Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Բոստոնում Սուրբ պատարագ է մատուցվել, ի պատիվ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի՝ ճաշկերույթ մատուցվել, Տեր և Տիկին Աֆեյանները պարգևատրվել են։ Այդ մասին հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսության մամուլի ծառայությունից․
«Հոգեւորական ըլլալ կը նշանակէ ծառայել, եւ եկեղեցի ըլլալ կը նշանակէ ծառայական ներկայութիւն դառնալ հաւատացեալներու կեանքին մէջ» — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Այս շեշտաւորումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Պոսթընի հայութեան, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, որ մատուցուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի ձեռամբ, Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2024-ին:
Պոսթընէն եւ շրջակայից արուարձաններէն հայորդիներ հոծ բազմութեամբ ներկայ էին՝ մասնակցելու Սուրբ Պատարագին, լսելու պատգամը Հայրապետին եւ ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը:
Իր պատգամի սկզբնաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատանքով ողջունեց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը, ինչպէս նաեւ հոգեւորականաց դասը, ազգային վարչութիւնը եւ հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւնները՝ անոնց ցուցաբերած խանդավառ ու բեղուն ծառայութեան համար: Ապա, Նորին Սրբութիւնը յատուկ կերպով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ ու եկեղեցականին առաքելութեան՝ շեշտելով անոնց ծառայական ներդրումը համայնքի կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, թէ հոգեւորականները իրենց ծառայական կեանքով կ՚արժեւորեն իրենց առաքելութիւնը: Հոգեւորականին փառքը կը կայանայ ծառայութեան մէջ: Հայ եկեղեցւոյ հոգեւորական ըլլալ կը նշանակէ ծառայել, եւ եկեղեցի ըլլալ կը նշանակէ ծառայական ներկայութիւն դառնալ հաւատացեալի կեանքին մէջ: Այս առիթով, Հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Սուրբ ստեփանոս եկեղեցւոյ նախկին հովիւ Արժ. Տ. Անդրանիկ Աւ. Քհնյ. Պալճեանի յիսնամեայ ծառայութեան՝ ըսելով, թէ տէր հայրը իր ծառայական ոգիով ներշնչած է սերունդներ ու զանոնք պատրաստած եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան համար. ան իր առաքելութիւնը կատարած է խստապահանջութեամբ ու գիտակցութեամբ: Ուստի, բարձրօրէն կը գնահատենք քահանայ հօր հովուական երկարամեայ ծառայութիւնը:
Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր Յովհաննու Աւետարանին հետեւեալ տողը՝ «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 14.6): Յայտնենք, որ ան նախորդ Կիրակի խօսած էր «կեանք» բառին քրիստոնէական հասկացողութեան մասին, իսկ այս Կիրակի ան կեդրոնացաւ «ճամբայ» բառին վրայ: Ան ըսաւ, թէ ճամբայ կը նշանակէ մեկնարկ, ընթացք եւ նպատակ: Աշխարհին բացած ճամբաները այլազան են եւ դարձդարձիկ. անոնք մարդ արարածը կ՚առաջնորդեն դէպի ժամանակաւոր իրագործումներ եւ երբեմն՝ խաւար կայաններ: Քրիստոս, իր մարդեղութեամբ, մարդուն դիմաց բացաւ ճշմարիտ ազատութեան, մարդուն հարազատ էութեան վերադարձին, իսկական սիրոյ եւ Աստուծոյ թագաւորութեան ճամբան:
Նորին Սուրբ Օծութիւնը շարունակելով իր պատգամը՝ յիշեցուց, որ Աւետարանը յստակ կերպով կը պարզէ, թէ Քրիստոս իր կեանքով ու հրաշքներով ցոյց տուաւ մարդը պայծառակերպող ճամբան: Այդ ճամբան կեանքի ու փրկութեան ճամբան է, եւ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած անձը պէտք է քալէ այդ ճամբէն: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով մեր ազգին դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ ըսաւ, որ պատմութեան ընթացքին յաճախ խաւարը փորձած է տիրապետող ներկայութիւն դառնալ մեր կեանքին մէջ, սակայն Քրիստոսի ոտնահետքերուն հետեւելով՝ մենք կարողացած ենք խաւարը վանել մեր կեանքէն, յաղթել խաւարին տիրապետութեան եւ մեր կեանքը Քրիստոսով պայծառակերպել: Այսօր եւս նոյն հաւատքով ու գիտակցութեամբ պէտք է ապրինք մեր կեանքը՝ զայն շաղախելով Քրիստոսի բերած արժէքներով, շեշտեց Վեհափառ Կաթողիկոսը:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան խորան բարձրացուց Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութեան յատուկ առիթով եկեղեցի բերուած Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի սրբազան մասունքը, որմով Նորին Սրբութիւնը օրհնեց ժողովուրդը։
— — — — —
Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2024-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշկերոյթի ընթացքին, յանուն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան: Նախ, ան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ հովուապետական օրհնաբեր այցելութեան համար, եւ Պոսթընի հայութեան թարգմանը հանդիսանալով՝ հայր սուրբը յայտնեց, թէ Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը հոգեւոր խանդավառութեան եւ վերանորոգութեան առիթ հանդիսացաւ շրջանէն ներս:
Ճաշկերոյթի ընթացքին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները հայ ասմունքով ու երգով ճոխացուած հակիրճ յայտագիր մը ներկայացուցին:
Ճաշկերոյթի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական յորդորը ուղղեց ներկաներուն: Ան իր խօսքին սկիզբը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ժամանակակից աշխարհը՝ զայն բնորոշելով արմատական ու յեղափոխական փոփոխութիւններով լեցուն աշխարհ մը, ընկերութեան բոլոր բնագաւառներէն ներս: Ապա, Հայրապետը մանրամասնելով յիշեալ փոփոխութիւնները՝ յայտնեց անոնց անդրադարձը հայ կեանքին վրայ: Մասնաւորելով իր խօսքը Սփիւռքի ներկայ կացութեան շուրջ՝ Վեհափառ Կաթողիկոսը շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպումին հրամայականը՝ իր պատկերացումը ներկայացնելով չորս հիմնական կէտերու մէջ.- ինքնութիւն, գաղութներու վերակազմակերպում, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց ամրապնդում եւ երիտասարդներու մասնակցութիւն հայ կեանքին մէջ:
Ջերմ ծափողջոյններով ընդունուեցաւ Նորին Սրբութեան խօսքը, որ, ինչպէս միշտ, կատարուեցաւ անգլերէն լեզուով, նկատի ունենալով ամերիկածին երիտասարդութեան ներկայութիւնը:
— — — — —
Ճաշկերոյթի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկեան Իշխան շքաշնանով պարգեւատրեց Նուպար Աֆէեանը: Վերջինս խօսք առնելով՝ յիշեց իր անցեալը, Լիբանանը եւ Պոսթընի մէջ տարած աշխատանքը հայ կեանքէն ներս: Յայտնենք, որ Աֆէեան զոյգը բարերար հանդիսացած է Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի մէկ շէնքին եւ զանազան պատասխանատուութիւններ ստանձնած է գաղութէն ներս:
Ճաշկերոյթէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց Նուպար Աֆէեանի այցելութիւնը: Երկար հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Նուպար Աֆէեան Նորին Սրբութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ նպաստելու Սփիւռքի վերակազմակերպման առնչուած ծրագիրներուն՝ կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներէ ներս»,- նշվում է հաղորդագրության մեջ։