կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-03 11:15
Սփյուռք

Առաքելութիւն

Առաքելութիւն

Ճեմարանը, ճեմարանականներուս ջախջախիչ մեծամասնութեան համար եղած է այնքան հոգեհարազատ հաստատութիւն մը, որ անձնապէս երբեք չէի մտածած, թէ ի՛նչն է, որ զայն վերածած է «Մեր բոլորիս դուն ուխտավայր»-ի, վա՞յրը, շէնքե՞րը, ընկերական մթնոլո՞րտը, աննման ուսուցիչնե՞րը:

Յստակ է, թէ ընդհանրապէս ամէն դպրոց իր շրջապատին համեմատ նկատելի գեղեցկութիւն մը կ՛ունենայ, հոն անպայման կան իրենց կոչումին արժանի դաստիարակներ, որոնք սերունդներ կ'ոգեւորեն, բնականաբար ընկերական մթնոլորտ կը ստեղծուի դպրոցական մանուկներու եւ պատանիներու միջեւ, զուարճալի դէպքեր տեղի կ՛ունենան, անմոռանալի յիշատակներ կը ստեղծուին եւ հոն ծնունդ կ՛առնեն ամբողջ կեանք մը տեւող մտերմութիւններ: Ուրեմն Ճեմարանի պարագային ի՞նչն է տարբեր, արդեօք այդ դպրոցը յաճախողնե՞րը՝ իրենց հոգեմտաւոր կազմաւորումով:

Ծառը կը դատեն իր պտուղէն, հետեւաբար հասնելու համար «Ծառի» մասին որոշ եզրակացութեան մը, ակնարկ մը նետեցի ինծի մօտէն կամ հեռուէն ծանօթ ճեմարանականներէ իմ տպաւորութիւններուս: 

Հոս պարտիմ աւելցնել, թէ հայրս եղած է Ճեմարանի գիշերօթիկ սան, Շանթերու, Աղբալեաններու շունչին տակ մեծցած եւ շրջանաւարտ, քաջ  ծանօթ դպրոցի առաջին սերունդներուն, 2 քոյրերս եւ ես՝ յաջորդ սերունդի ճեմարանաւարտներ, հետագային միութենական կեանքի ընդմէջէն միշտ ալ հանդիպած եւ ծանօթացած եմ ճեմարանական նոր սերունդներու ներկայացուցիչներու: 

Տասնամեակներու ընդմէջէն հսկայ փաղանգ մը մտաբերելէ ետք, վերջապէս հասայ այն եզրակացութեան, թէ հակառակ անոր որ հայկական որեւէ հաւաքի ընթացքին կարելի է զանազանել ճեմարանականները, սակայն նոյն ատեն դժուար է գտնել 2 նոյնանման ճեմարանական: 

Փաստօրէն Ճեմարանը ինը տասնամեակներու ընթացքին կաղապարուած սերունդներ չէ որ արտադրած է, այլ հասցուցած է այլազան, բայց երբեք այլամերժ, մտածողութիւններու տէր անհատականութիւններ, անոնք բնականաբար գործած են կեանքի զանազան մարզերու մէջ, շատեր իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են իրենց ասպարէզներուն վրայ, բայց բոլորն ալ ընդհանրապէս չեն գոհացած միայն անձնական յաջողութիւններով, այլ միշտ իրենց ճիտին պարտքը նկատած են հասնիլ իրենց ժողովուրդի պէտքերուն: 

Ճեմարանականները ինչքան ալ տարբեր մտածողութիւններու տէր ըլլան, երբեմն նոյնիսկ իրարու հակասող համոզումներ ունենան, այլազան հետաքրքրութիւններով տարուին, իրենց կեանքի առաջնահերթութիւնները աններդաշնակ ըլլան ընդունուած կարծրատիպի մը, Ճեմարանականը միշտ փարած կը մնայ մարդկային բարձր արժէքներու եւ չի զլանար, իր հասկցած ձեւով, իր նպաստը բերելու հայութեան եւ Հայաստանին:

Իննսուն տարի շարունակ իրագործելով Շանթի, Աղբալեանի, Օհանջանեանի  առաքինի Մարդ եւ տիպար Հայ պատրաստելու տեսլականները՝ Ճեմարանը յաջողած է իր աոաքելութեան մէջ: 

Բարի՛ երթ, Ճեմարա՛ն, դէպի նոր յոբելեաններ, նորանոր յաջողութիւններ, եւ վարձքը կատա՛ր բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերին եւ կը բերեն այս սրբազան գործին:

ՎԱՀԱՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ