|
Փոխարժեքներ
14 11 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 360.54 |
| EUR | ⚊ | € 398.4 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.3927 |
| GBP | ⚊ | £ 476.81 |
| GEL | ⚊ | ₾ 138.94 |
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն եւ շրջանիս բոլոր ընկերները յարգանքով կը խոնարհին հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու առաքելութեան ընթացքին նահատակուած հերոս զինուորին՝ Արմէն Յովհաննիսեանի յիշատակին առջեւ:
Խստիւ դատապարտելով ատրոպէյճանական սադրիչ գործողութիւնները՝ մենք կը վերահաստատենք մեր անվերապահ զօրակցութիւնը հայրենիքի պաշտպանութեան երաշխաւոր հայոց բանակին:
Դաշնակցութեան համար հայրենի հողի պաշտպանութեան ի խնդիր գերագոյն զոհողութիւնը բարձրագոյն արժէք է եւ Արմէն Յովհաննիսեանը այդ արժէքին կրողը ըլլալու ապացոյցը տուաւ իր խիզախութեամբ, իր կեանքով:
Յարգենք մեր նահատակ հերոսին յիշատակը: Այս Կիրակի, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի հերոսի հոգւոյն համար, որմէ անմիջապէս ետք, եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող խաչքարին առջեւ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հաւաք:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ