կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-05-28 09:07
Սփյուռք

Անհոգութիւն՝ որ համազօր է ոճիրի

Անհոգութիւն՝ որ համազօր է ոճիրի

Օրերէ ի վեր, ամէն հայ ինքզինք կը գտնէ մահացու ապշութեան մը գերիրական ոլորտին մէջ, ուր խախտած կը թուին ըլլալ տիեզերական կշիռները և տրամաբանութիւնը՝ ենթակա՛յ այլանդակ շրջադարձերու։

Յանկարծ սահմանային բարձունքներուն վրայ ամրացած հայ սահմանապահները հրահանգ կ՚ըստանան քաշուելու իրենց այդ նպաստաւոր դիրքերէն և տեղաւորուելու ստորոտային գօտիին մէջ և յամենայն դէպս չկրակելու թշնամի ուժերուն վրայ։ Զուգահեռաբար թշնամի ուժերը հրահանգ կ՚ըստանան յառաջանալու և գրաւելու մեր տարածքային ամբողջականութեան մաս կազմող այս ռազմավարական դիրքերը և իրենց յառաջխաղացքը շարունակելու մինչև որ հանդիպին հայ սահմանապահներու…

Երկու օր ետք, հայ սահմանապահները կ՚ըստանան նոր հրահանգ «վերանուաճելու» թշնամիին յանձնուած բարձունքները, բայց՝ առա՛նց կրակելու թշնամիին վրայ…Թշնամին ապշած կը դիտէ հայ սահմանապահներու այս եղերազաւեշտական գործողութիւնը, բայց ի վերջոյ կ՚անդրադառանայ, որ թատրոն չէ բեմադրուածը…և կը կրակէ։ Հետևա՞նքը։ Երկու հայ զինուորներ զոհ կ՚երթան այս գործողութեան։

Եւ յանկարծ՝

Փաշինեանի իշխանութեան մամլոյ հաղորդագրութիւնը, որ կ՚ըսէ.

«Մայիսի 27-ի վաղ առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածում, ՀՀ Զինեալ Ուժերու N զօրամասի պահպանութեան տարածքում ինժեներական աշխատանքներ կատարելիս, ադրբեջանական զինուած ուժերի զինծառայողների կողմից շրջափակուել և գերեվարուել է ՀՀ Զինեալ Ուժերու վեց զինծառայող։
Ձեռնարկւում են անհրաժեշտ միջոցառումներ՝ գերեվարուած զինծառայողներին վերադարձնելու ուղղութեամբ։»

Պա՛րզ է։ Թշնամիի գիտակցութիւնը վաղուց կորսնցուցած Փաշինեանական այս ժխորը իրաւունք չունի այլևս իր ձեռքերուն մէջ պահելու հայ անկախ պետականութեան ղեկը։ Հանրութիւնը իրաւունք չունի այլևս համբերելու և ընդունելու գոյութենական և բարոյական այս զանգուածային գահավէժը։ Մենք իրաւունք չունինք հանրութեան պարտադրելու այս խելակորոյս ջրապտոյտը։ ՀՀ Սահմանադրութիւնը չէ ստեղծուած ՀՀ քաղաքացին անբանացնելու, զայն իր կենսական ողջախոհութեան զէնքերէն զրկելու, զայն ինքնիր ձեռքով ստրկացնելու համար։ ՀՀ Սահմանադրութիւնը ստեղծուած է ՀՀ քաղաքացին ոգեզինելու, զայն ազատագրելու, զայն նորանոր նուաճումներու առաջնորդելու։ Մեր երկրի օրէնքներու օրէնքը, իր տառով և ոգիով, այսօր կը պահանջէ, որ Նիկոլ Փաշինեան կոչուող թիւրիմացութիւնը անմիջապէս դուրս դրուի իշխանութենէ։ Մեծագոյն անհեթեթութիւնը պիտի ըլլայ, եթէ արտահերթ ընտրութիւններու ներկայ գործընթացը ծառայէ հանրութիւնը անշարժութեան դատապարտելու…և մեր անկախ պետականութիւնը՝ մահուա՛ն։

Բոլոր երևոյթները արդէն ցոյց կու տան, որ արտահերթ ընտրութիւններու գործընթացը դարձած է գործիք թշնամիի ձեռքին։ Ան դարձած է գործիք ստեղծուած քաղաքական պարապութիւնը (vacuum) ի նպաստ թշնամիի օրակարգին ուղղորդելու։ Եւ անշուշտ կասկած պէտք չէ ունենալ, որ պարտութեան վարչակարգը այսօր լաւագոյն գործիքն է մեր երկրին պարտադրուած պարտութիւնը մշտնջենաւորելու։

Հետևաբար՝ դո՛ւրս։ Այս վարչակարգը՝ անմիջապէս դո՛ւրս։ Դո՛ւրս՝ առանց այլևայլի։ Վաղն իսկ պէտք է վար բերուի այս ինքնակոչ իշխանաւորը Վարչապետի Պաշտօնակատարի դիրքերէն և յանձուի արդարադատութեան։

Ուշացումը կրնայ ճակատագրական ըլլալ մեր երկրին համար։ Կանխե՛լ վտանգը ամէն գնով։ Կասեցնել չարի՛քը։ Կասեցնել պարտութեան և անձնատւութեան նոր համաձայնագրի մը վերջնականացո՛ւմը։ Անյապաղ վերջ տալ մեր երկրի անվտանգութեան սպառնացող այս դժխեմ եղեռնագործութեան։

Կարօ Արմենեան
Մայիս 27, 2021