կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-12-14 18:34
Քաղաքական

Ձախդարձն անխուսափելի Է

Ձախդարձն անխուսափելի Է

10 դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, երբ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները սկսան հրապարակուիլ, եւ մէջտեղ եկաւ, որ նոր խորհրդարանին մէջ ներկայ պիտի չըլլայ որեւէ ձախակողմեան ուժ, միտքիս մէջ արձագանգեց Ֆրանսայի ընկերվարական նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի հետեւեալ խօսքը. «Կը հաւատամ, որ ապագային ձախը պիտի կերտէ իր յաղթանակը։ Այդ յաղթանակի կերտումը տեղի պիտի ունենայ պայմանով, որ ան մնայ նոյնը, պայմանով, որ ան չմոռնայ, թէ ինք կը պատկանի ձախակողմեան ընտանիքին»:

   Եթէ ուսումնասիրենք Ֆրանսուա Միթերանի խօսքը, խորքին մէջ կը տեսնենք, որ ան կը շեշտէ ձախակողմեան արժէքներուն վրայ եւ կը մերժէ որեւէ շեղում կատարել ձախակողմեան հիմնական արժէքներէն:

Քաղաքականութեան մէջ ընդհանրապէս կան ձախակողմեան ու աջակողմեան կուսակցութիւններ, որոնց ընկերային-տնտեսական ուղղուածութիւններն ու կեցուածքները մէկը միւսէն բաւական կը տարբերին:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն անմիջապէս ետք արդէն, աջակողմեան կուսակցութիւններն էին, որոնք կառավարած են Հայաստանը եւ վարած տնտեսականօրէն ազատական ու ընկերային մակարդակի վրայ պահպանողական քաղաքականութիւններ:

   Տնտեսական ազատականութիւնը եւ ընկերային պահպանողականութիւնը հայաստանեան հասարակական կեանքին մէջ յառաջացուցին անարդարութւններ, հետեւաբար անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ ձախի վերաձեւաւորման:

   1990-ականներուն, ՀՀՇ-ի նոր-ազատական քաղաքականութիւններուն պատճառով սեփականաշնորհուեցան գործարաններն ու հողերը, ստեղծուեցաւ աղքատութիւն եւ անգործութիւն, Հայաստանի տնտեսութիւնը ապաարդիւնաբերականացաւ: Յիշեալ երեւոյթները պատճառ հանդիսացան ընկերային անհաւասարութեան ընդլայնման:

   Այսօր, «Իմ քայլը» դաշինքի տնտեսական քաղաքականութիւնները շատ տարբեր պիտի չըլլան նախկին կառավարութիւններու նոր ազատականութենէն: Արդէն ականատես ենք կենսաթոշակային պարտադիր կուտակային համակարգին, որ սեփականաշնորհեց ընկերային ապահովագրութիւնը եւ զայն յանձնեց անձնական սեփականատիրութեամբ ապահովագրական մեծ ընկերութիւններուն: Բոլորս ալ ականատես ենք հարկային համահարթեցման, ուր հարկային բեռը ամբողջութեամբ ինկած է հասարակ ժողովուրդի վիզին:

 Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, իր ծրագիրի գաղափարաբանական հիմքով եւ իր աւանդներով, իբրեւ ընկերվարական կուսակցութիւն, կը հանդիսանայ հայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ ամէնէն ազդու ձախակողմեան ուժը: Իբրեւ ձախ ուժ, մանաւանդ այսօր, երբ առկայ եւ համաժողովրդային շարժման հետքերը, ան պէտք է առաջնահերթ նկատէ երկրին մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական հարցերը, զանոնք ներառելով իր հիմնական օրակարգերուն մէջ, ինչպէս՝ պարտադիր կուտակայինի ու հարկային համահարթեցման վերացումը, տնտեսութեան վերաարդիւնաբերականացումը, արհեստակցական միութիւններու կազմակերպումը, բնապահպանութեան եւ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ո՛չ միայն պետական մակարդակի վրայ, այլ նաեւ փողոցն ալ՝ մասնակցելով ցոյցերուն կամ համագործակցելով ընկերային-քաղաքացիական շարժումներուն հետ:

Երբ ՀՅԴ-ն առաջնահերթ նկատէ ընկերային-տնտեսական հարցերը եւ իր քարոզարշաւի կարեւոր թիրախներէն դարձնէ երկրին ընկերային անարդարութեան հարցերն ու մասնակիցը դառնայ ընկերային շարժումներուն, այն ժամանակ հայաստանեան քաղաքական կեանքին մէջ ձախդարձ պիտի կատարէ ու ամրապնդէ հականոր-ազատական այլընտրանքը, ինչպէս որ առաջնահերթ կը նկատէ արցախեան հարցը: Ի վերջոյ մեր ազգային-ազատագրական պայքարը եւ ընկերային-տնտեսական ազատագրութիւնը անբաժանելի են իրարմէ:

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Բեյրութ