|
Փոխարժեքներ
23 10 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 361.14 |
| EUR | ⚊ | € 404.33 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.4868 |
| GBP | ⚊ | £ 482.99 |
| GEL | ⚊ | ₾ 139.11 |
aztagdaily.com - Իրանի սահմանապահ ուժերու հրամանատար դերգնդապետ Քասեմ Ռիտայի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եզերապահ ուժերու հրամանատար դերգնդապետ Ալի Մոհամետ Սալեհ Ահպապի ստորագրեցին յարաբերութիւններու եւ սահմաններու անվտանգութեան ամրապնդման փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութիւն մը:
Ռիտայի յայտնեց. «Այսօր գումարուեցաւ գործնական ժողով մը` Իրանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ սահմաններուն շուրջ համակարգում կատարելու համար, եւ բարեբախտաբար ժողովը յանգեցաւ սահմանային գործակցութեան ամրապնդման շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութեան ստորագրութեան»:
«Երկու երկիրներուն միջեւ ամէն տարի Թեհրանի եւ Ապու Տապիի մէջ կանոնաւոր ժողովներ կը գումարուին, եւ ամէն վեց ամիս անգամ մը` երկու կողմերուն հրաւէրով սահմանային շրջաններէն մէկուն մէջ, եւ եթէ «սահմանային հրատապ» որոշում մը որդեգրուի` հաղորդակցութեան ցանցերու կամ ժողովի գումարման ճամբով համակարգում կը կատարուի», նշեց ան:
«Այս ժողովները կը նպաստեն գործակցութեան եւ սահմանային անվտանգութեան ամրապնդման, սահմաններուն միջեւ օրինական երթեւեկի եւ ձկնորսներուն դիւրութիւններ կ՛ապահովեն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն անվտանգութիւնն ու հանդարտութիւնը ոտնահարել փորձողներու դիմակայման կ՛օժանդակեն», ըսաւ Ռիտայի:
Ահպապի իր կարգին նշեց. «Սահմանին վերաբերեալ փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութեան ստորագրումը դրական քայլ մըն է, որ կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանի անվտանգութեան, սահմանի հսկողութեան եւ երթեւեկի դիւրացման»: