորներ։
Յ. Գ.- Ոչ ոք թող փորձէ համակրանք կամ հակակրանք տեսնել այս միտքերուն ետին»։