Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը` aztagdaily
Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց` ԱՌԻ ընկերակցութեան հրաւէրով, երեքշաբթի Լիբանան ժամանեց Արցախէն ժամանած պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար Լեւոն Գրիգորեան, նախարարի խորհրդական Տիգրան Նաճարեան, Մարտակերտի եւ Կովսականի քաղաքապետներ Միշա Գիւրճեան ու Ռազմիկ Մարգարեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահագն Տատայեան:
Լիբանան այցելութեան առաջին օրը, երէկ, պատուիրակութիւնը այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեան եւ հանրապետութեան Լիբանանի գրասենեակի գործավար Պետօ Տեմիրճեան:
Դեսպան Մկրտչեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան գործունէութիւնը: Քննարկուեցան լիբանանահայութեան եւ Արցախի միջեւ համագործակցութեան հաւանական ծրագիրները:
Դեսպան Մկրտչեան յայտնեց, որ կը նախատեսուի առնել այնպիսի քայլեր, որոնք աւելի եւս կը զարգացնեն առեւտրական եւ տնտեսական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ապա, պատուիրակութիւնը այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ «Վանայ Ձայն»-էն հարցազրոյցներ ունեցաւ Արցախի տնտեսութեան, Մարտակերտ եւ Կովսական քաղաքներու այսօրուան իրավիճակին եւ զարգացման հեռանկարներուն շուրջ:
Այնուհետեւ, Արցախէն ժամանած պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց երեսփոխան Բագրատունիի վերընտրութիւնը եւ անոր փոխանցեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի շնորհաւորութիւնները: Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ քննարկելու նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութեան Արցախի պետութեան ամրապնդման եւ տնտեսութեան զարգացման համար ցարդ ի գործ դրած ճիգերը եւ ապագայի հեռանկարները:
Կէսօրին, պատուիրակութիւնը այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն եւ մօտէն ծանօթացաւ կեդրոնի զանազան բաժանմունքներու աշխատանքներուն, «Սեդա Ճոմպալաքեան-Քերոբեան սրտի ճաշարան»-ին եւ ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու ժողովրդանուէր ծառայութիւններուն:
Այցելութեան աւարտին, պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հետ եւ ծանօթացաւ Արցախի ի նպաստ բարեսիրական այս մեծ միութեան կատարած աշխատանքներուն: Տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: Այս առիթով, նախարար Լեւոն Գրիգորեան իր տպաւորութիւնները արձանագրեց ԼՕԽ-ի ոսկեմատեանին մէջ:
Կէսօրէ ետք, պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ ԱՌԻ ընկերակցութեան հանդիպումին, որմէ ետք Պէյրութ կեցութեան երկրորդ օրը եզրափակեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութեամբ:
Այսօր, պատուիրակութիւնը կը շարունակէ լիբանանահայ ազգային կառոյցներ իր այցելութիւններուն շարքը եւ կէսօրին, Մարտակերտի քաղաքապետը Պուրճ Համուտի քաղաքապետին հետ կը ստորագրէ զոյգ քաղաքները քոյր քաղաքներ հռչակելու յուշագիր մը: Վաղը, Կովսականի քաղաքապետը, իր կարգին, նմանօրինակ յուշագիր մը կը ստորագրէ Այնճարի քաղաքապետին հետ, Այնճարն ու Կովսականը հռչակելով քոյր քաղաքներ: