կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-06-26 10:40
Հասարակություն

Ուխտավայրը

Ուխտավայրը

Աղբյուրը՝ arfd.am

Ազգային առումով եւ ապագայի հեռանկարով գօտեպնդիչ է որոշումը։ Հայաստանի անկախ պետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշարձանը պիտի կառուցուի եւ տեղադրուի Երեւանի կեդրոնը՝ Հանրապետութիւն հրապարակի մուտքին։

Շատ քիչ են այն ժողովուրդները, որոնք իրենց պատմութեան մէջ հաւաքական լինելութեան ամենէն ճակատագրական պահուն իրենց ծոցէն ծնին հարազատ զաւակ, որ փրկէ թէ ազգը եւ թէ հայրենիքը։ Մեր ժողովուրդը երիցս բախտաւոր է, նաեւ հպարտ եւ երախտաւոր, որ իր չարչարանքներով լի ծոցէն ծնաւ Արամ Մանուկեանը։

Արամը մեր ժողովուրդին հարազատ ծնունդ էր՝ միսը միսէն ու ոսկրը ոսկրէն։ Արամը մեր ազգային ազատագրական պայքարի մարմնացումն էր։ Արամը մեր յեղափոխական խոյանքներու դիմադրականութիւնն էր։ Արամը Երկիր Հայաստանի շրջաններու ինքնապաշտպանութեան ոգին էր։ Արամը հայութեան մնացորդացը ոչնչացնելու նպատակով գերազանց ուժերով արշաւող թրքական բանակը հարուածող բազուկն էր։ Վեց դարերու պետականազուրկ գոյութենէ ետք, մեր ազգային ու անկախ պետութիւնը վերահաստատող կերտիչն էր Արամը։

Այս բոլորի հետ, Արամը Երեւանի պահապանն էր եւ Արարատեան դաշտի փրկարարը։

Արամի յուշարձանը պիտի բարձրանայ Երեւանի կեդրոնը, որպէսզի ի լուր եւ ի տես բոլորին մեր ժողովուրդը, անսալով Արամին կոչին, յայտարարէ.- «Երեւանը չենք դատարկի մինչեւ մեր վերջին կաթիլ արիւնը։» Այդ վճռակամութեամբ, իր լուր եւ ի տես բոլորին, հետեւելով Արամին մեր ժողովուրդը պիտի յայտարարէ նաեւ.- «Հայրենի ազատագրուած հողերը չենք դատարկի մինչեւ մեր վերջին կաթիլ արիւնը։»

Երբ Արամի յուշարձանը խոյանայ շուտով վեր, Արամի ոգին եւ հայեացքը պիտի սեւերին նաեւ դէպի արեւմուտք՝ դէպի Երկիր, յուշելով բոլորին թէ հայրենի բռնագրաւուած հողերը պիտի ազատագրուին։ Որովհետեւ, Արամը նաեւ յոյսի եւ կամքի աղբիւրն է ամբողջական Հայաստանի։

Այս գաղափարներուն եւ իղձերուն, մեր անկատար տենչերուն ուխտավայրը պիտի ըլլայ Արամի կոթողը։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ